Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Ահաբեկեց Մոհամետ Աֆիֆը

Նոյեմբեր 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը երէկ յարձակում գործեց Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի Ռասուլ Նապհ շրջանին մէջ գտնուող շէնքի մը վրայ, ուր կը գտնուէր Պաաս կուսակցութեան կեդրոնատեղին: Կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Հիժազին յարձակումի պահուն շէնքին մէջ չէր գտնուեր:

Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի հանրային կապերու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆն է: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հըզպալլայի հանրային կապերու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆը ահաբեկման գործողութեան թիրախն էր:

Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ալի Հիժազի յայտարարեց, որ նահատակուած է Մոհամետ Աֆիֆը, որ պատահաբար կը գտնուէր Պաաս կուսակցութեան պատկանող շէնքին մէջ: Ան նշեց, որ այս թիրախաւորումներուն նպատակը «Դիմադրութեան ձայնը տեղեկատուական, քաղաքական եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ լռեցնելն է, որովհետեւ այդ ձայնը իր էութիւնը ցոյց կու տայ»:

Հիժազի ըսաւ, որ Աֆիֆ «զէնքով չկռուեցաւ եւ Հըզպալլայի մէջ զինուորական միաւոր մը չղեկավարեց, այլ լրատուական միաւոր մը ղեկավարեց»:

Լիբանանեան ապահովական աղբիւր մը իր կարգին «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Աֆիֆ ահաբեկուած է:

«Սքայ Նիուզ» նշեց. «Կեդրնական Պէյրութի վրայ իսրայէլեան յարձակումը 11 հոկտեմբերէն ի վեր առաջինն էր»:

Միեւնոյն ժամանակ, իսրայէլեան օդուժը երէկ առտուընէ ի վեր աւելի քան 27 յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու տարբեր շրջաններուն վրայ` քանդելով շարք մը շէնքեր: Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ Հարաւային արուարձաններու մէջ «Հըզպալլայի զինուորական կեդրոններ» թիրախաւորած է:

Մէկ օր առաջ իսրայէլեան բանակը Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու վրայ յարձակումներու 4-րդ ալիքի շղթայազերծումը յայտարարած է:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ շարունակեց յարձակումներ գործել հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն վրայ, մասնաւորաբար Սուրի վրայ, իսկ Պեքայի մէջ` Սըհմոր գիւղին վրայ:

Երէկ երեկոյեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Պէյրութի Մար Էլիաս շրջանին մէջ ինքնաշարժի մը վրայ, ինչ որ պատճառ դարձաւ ինքնաշարժի հրկիզման:

Հըզպալլա իր կարգին շաբաթ օր յայտարարեց, որ առաջին անգամ ըլլալով հրթիռակոծած է Հայֆայի հարաւ-արեւելքը գտնուող «Նիշեր» ռազմակայանը, ուր կը գտնուի կազի կայարան մը:

Հըզպալլա նաեւ յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է Հայֆայի մօտ զինուորական ռազմավարական ռազմակայաններ, որոնց շարքին էր Հայֆայի թեքնիք ռազմակայանը, Հայֆայի ծովուժի ռազմակայանը, «Սթելա Մարիս» ռազմակայանը եւ օդուժի «Թիրէ Քարմել» ռազմակայանը:

Կուսակցութիւնը երէկ ալ հրթիռակոծեց «Մաալիէ Կոլանի» զօրանոցը, ինչպէս նաեւ Խիամ գիւղի մերձակայքը հաւաքուած իսրայէլեան ուժերը:

Դիմադրութիւնը ժամը 11:15-ին հրթիռակոծեց Շամահ գիւղին հարաւ-արեւմուտքին մէջ յառաջացած իսրայէլեան ուժեր: Երբ անոնք հասան իրենց դէմ լարուած թակարդի կէտը, Հըզպալլայի մարտիկները «զերօ» հեռաւորութեան վրայ բուռն բախումներ ունեցան անոնց հետ` պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ:

«Մանար» հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը հրետանիի բուռն ռմբակոծման եւ ֆոսֆորային ռումբերու օգտագործումով երէկ առտուընէ փորձած են դէպի Խիամ գիւղի հարաւ եւ արեւելք յառաջանալ:

«Ժազիրա» իր կարգին հաղորդեց. «Խիամ գիւղի հարաւային ծայրամասերուն մէջ Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան»:

Հըզպալլա երէկ յայտարարեց. «Մէկ ամսուան ընթացքին 1349 գործողութիւն կատարեցինք, եւ բռնագրաւումին կորուստները հասան աւելի քան 100 սպաննուածի եւ 100 վիրաւորի»:

 

 

Նախորդը

Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

Յաջորդը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?