Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ երկու ժամ տեւողութեամբ իր հանդիպումէն ետք «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած է. «Կացութիւնը սկզբունքով լաւ է, եւ այն, ինչ որ կը մնայ, կարգ մը մանրամասնութիւններ են»:
Պըրրի նշած է, որ իր ներկայացուցիչն ու ամերիկացիներուն ներկայացուցիչը կը քննարկեն կարգ մը թեքնիք հարցեր, զանոնք լուծելու համար նախքան Հոքշթայնի Իսրայէլ մեկնիլը, «եւ կը սպասենք, թէ այդտեղէն ի՛նչ պիտի բերէ»:
«Հարցերը լաւ են», կրկնած է Պըրրի` նշելով. «Իսրայէլի դիրքորոշման վերաբերեալ երաշխիքները ամերիկացիներու ուսերուն են»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ քննարկուած նախագիծը իսրայէլացիներուն հետ քննարկուա՞ծ է, Պըրրի յայտնած է. «Հոքշթայն կ՛ըսէ, որ նախագիծին շուրջ իսրայէլացիներուն հետ համակարգում կատարած է»:
«Առաջին անգամը չէ, որ իսրայէլացիները իրենց խոստումները չեն յարգեր», աւելցուցած է խորհրդարանի նախագահը:


