ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր իրավիճակը` ի տես Իսրայէլի կողմէ կատարուած յարձակումներուն:
Քննարկումի նիւթ դարձաւ յատկապէս զինադուլի նախաձեռնութիւնը: Խորհրդարանի նախագահը վստահեցուց, որ յուսատու տուեալներ ունի հաւանական զինադուլի մը կապակցութեամբ, ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի տրամադրութեանց ամբողջական գործադրութեան հրամայականով եւ Լիբանանի գերիշխանութեան յարգումով:
Արծարծուեցաւ նաեւ գաղթականութեան խնդիրը եւ այդ իմաստով կառավարութեան կատարած նախաձեռնութիւնները:
Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց նաեւ, որ զինադուլի հաստատումէն ետք առիթ կը ստեղծուի համախոհական նախագահի մը ընտրութեան: