Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական.  Սեպտեմբեր 2023-էն Ետք Բացուող Պատուհաններ

Խմբագրական. Սեպտեմբեր 2023-էն Ետք Բացուող Պատուհաններ

Արցախի 44-օրեայ պատերազմի չորրորդ տարելիցի նշումը կը համընկնի Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումին եւ ամբողջական հայաթափումի առաջին տարելիցին: Փաստօրէն 44-օրեայ պատերազմը սկիզբն էր այն գործընթացին, որ պիտի աւարտէր Արցախի մէջ Ազրպէյճանի գործադրած ցեղասպանական արարքներով: Պատերազմական գործողութիւններ, ռազմական յանցագործութիւններ, շրջափակում, ցեղասպանական արարքներ իրենց նախադէպերը ունեցած էին պատերազմի տարբեր արարներուն ընթացքին: Արցախը, սակայն, իբրեւ հանրապետութիւն եւ ժողովուրդ, ծառացած էր այդ բոլորին դէմ...

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ  Իսրայէլեան Բուռն Յարձակում

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակում

Իսրայէլեան օդուժը երէկ բուռն յարձակում մը գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Հարեթ Հրէյք շրջանին վրայ: «Հատաս» հաղորդեց, որ միայն 3 վայրկեանի մէջ 10 հրթիռներ հարուածած են շրջանը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ օգտագործուած են 2000 թոն կշռող ամրոցներ քանդող ռումբեր: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 6 շէնքեր գետնի հաւասար դարձած են: Յարձակումին պատճառով արձանագրուեցան 2 զոհեր եւ 76 վիրաւորներ: Իսրայէլեան...

Ֆրանս-Ամերիկեան Առաջարկը  Տակաւին Սեղանի Վրայ Է

Ֆրանս-Ամերիկեան Առաջարկը Տակաւին Սեղանի Վրայ Է

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլը տեղեակ պահած են միջազգային եւ շրջանային այլ գործընկերներու հետ գործակցաբար Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման առաջարկ ներկայացնելու իրենց մտադրութեան մասին: «Իսրայէլ համաձայն է Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած նախաձեռնութեան նպատակներուն` հիւսիսային մեր սահմանի երկայնքին մարդոց իրենց տուները ապահով վերադառնալ արտօնելու համար», նշեց գրասենեակը` նշելով. «Իսրայէլ կը գնահատէ այս առումով ամերիկեան ջանքերը, որովհետեւ շրջանին...

Պըրրի. «Միջազգային Կողմերու Հետ Իսրայէլեան  Մագլցումը Զսպելու Լուրջ Ջանքեր Կը Թափեմ,  Եւ Յառաջիկայ 24 Ժամը Վճռորոշ Պիտի Ըլլայ»

Պըրրի. «Մեզի Ինկածը Ըրինք, Այժմ Գնդակը Թշնամիին Դաշտն Է»

«Ախպար» օրաթերթը հաղորդեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, անդրադառնալով զինադադարի հաստատման հարցին, իր այցելուներուն յայտնած է. «Մեզի ինկածը ըրինք, այժմ գնդակը թշնամիին դաշտն է»: Ան նշած է, որ Լիբանանի ներկայացուցած առաջարկը «հիմնուած է հիմնական սկզբունքի մը վրայ, որ Լիբանանի եւ Կազայի մէջ միաժամանակեայ զինադադարն է, եւ մեծ պետութիւնները անոր զօրակցութիւն յայտնեցին»: Խորհրդարանի նախագահը «Լ՛Օրիան Լը Ժուր» օրաթերթին հետ զրոյցի մը...

Լիբանանցի Գաղթականներու Օժանդակութիւն Ցուցաբերելու Ծրագրում

Լիբանանցի Գաղթականներու Օժանդակութիւն Ցուցաբերելու Ծրագրում

Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, ուրբաթ, 27 սեպտեմբերին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ հայկական համայնքային, բարեսիրական ու ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու պատասխանատուներու ու ներկայացուցիչներու հանդիպում մը` քննարկելու համար երկրի ներկայ կացութեան մէջ հայահոծ շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման եւ նախապատրաստութեան միջոցները: Երեսփոխան Բագրատունի ժողովականներուն ներկայացուց Լիբանանի թատերաբեմի վերջին զարգացումները եւ գաղթականներու հոսքի ծաւալումը: Քննութեան առարկայ դարձան հոսքին հետ կապուած ընկերային հարցերն ու ճգնաժամերու հետեւանքով համայնքին...

Պայտըն Եւ Մաքրոն. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի  Կառավարութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղենք` Համաձայնելու  Զինադադարի Հաստատման Միացեալ Կոչին»

Պայտըն Եւ Մաքրոն. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Կառավարութիւններուն Կոչ Կ՛ուղղենք` Համաձայնելու Զինադադարի Հաստատման Միացեալ Կոչին»

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նիստի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարի հաստատման եւ «աւելի լայնածաւալ պատերազմ արգիլելու» կարելիութիւնները: Երկու նախագահները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Անցնող օրերուն միասնաբար աշխատեցանք զինադադար հաստատելու միացեալ կոչի մը վրայ`...

Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ  Դարձեալ Օդային Յարձակում

Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Դարձեալ Օդային Յարձակում

Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 3:15-ին յարձակում գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ: Ասիկա 8 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր 6-րդ յարձակումն էր, իսկ մէկ շաբթուան ընթացքին 4-րդը: Յարձակումի ենթարկուեցաւ Հատի Նասրալլա մայրուղիին մօտ գտնուող Ռուէյս խաչմերուկին վրայ գտնուող 10 յարկանի շէնք մը, որ մեծ վնասներ կրեց: Մեծ վնասներ կրեցին նաեւ մօտակայ շէնքերը: Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ յարձակումը...

21 Օր Տեւողութեամբ Զինադադար  Հաստատելու Կոչ

21 Օր Տեւողութեամբ Զինադադար Հաստատելու Կոչ

Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Քանատայի, Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ճափոնի, Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի իշխանութիւնները կոչ ուղղեցին Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ 21 օր տեւողութեամբ զինադադար հաստատելու: Նշեալ երկիրները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կացութիւնը շրջանային աւելի լայն մագլցումի վտանգ կը ներկայացնէ»: «Ժամանակն է գտնելու փոխզիջումնային լուծում մը, որ սահմանի երկու կողմերու քաղաքայիններուն կ՛արտօնէ...

Միրզոյեան Եւ Պայրամով Համաձայնած Են Լրացուցիչ  Ջանքեր Ներդնել Խաղաղութեան Համաձայնագիրի`  Ամէնէն Սեղմ Ժամկէտին Մէջ Կնքման Ուղղութեամբ

Միրզոյեան Եւ Պայրամով Համաձայնած Են Լրացուցիչ Ջանքեր Ներդնել Խաղաղութեան Համաձայնագիրի` Ամէնէն Սեղմ Ժամկէտին Մէջ Կնքման Ուղղութեամբ

Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը: Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան, կողմերը համաձայնած են ներդնել լրացուցիչ ջանքեր` «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագիրի` ամէնէն սեղմ ժամանակահատուածին մէջ կնքման ուղղութեամբ:...

Պաքու Կ՛արձագանգէ Մաքրոնի «Ֆրանսան  Ուս-Ուսի Կանգնած Է Հայաստանի Կողքին»  Յայտարարութեան

Պաքու Կ՛արձագանգէ Մաքրոնի «Ֆրանսան Ուս-Ուսի Կանգնած Է Հայաստանի Կողքին» Յայտարարութեան

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ նշումին, թէ «Ֆրանսան ուս-ուսի կանգնած է Հայաստանի կողքին` անոր վրայ ճնշումներուն եւ Ազրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւններուն լոյսին տակ»: Պաքու Ֆրանսան մեղադրած է շրջանին մէջ «ապակառուցողական գործունէութեան» համար: Այս մասին յայտարարած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ: «25 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին...

Ակնարկ.  Պատերազմ Եւ Միջուկային Դիւանագիտութիւն

Ակնարկ. Պատերազմ Եւ Միջուկային Դիւանագիտութիւն

2Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմական  գործողութիւնները նոր շրջափուլի նախադրեալները կը պարզեն: Այդ ազդանշանը տրուեցաւ «Փէյճըր»-ներու եւ հաղորդակցութեան անթել միջոցներու հաւաքական պայթումներով, ուր փաստուեցաւ արհեստագիտութեան լիարժէք օգտագործման, թափանցումի եւ զանգուածային արդիւնք ստանալու մեթոտներու կիրարկումը: Հերթական անգամ համոզում փոխանցելով արդի ռազմագիտութեան նոր կանոններու կամ անոնց արմատական փոփոխութեան իրականութեան վերաբերեալ: Լիբանանի դէմ տեղի կ՛ունենայ համախառն (հիպրիտային) պատերազմ իր բոլոր ուղղութիւններով եւ միջոցներով` հրթիռակոծում, օդային յարձակում,...

Բագրատունի. «Լիբանանը Մեծ Պատերազմի Շեմին Է,  Եթէ Իսրայէլի Ձեռքը Չբռնեն` Միջին Արեւելքը Կը Պայթի»

Բագրատունի. «Լիբանանը Մեծ Պատերազմի Շեմին Է, Եթէ Իսրայէլի Ձեռքը Չբռնեն` Միջին Արեւելքը Կը Պայթի»

«Լիբանանը մեծ պատերազմի շեմին է, եթէ Իսրայէլի ձեռքը չբռնեն` Միջին Արեւելքը կը պայթի», նախանցեալ օր ըսաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի` Լիբանանի ներկայ կացութեան վերաբերեալ «Նիուզ» լրատուական կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: «Պէտք է ըսել, որ ամէն իմաստով պատերազմական դրութեան մէջ ենք: Ճիշդ է, որ տակաւին երկիրը չէ անդամալուծուած, բայց ամէն ժամեայ թիրախաւորում ու...

Իսրայէլ 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակեց Լիբանանի Վրայ  Իր Յարձակումը. Դիմադրութիւնը Հակադարձեց  Հրթիռակոծելով Սաֆատը, Հայֆան Եւ Մոսատի Կեդրոնատեղին

Իսրայէլ 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակեց Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումը. Դիմադրութիւնը Հակադարձեց Հրթիռակոծելով Սաֆատը, Հայֆան Եւ Մոսատի Կեդրոնատեղին

Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտէն յարձակումներու շարք մը շղթայազերծեց հարաւային Լիբանանի մէջ բազմաթիւ գիւղերու եւ Պեքաայի վրայ, եւ մասնաւորաբար բուռն կերպով հարուածեց Նապաթիէի շրջանը: Արձանագրուեցան 51 զոհեր եւ 223 վիրաւորներ: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Բանակը առաջին անգամ ըլլալով յարձակում կը գործէ Պէյրութի հիւսիսը Լեռնալիբանանի մէջ գիւղի մը վրայ, որ սահմանէն շուրջ 120 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է»: Ձայնասփիւռի կայանը կ՛ակնարկէր Քեսրուանի...

Մագլցումի Մեղմացման  Դիւանագիտական Ջանքեր

Մագլցումի Մեղմացման Դիւանագիտական Ջանքեր

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նշեց. «Շրջանին մէջ մագլցումի վտանգը սուր է, եւ մեծապէս կը կեդրոնանանք ատոր վրայ»: «Դիւանագիտութիւնն ու մեր համակարգուած ջանքերը անհրաժեշտ են` արգիլելու համար յաւելեալ մագլցում եւ ճամբան հարթելու համար յաւելեալ խաղաղութեան ու կայունութեան», ըսաւ Պլինքըն: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Բոլոր գործընկերներուն հետ անդուլ աշխատանք կը տանինք համապարփակ պատերազմէն խուսափելու եւ դիւանագիտական հոլովոյթի անցնելու»: «Մեր...

Այսօր Նիւ Եորքի Մէջ  Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով Հանդիպում

Այսօր Նիւ Եորքի Մէջ Միրզոյեան-Պլինքըն-Պայրամով Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն այսօր Նիւ Եորքի մէջ պիտի հանդիպի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ` խաղաղութեան բանակցութիւններու «վերջնական փուլ»-ը ներկայացնելու համար: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ: Սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչը պիտի ըլլայ «վերջնական փուլ»-ը եւ ի՛նչ ելք պիտի ունենայ: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն.  «Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումից Հրաժարումը Չի Չէզոքացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ Թշնամական, Ծաւալապաշտական Նկրտումները»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Պետական Սահմանի Սահմանազատման Գործընթացի Մասին Հայաստանի կառավարութիւնը Սահմանադրական դատարան է ներկայացրել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման հարցերով երկու երկրների յանձնաժողովների համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգը (այսուհետ` Կանոնակարգ)` Սահմանադրութեանը վերջինիս համապատասխանութիւնը որոշելու համար: Անհրաժեշտ է ընդգծել. 1.- Որպէս պետական սահմանի սահմանազատման գործընթացի հիմնարար սկզբունք յայտարարուած 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրը չի նկարագրում ԱՊՀ-ին անդամակցող երկրների սահմանները,...

2-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակելով  Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումը`  Իսրայէլ Ղպէյրիի Մէջ Մահափորձ Կատարեց

2-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակելով Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումը` Իսրայէլ Ղպէյրիի Մէջ Մահափորձ Կատարեց

Իսրայէլեան օդուժը երէկ 2-րդ օրն ըլլալով շարունակեց լիբանանեան տարբեր շրջաններու վրայ իր յարձակումները: Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի յայտարարեց. «Այսօր պիտի արագացնենք մեր յարձակումներուն կշռոյթը եւ զայն ամրապնդենք»: Ան աւելցուց. «Հըզպալլային հանգիստ պիտի չտանք, եւ պէտք է ամբողջ ուժով շարունակենք»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երկուշաբթի գիշեր իսրայէլեան նախարարաց սեղմ խորհուրդին յայտնած է. «Հըզպալլայի...

Փեզեշքիան. «Հըզպալլան Առանձինը Չի Կրնար  Կանգնիլ Արեւմուտքին Աջակցութիւնը  Վայելող Պետութեան Մը Դէմ»

Փեզեշքիան. «Հըզպալլան Առանձինը Չի Կրնար Կանգնիլ Արեւմուտքին Աջակցութիւնը Վայելող Պետութեան Մը Դէմ»

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք չէ արտօնենք, որ Լիբանանը Իսրայէլի ձեռքով մէկ այլ Կազայի վերածուի»: Ան զգուշացուց, որ ներկայ դէպքերը «կրնան վատթարանալով վերածուիլ շրջանային տագնապի, որ կրնայ աշխարհի ապագային համար վտանգ ներկայացնել»: Իրանի նախագահը նշեց, որ Հըզպալլան չի կրնար առանձին կանգնիլ «Արեւմուտքին աջակցութիւնը վայելող եւ անոր կողմէ զինուոր պետութեան մը դէմ»: Փեզեշքիան Նիւ Եորքի մէջ...

Լը Տրիան Հանդիպում Ունեցաւ  Պըրրիի Եւ Միքաթիի Հետ

Լը Տրիան Հանդիպում Ունեցաւ Պըրրիի Եւ Միքաթիի Հետ

Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան երէկ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրոյի ընկերակցութեամբ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ քաղաքական ու ապահովական կացութիւններուն զարգացումները: Լը Տրիան նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ նշեց. «Ֆրանսան Լիբանանի կ՛աջակցի եւ բոլոր պայմաններուն մէջ...

Բերձորի Միջանցքի Շրջափակման Ու Արցախի Մէջ Մարդասիրական Կացութեան վատթարացման Հարցով Ապահովութեան Խորուրդի Նիստ

Ֆրանսա Լիբանանի Հարցով Ապահովութեան Խորհուրդի Արտակարգ Նիստի Հրաւիրեց

Ֆրանսայի նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարօ յայտնեց, որ իր երկիրը այս շաբաթ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ պահանջած է` քննարկելու համար Լիբանանի կացութիւնը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիէն յայտարարեց. «Ֆրանսան կողմերը եւ անոնք, որոնց կ՛աջակցին, կոչ կ՛ուղղէ մագլցումը դադրեցնելու եւ խուսափելու ծագումէն շրջանային հրդեհի մը, որ բոլորին համար քանդիչ պիտի ըլլայ` սկսելով քաղաքային բնակչութիւններէն: Ուստի...

Page 143 of 796 1 … 142 143 144 … 796

Արխիւներ