Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Բանակցութիւնը Մեզի Համար Յարձակումը Ամբողջութեամբ Դադրեցնելու Եւ Լիբանանեան Գերիշխանութեան Պահպանման Նշաձողի Տակ Է»

Նոյեմբեր 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի նահատակութեան քառասունքին նուիրուած պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլ յարձակում գործեց Զոքաք Էլ Պլաթի, Ռասել Նապհի եւ Մար Էլիասի վրայ, այսինքն` մայրաքաղաք Պէյրութի կեդրոնին վրայ, ուստի պէտք է իր մայրաքաղաք Թել Աւիւի կեդրոնին վրայ յարձակում նախատեսէ: «Կարելի չէ մայրաքաղաք Պէյրութը թշնամիին հարուածներուն տակ ձգել, այլ ատոր գինը պէտք է կեդրոնական Թել Աւիւը վճարէ», ըսաւ ան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց. «Մենք Նասրալլայի ահաբեկումէն առաջ համաձայն գտնուեցանք պատերազմի կասեցման Պայտըն-Մաքրոն առաջարկին»:

«Իսրայէլ չի կրնար մեզ պարտութեան մատնել եւ իր պայմանները մեզի պարտադրել», ըսաւ ան:

Շէյխ Քասեմ ըսաւ, որ իրենք ստացած են զինադադարի ամերիկեան առաջարկը եւ ատոր նկատմամբ իրենց դիտողութիւնները յանձնած:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ իսրայէլեան կողմը կը նախատեսէ համաձայնութեան ճամբով ստանալ այն, որ մարտի դաշտին մէջ չկրցաւ առնել, ինչ որ բացառուած է:

Ան նշեց, որ պիտի չխօսի համաձայնութեան նախագիծին վերաբերեալ Հըզպալլայի դիտողութիւններուն մասին, այլ իրենք առիթ պիտի ընծայեն բանակցութեան շարունակման: «Այժմ հարցը կապուած է իսրայէլացիի պատասխանին եւ Նեթանիահուի լրջութեան: Բանակցութիւնը մեզի համար յարձակումը ամբողջութեամբ դադրեցնելու եւ լիբանանեան գերիշխանութեան պահպանման նշաձողի տակ է», շեշտեց շէյխ Քասեմ:

«Մարտի դաշտին մէջ պիտի մնանք բանակցութիւնները յաջողին կամ ոչ, եւ միայն մէկ որոշում ունինք` տոկալը», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Մենք պիտի կռուինք պաշտպանելու համար Լիբանանը», նշեց շէյխ Քասեմ` խոստանալով. «Յարձակումի աւարտէն անմիջապէս ետք, պետութեան եւ բոլոր ազնիւներուն հետ միասնաբար պիտի կառուցենք»:

«Յարձակումի աւարտէն ետք ամբողջ Լիբանանը աւելի գեղեցիկ ու լաւ պիտի դառնայ: Մեր ներքին քայլերը պիտի ըլլան Թաէֆի համաձայնութեան նշաձողին տակ` գործակցութեամբ քաղաքական ուժերուն, եւ մեր գործօն նպաստը պիտի բերենք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան», յայտնեց շէյխ Քասեմ:

 

 

Նախորդը

Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»

Յաջորդը

Հոքշթայն. «Բանակցութեան Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրեցինք, Եւ Թել Աւիւ Պիտի Ուղղուիմ` Կարգաւորման Հասնելու Փորձ Կատարելու Համար»

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?