Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  1701-ը` Շարքին 8-րդը

Ակնարկ. 1701-ը` Շարքին 8-րդը

Իսրայէլեան պաշտօնական աղբիւրներ յայտարարեցին, որ բանակի 91-րդ խումբը կիրակի գիշեր հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային կեդրոնացած ու որոշակի գործողութիւններու սկսաւ: Հարաւային Լիբանանի ուղղութեամբ նախկին գործողութիւնները առ ի նախապատրաստութիւն ցամաքային ներխուժման կը բնութագրուէին իբրեւ տեղայնական եւ սահմանափակ: Այս պարագային ներխուժում ձեւակերպումը չկայ: Մինչ իսրայէլեան պաշտօնական աղբիւրներ կ՛ազդարարէին իրենց զինեալ ուժերու մուտքը լիբանանեան տարածքներ, Հըզպալլան կը հերքէր լուրը` յայտարարելով, որ կը յաջողի դիմադրել...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան  Ցամաքային «Կեդրոնացած Ու Որոշակի»  Գործողութիւններ

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Ցամաքային «Կեդրոնացած Ու Որոշակի» Գործողութիւններ

Մինչ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի 91-րդ խումբը կիրակի գիշեր հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային «կեդրոնացած ու որոշակի գործողութիւններ» սկսած է, Հըզպալլան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 7:15-ին հրթիռակոծած է Հատիքաթ Մարուն Ռասի մէջ, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պլիտա գիւղի Քալաա բարձունքին վրայ խմբուած իսրայէլեան ուժերը: Հըզպալլա երէկ հրթիռակոծեց Հայֆայի եւ Թիպերիայի մէջ...

Պարրօ. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարի  Ֆրանս-Ամերիկեան Առաջարկը Տակաւին Սեղանի Վրայ Է»

Պարրօ. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարի Ֆրանս-Ամերիկեան Առաջարկը Տակաւին Սեղանի Վրայ Է»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ երէկ Երուսաղէմի մէջ յայտնեց. «Միայն ուժը Իսրայէլի անվտանգութիւնը չ՛երաշխաւորեր»: Ան շեշտեց շրջանին մէջ ընթացող տագնապներուն դիւանագիտական լուծումներ որոնելու կարեւորութիւնը: Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման ֆրանս-ամերիկեան առաջարկը տակաւին սեղանի վրայ է` բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով` շարունակելու կայունութեան հաստատման համար երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնը: Պարրօ յոյս յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը կը կարողանայ...

Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»

Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու Անվտանգութեան Ոտնահարման»

Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը` հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ խոր մտահոգութիւն կը զգան «Լիբանանեան հողերուն մէջ, Մարուն Ռասի հարաւ-արեւելքը գտնուող (հարաւային Լիբանանի արեւմտեան մաս) 52-6 առաքելութեան դիրքին մօտ իսրայէլեան բանակի կատարած վերջին գործունէութեան նկատմամբ: Իսրայէլեան բանակին սովորական խողովակներու ճամբով բազմիցս ու շարունակ փոխանցուեցաւ շարունակուող այս կացութեան մասին»: «Այս զարգացումը շատ վտանգաւոր է, եւ անընդունելի է ՄԱԿ-ի խաղաղապահ...

Խամենէի. «Աքսայի Ջրհեղեղ»-ը Սիոնական  Գոյացութիւնը 70 Տարի Ետ Տարաւ»

Խամենէի. «Աքսայի Ջրհեղեղ»-ը Սիոնական Գոյացութիւնը 70 Տարի Ետ Տարաւ»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի 7 հոկտեմբեր 2023-ի «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան միամեակին առիթով յայտնեց. «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը սիոնական գոյացութիւնը 70 տարի ետ տարաւ»: Պաղեստինեան Համաս շարժումը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «7 հոկտեմբերը պայքարի պատմական դէպք մըն էր եւ մեր ազգային դատը լուծարելու համար պատրաստուող սիոնական ծրագիրներու բնական հակազդեցութիւն մը»: «Կազայի մէջ մեր մեծ ժողովուրդի տոկունութիւնն ու...

Բագրատունի. «Վերջին 5 Տարիներուն Ընթացքին  Ամէնէն Վատ Ճգնաժամն Է, Որ Կ՛ապրինք»

Բագրատունի. «Մեր Մտավախութիւնը Այն Է, Որ Այս Պատերազմը Տարածուի Ամբողջ Շրջանին Մէջ»

Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի տարածքի ռմբակոծումին ձայները ամէնուր են: Լիբանանի մէջ պատերազմական իրավիճակ է: Այս մասին հայրենի «Հետք» համացանցային թերթի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին: Հարցազրոյցէն կէս ժամ առաջ Իսրայէլը ռմբակոծած էր Պէյրութի Հարաւային արուարձանները: Մարդիկ մնայուն անհանգստութեան մէջ են:  Հարցազրոյցի ընթացքին Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Իսրայէլը կը ռմբակոծէ Լիբանանի հետ...

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Լիբանանի  Վրայ Իր Բուռն Յարձակումները

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Լիբանանի Վրայ Իր Բուռն Յարձակումները

Իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսէն սկսեալ տասնեակներով բուռն յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ, իսկ Հըզպալլան շարունակեց թիրախաւորել իսրայէլեան քաղաքներն ու զինուորական դիրքերը, նախ եւ առաջ Հայֆան, Խտէյրան եւ Քարմելը, ինչպէս նաեւ դէմ դնել իսրայէլեան ուժերու հարաւային Լիբանան ներթափանցելու փորձերուն: Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները թիրախաւորեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբուն վրայ գտնուող վառելանիւթի «Թոթալ» կայարանը, Ղպէյրիի շրջանի Պըրժաուի թաղին մէջ շէնք...

Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային  Կազմակերպութիւնը Դիւանագիտական  Լուծումը Կը Քաջալերէ

Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութիւնը Դիւանագիտական Լուծումը Կը Քաջալերէ

Ֆրանսախօս երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովի աւարտին իրենց հրապարակած միացեալ հաղորդագրութեան մէջ խոր մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի մէջ բռնարարքներու մագլցումին նկատմամբ, ցաւ յայտնեցին անմեղ կեանքերու կորուստին համար, զօրակցութիւն յայտնեցին Լիբանանին եւ կոչ ուղղեցին` անմիջական եւ մնայուն զինադադար հաստատելու: Ֆրանսախօս երկիրները դատապարտեցին քաղաքայիններուն դէմ անկանոն յարձակումը եւ կոչ ուղղեցին յարգելու միջազգային օրէնքը, մասնաւորաբար միջազգային մարդասիրական օրէնքը: Ժողովականները...

Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութիւնը  Կարեւոր Կը Նկատէ Հայ Պատերազմական  Գերիներու Եւ Այլ Պահուող Անձերու Խնդիրներու Լուծումը

Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութիւնը Կարեւոր Կը Նկատէ Հայ Պատերազմական Գերիներու Եւ Այլ Պահուող Անձերու Խնդիրներու Լուծումը

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 19-րդ վեհաժողովի ընթացքին որդեգրուած է «Ֆրանսախօս շրջանին մէջ ճգնաժամային կացութիւններու, անոնց յաղթահարման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ բանաձեւը», որով կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ 54 պետութիւններ զօրակցութիւն յայտնած են Հայաստանին եւ խաղաղութեան հոլովոյթին: Բանաձեւին մէջ ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համահունչ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը: Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային...

Իսրայէլ Կը Սերտէ Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետի  Եւ Յեղափոխական Պահակագունդի Համալիրներուն  Թիրախաւորման Կարելիութիւնը

Իսրայէլ Կը Սերտէ Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետի Եւ Յեղափոխական Պահակագունդի Համալիրներուն Թիրախաւորման Կարելիութիւնը

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ Իրանի վրայ սպասուող իր յարձակումին թիրախներու ցուցակը կազմած է, իսկ Թեհրան նշեց, որ ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ իսրայէլեան որեւէ յարձակումի: Պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլ կը սերտէ իրանեան քարիւղի կառոյցներ, նախագահական համալիրը, գերագոյն հոգեւոր պետի նստավայրը եւ Յեղափոխական պահակագունդի կեդրոնատեղին հարուածելու կարելիութիւնը: Պատկերասփիւռը նաեւ հաւանական նկատեց, որ յարձակումը ներառէ «զինուորական խորհրդանշական թիրախներ», ինչպէս`...

Ակնարկ.  Ֆրանսական Եւ Իրանեան  Ուղերձներ Լիբանանի Մէջ

Ակնարկ. Ֆրանսական Եւ Իրանեան Ուղերձներ Լիբանանի Մէջ

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարէն ետք Իրանի արտաքին գործոց նախարարն է, որ պատերազմական գործողութիւններու բովին մէջ կ՛այցելէ Լիբանան: Ֆրանսայի դիւանագիտութեան ղեկավարի ուղերձին մէջ երկու առանցքային կէտ ներառուած էր: Առաջինը թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւն, երկրորդը հրամայական` նախագահի ընտրութեան: Թիւ 1701 որոշումին գործադրութիւնը նաեւ պաշտօնական Պէյրութի պահանջն է, որուն կիրարկումի փուլը տակաւին չ՛երեւիր: Արգելակողը հիմնականին մէջ Իսրայէլն է, որ մինչեւ 1701 որոշումի բանակցութիւններու...

Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Դէմ Մահափորձ

Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Դէմ Մահափորձ

Պէյրութի Հարաւային արուարձանները չորեքշաբթի ուշ գիշերին ենթարկուեցան բուռն ռմբակոծումի, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան ահաբեկած հարուածէն աւելի զօրաւոր էր: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի համաձայն, «շուրջ 73 թոն ռումբեր նետուեցան Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի կեդրոնին վրայ, ուր ենթադրաբար սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինը կը գտնուէր»: Յիշեցնենք, որ սէյիտ Նասրալլայի ահաբեկման համար օգտագործուած ռումբերը 60 թոն էին: Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին յայտնեցին....

«Լիբանանի Նկատմամբ Նախանձախնդիր Ենք,  Եւ Անոր Աջակցելու Համար  Դիւանագիտական Արշաւ Պիտի Կատարենք»  Կ՛ըսէ Արաղչի

«Լիբանանի Նկատմամբ Նախանձախնդիր Ենք, Եւ Անոր Աջակցելու Համար Դիւանագիտական Արշաւ Պիտի Կատարենք» Կ՛ըսէ Արաղչի

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ հասաւ Պէյրութ, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Արաղչի վարչապետարանին մէջ Միքաթիի հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի ներկայ կացութիւնը: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը նախանձախնդիր է Լիբանանի նկատմամբ եւ անոր կ՛աջակցի ընդդէմ իսրայէլեան յարձակումին: «Իրան Լիբանանին աջակցելու համար դիւանագիտական արշաւ պիտի կատարէ, եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան...

Քոնկրեսի 60 Անդամներ Կը Պահանջեն ՔՈՓ29-ին  Ընդառաջ Պատասխանատուութեան Ենթարկել  Ազրպէյճանը Եւ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

Քոնկրեսի 60 Անդամներ Կը Պահանջեն ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ Պատասխանատուութեան Ենթարկել Ազրպէյճանը Եւ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երկու պալատներու շուրջ 60 անդամներ միացած են Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի եւ ծերակուտական Էտ Մըրքիի նամակին` կոչ ուղղելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն ՔՈՓ29-ին ընդառաջ պատասխանատուութեան ենթարկել Ազրպէյճանը ռազմական յանցագործութիւններու, ապօրինի պատանդառութեան եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի բռնազաւթման համար: Մեկնաբանելով երկկուսակցական նամակը` Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն...

Պայտըն. «Կը Կարծեմ Շրջանին Մէջ Լայնածաւալ  Պատերազմէն Պիտի Խուսափինք»

Պայտըն. «Կը Կարծեմ Շրջանին Մէջ Լայնածաւալ Պատերազմէն Պիտի Խուսափինք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի հետ կը քննարկեն Իրանի կողմէ զանգուածային հրթիռային յարձակման պատասխանելու տարբերակները, որոնք կը ներառեն Իսրայէլի` Իրանի նաւթային կառոյցներուն հարուածները: Սպիտակ տան ղեկավարի այս յայտարարութենէն ետք քարիւղի համաշխարհային գիները բարձրացած են, իսկ միջինարեւելեան լարուածութեան աճը առեւտրականներուն ստիպած է մտահոգուիլ քարիւղի մատակարարման հաւանական խափանումներու առնչութեամբ: Բայց եւ այնպէս, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն...

Պէյրութ Եւս Օդային Յարձակումի  Թիրախ Դարձաւ.  Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ  Բախումները Կը Շարունակուին

Պէյրութ Եւս Օդային Յարձակումի Թիրախ Դարձաւ. Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին

Հըզպալլա երէկ արշալոյսին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է Միսքաֆ Ամ բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլեան բանակի շարժումները եւ անոնց ուղղակի հարուած հասցուցած է, ինչպէս նաեւ ռմբակոծած է Հանիթայի մէջ իսրայէլեան ուժերու կուտակում մը: Հըզպալլա նաեւ հրթիռակոծեց Քաֆարկալատի բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլեան ուժերու կուտակում մը, եւ երկու ականներ պայթեցուց իսրայէլեան հետեւակ ուժի մը դէմ, որ կը փորձէր դէպի Մարուն Ռաս...

Բագրատունի Տեսակցեցաւ Խորհրդարանի Նախագահ Պըրրիի Հետ

Բագրատունի Տեսակցեցաւ Խորհրդարանի Նախագահ Պըրրիի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց այն մարտահրաւէրները, որոնք կը դրուին Լիբանանի եւ լիբանանցիներու դիմաց` իսրայէլեան շարունակուող ոճրային յարձակումներուն պատճառով: Պըրրի ներկայացուց ներկայ փուլի վտանգները եւ այն ճիգը, որ կը ներդրէ զինադուլի հաստատման, թիւ 1701 բանաձեւի գործադրման եւ նախագահի ընտրութեան առնչութեամբ: Բագրատունի ցաւակցելէ ետք սէյիտ Նասրալլայի նահատակութեան...

Հայ Դատի Գրասենեակը ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ  Եւրոպացի Գործիչները Կ՛իրազեկէ Ազրպէյճանի Մէջ  Բնապահպանական Եւ Մարդու Իրաւունքներուն  Առնչուող Խնդիրներու Մասին

Հայ Դատի Գրասենեակը ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ Եւրոպացի Գործիչները Կ՛իրազեկէ Ազրպէյճանի Մէջ Բնապահպանական Եւ Մարդու Իրաւունքներուն Առնչուող Խնդիրներու Մասին

Նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք ՔՈՓ29 համաժողովին ընդառաջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու բնապահպանական տարբեր կազմակերպութիւններ կ՛ահազանգեն Ազրպէյճանի մէջ առկայ բնապահպանական, մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան եւ շատ այլ խնդիրներու մասին: Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին համաձայն` համաժողովին ընդառաջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները, համաժողովին մասնակցող ութ հարիւրէ աւելի միջազգային կազմակերպութիւններ, համալսարաններ, ակադեմականներ կ՛իրազեկուին Ազրպէյճանի մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ, որոնք...

ՄԱԿ Կը Մեկնաբանէ Կութիերեսի  Նկատմամբ Իսրայէլի Կեցուածքը

ՄԱԿ Կը Մեկնաբանէ Կութիերեսի Նկատմամբ Իսրայէլի Կեցուածքը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց. «Իսրայէլի կողմէ ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը անբաղձալի անձ յայտարարելու մէջ քաղաքական որոշում եւ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններու պաշտօնատարներուն վրայ յարձակումներու շարունակութիւն կայ»: Տիւժարիք ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ողջունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն Կութիերեսի նկատմամբ զօրակցութիւնը: «Այլ պետութիւններ ՄԱԿ-ի այլ պաշտօնատարներու նկատմամբ նոյնպիսի որոշումներ որդեգրեցին», նշեց ան` աւելցնելով. «Նախապէս յայտնեցինք, որ չենք կարծեր, որ այս կացութիւնը...

Սուրիոյ Ծովեզերեայ Ժապլէ Քաղաքի  Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Սուրիոյ Ծովեզերեայ Ժապլէ Քաղաքի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը երէկ արշալոյսին դէմ դրին սուրիական ծովեզերեայ շրջանին ուղղութեամբ արձակուած իսրայէլեան հրթիռներու: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Պայթումներու ձայները լսուած են Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի մէջ: Սուրիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ սուրիական եւ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ծովեզերեայ Ժապլէ քաղաքին մօտ դէմ դրած են «թշնամական թիրախներու»: «Սփութնիք» հաղորդեց, որ հրշէջները յաջողած են մարել քաղաքին մերձակայքին մէջ գտնուող...

Page 141 of 796 1 … 140 141 142 … 796

Արխիւներ