Ամերիկեան զէնքով ռուսական տարածքի խորքը հարուածելու Ուաշինկթընի արտօնութիւնը պիտի սրէ Ուքրանիոյ մէջ տագնապը եւ կրնայ յանգեցնել Համաշխարհային Գ. պատերազմի: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած են ռուս օրէնսդիրներ:
Ամերիկեան լրատուամիջոցները, վկայակոչելով լաւատեղեակ աղբիւրներ, հաղորդած էին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը ջնջած է սահմանափակումները, որոնք Ուքրանիոյ կ՛արգիլէին ամերիկեան զէնքը օգտագործել ռուսական տարածքի խորքը հարուածելու համար:
«Արեւմուտքը այնպիսի մագլցումի կը դիմէ, որ կրնայ Ուքրանիոյ պետականութեան ամբողջական փլուզման յանգեցնել», «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի իրաւական հարցերով յանձնախումբի նախագահ Անտրէյ Քլիշաս:
Ռուսիոյ դաշնութեան խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ Վլատիմիր Ճապարով Ուաշինկթընի այս որոշումը աննախադէպ քայլ որակած է` շեշտելով, որ անիկա կրնայ յանգեցնել Համաշխարհային Գ. պատերազմի մեկնարկին` վստահեցնելով, որ Ռուսիոյ պատասխանը պիտի չուշանայ:
«Ասիկա աննախադէպ քայլ է: Ասիկա շատ մեծ քայլ է դէպի Համաշխարհային Գ. պատերազմի սկիզբը, եւ ամերիկացիները ատիկա պիտի ընեն հեռացող ծերուկի ձեռքերով, որ երկու ամիսէն այլեւս ոչինչի համար պատասխանատուութիւն պիտի կրէ», ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն ըսած է Ճապարով:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յայտարարած էր, որ Արեւմուտքը Ռուսիոյ հետ պատերազմի մէջ պիտի մտնէ, եթէ Ուքրանիոյ արտօնէ արեւմտեան արտադրութեան հեռահաս հրթիռներով հարուածել:
Անոր համաձայն, այս քայլը պիտի փոխէ տագնապին բնոյթն ու տարողութիւնը:
Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Տմիթրի Մետվետեւն ալ, իր կարգին, յայտարարած էր, թէ այդ պարագային Ռուսիան կրնայ սովորական սպառազինութեամբ ոչնչացնել Ուքրանիոյ մայրաքաղաքը:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Քիեւին ռուսական հողերը հարուածելու համար ամերիկեան հեռահաս հրթիռներու օգտագործումը արտօնելը Ուքրանիոյ տագնապին վրայ «իւղ թափել է»:
«Այս արտօնութիւնը, եթէ Ուաշինկթըն պաշտօնապէս հաստատէ, Միացեալ Նահանգներուն այս տագնապին մեղսակցութեան վերաբերեալ ամբողջովին նոր կացութեան պիտի յանգեցնէ», զգուշացուց Փեսքով:
«ՌԻԱ Նովոսթի» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Փեսքով ըսած է. «Եթէ նման որոշում իսկապէս ձեւակերպուած եւ փոխանցուած է Քիեւի վարչակարգին, ապա, ի հարկէ, ասիկա լարուածութեան որակապէս նոր փուլ է եւ որակապէս նոր կացութիւն` այս տագնապին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան առումով»:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը ընդգծած է, որ ռուսական տարածքի խորքին հարուածներ պիտի հասցնէ ոչ թէ Ուքրանիան, այլ այն երկիրները, որոնք ատոր արտօնութիւն պիտի տան, եւ ատիկա էապէս կը փոխէ կացութիւնը:
«Թիրախաւորումը եւ միւս գործողութիւնները չեն կատարեր ուքրանացի զինուորները, ատիկա կ՛ընեն արեւմտեան երկիրներու զինուորական մասնագէտները, ինչ որ արմատապէս կը փոխէ ուքրանական տագնապին մէջ անոնց ներգրաւուածութեան ձեւը», ըսած է Փեսքով: