Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ Այն Թինէ այցելելով երկրորդ օրն ըլլալով հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Յիշեցնենք, որ Հոքշթայն երեքշաբթի օր 2 ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցած էր Պըրրիի հետ:
Ամերիկացի պատուիրակը Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Բանակցութեան մէջ յառաջընթաց արձանագրեցինք, եւ Թել Աւիւ պիտի ուղղուիմ` կարգաւորման հասնելու փորձ կատարելու համար»:
«Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ բանակցութիւններուն մէջ յաւելեալ յառաջընթաց արձանագրեցինք», նշեց Հոքշթայն` աւելցնելով. «Երկու ժամէն պիտի տեղափոխուիմ Իսրայէլ` հասնելու համար վերջնական համաձայնութեան, եթէ կարենանք ատիկա կատարել, եւ բանակցութիւններուն մասին հրապարակաւ պիտի չխօսիմ»:
«Հրապարակաւ բանակցութիւններուն արդիւնքներուն ու կէտերուն մասին պիտի չխօսիմ, սակայն կարելի է ըսել, որ յառաջընթաց արձանագրեցինք, եւ բոլոր հարցերուն մէջ պիտի աշխատինք ամերիկեան նոր վարչակազմին հետ», ըսաւ ան:
Լիբանանցի պաշտօնատար մը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնեց. «Հոքշթայնի Լիբանան երկարատեւ այցելութիւնը կրնայ բանակցութիւններուն արագ քայլերով յառաջ ընթանալուն ցուցանիշ ըլլալ»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ հաղորդեց. «Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն այս գիշեր կը հասնի Թել Աւիւ»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց. «Հոքշթայն այսօր` հինգշաբթի օր հանդիպում պիտի ունենայ (Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին) Նեթանիահուի հետ»: