Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլան Աշխուժացուց Իսրայէլի Վրայ Իր Յարձակումները

November 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Հըզպալլան աշխուժացուց Իսրայէլի վրայ իր յարձակումները, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքի մը պայթումին պատճառով սպաննուած է իր զինուորներէն մէկը եւ 3 ուրիշներ վիրաւորուած են:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու ընթացքին մէկ օրուան մէջ 11 զինուորներ վիրաւորուած են:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ երէկ առաւօտեան Լիբանանէն 3 անօդաչու թռչող սարքեր ներթափանցած են իսրայէլեան օդային տարածք: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ անօդաչու թռչող սարք մը ինկած է արեւմտեան Գալիլիոյ մէջ գտնուող բանակի ճամբարի մը մէջ, ուր գտնուող հրէական տաճար մը վնասուած է:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ արեւմտեան Գալիլիոյ մէջ հրթիռի մը բեկորներու իյնալուն պատճառով շէնք մը վնասուած է:

Մինչ այդ, իսրայէլեան օդուժը շարունակեց հարաւային Լիբանանի մէջ գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու վրայ իր յարձակումները:

Իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց Հանին, Ժըպպին, Մանսուրի, Տէյր Քանուն եւ Ռաս Էլ Այն գիւղերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Այթիթ, Զըպքին եւ Քանա գիւղերու մերձակայքին վրայ:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ իսրայէլեան ուժերը փորձած են հարաւային Լիբանանի արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող Շամհ գիւղին ուղղութեամբ յառաջանալ` զայն եւ այլ գիւղեր վերահսկողութեան տակ առնելով Նահարիա քաղաքի ու Հայֆայի շրջանին վրայ հրթիռակոծումը թեթեւցնելու նպատակով:

Հըզպալլայի մարտիկները բուռն բախումներ ունեցած են Շամհ գիւղին եւ անոր մերձակայքին մէջ, ինչպէս նաեւ Խիամ քաղաքին ուղղութեամբ յառաջացող իսրայէլեան ուժերու հետ եւ անոնց ստիպած են նահանջել ելման կէտ:

Կուսակցութիւնը նաեւ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեց Խիամ քաղաքի հարաւը գտնուող Համամես շրջանին ու Պաուապեթ Օմրայի մէջ հաւաքուած իսրայէլեան ուժերու վրայ:

Հըզպալլա հրթիռակոծեց Թել Աւիւի արուարձաններուն մէջ գտնուող «Կալիլոթ» հետախուզական ռազմակայանը, ինչպէս նաեւ Հայֆայի եւ Նաթանիայի մէջ երկու ռազմակայաններ:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ հոկտեմբերէն ի վեր իսրայէլեան ուժերուն դէմ 350 գործողութիւններ կատարած է:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը յայտարարեց, որ Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի Պըրժ Մուլուք – Քլէյաա ճամբուն վրայ բանակին մէկ մեքենային վրայ գործած է յարձակում մը, որուն պատճառով նահատակուած է զինուոր մը:

 

Նախորդը

Հոքշթայն. «Բանակցութեան Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրեցինք, Եւ Թել Աւիւ Պիտի Ուղղուիմ` Կարգաւորման Հասնելու Փորձ Կատարելու Համար»

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պատմութեան Անցնելու Համար
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար

January 20, 2026
Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր  Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան  Խորհուրդին Միանալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

January 20, 2026
Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.