Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան

November 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոյեմբերի երկրորդ շաբաթավերջը բեղուն եղաւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին համար, որուն ներկայացուցիչները հայրենիքի մէջ նշեցին միութեան 106-ամեակը, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակը եւ միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովով ճշդեցին միութեան յառաջիկայ փուլի գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւնները:

Համա-ՀՄԸՄ-ական յիշեալ նախաձեռնութիւնները կանխեցին 2023-2027 քառամեակի Կեդրոնական վարչութեան երկրորդ լիագումարի նիստերը, որոնք տեղի ունեցան 13 եւ 14 նոյեմբերին, Երեւան: Նիստերը քննեցին միութեան անցնող մէկ տարուան գործունէութեան զանազան մարզերը եւ հաստատեցին միջմիութենական ձեռնարկներուն յաւելեալ թափ տալու եւ բոլորը աւելի յաճախակի կերպով իրարու քով բերելու անհրաժեշտութիւնը, այս իմաստով օգտակար փորձառութիւն նկատելով Եւրոպայի ցամաքամասի Ա. բանակումին իրագործումը (Շուէտ), սկաուտական խմբապետական Թ. համագումարը (Եգիպտոս), քարոզչական առցանց երկրորդ համագումարը եւ շրջաններու ատենապետներու եռամսեայ առցանց ժողովները: Ժողովը դրական գնահատեց Կեդրոնական վարչութեան եօթը յանձնախումբերու (սկաուտական կորիզ, մարզական, քարոզչական, տնտեսական, մարքեթինկի, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան) հետեւողական եւ աշխուժ աշխատանքները:

Լիագումար նիստերը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձան ՀՄԸՄ-ի «Արցախ հիմնադրամ»-ի ծրագիրներուն, որոնք անցնող շրջանին մարդասիրական անմիջական օժանդակութիւններէ անդին` նպաստեցին արցախցի 850 երեխաներու ամառնային դաստիարակչական ճամբարներու իրագործման եւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի վտարանդի Մեկուսի շրջանի աշխատանքներուն ծաւալման:

Սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներու վերաշխուժացումը եւ արդիականացումը իրենց նկատառելի տեղը ունեցան լիագումար նիստերու օրակարգին մէջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջաններու մէջ կատարուող աշխատանքներու, որոնց մեծագոյնը ՀՄԸՄ-Ֆրանսի մարզահամալիրին իրագործումն է, Փարիզի մէջ: Մարզահամալիրին բացումը նախատեսուած է 5 ապրիլ 2025-ին:

Կեդրոնական վարչութեան երկրորդ լիագումարը լայնօրէն արծարծեց միութեան քարոզչական համակարգի ստեղծման հրամայականը` հանրային կապերու մարմինի աշխուժ գործունէութեամբ, նոր կայքի ու գրասենեակի ստեղծումով եւ շրջաններու մէջ հանրային կապի մարմիններու յառաջացումով: Նպատակայարմար նկատուեցաւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը նաեւ առցանց ներկայացնել բազմալեզու բովանդակութեամբ:

Վերջապէս, լիագումար նիստերը շեշտեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան տնտեսական հզօրացման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ իմաստով հաստատեցին տնտեսական յանձնախումբին առաջարկը` 2026-ի ամրան նաւապտոյտ մը կատարելու Եւրոպայի մէջ:

Լիագումար նիստերը ճշդեցին նաեւ յառաջիկայ փուլի միութենական ձեռնարկներու թուականները` համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղեր (2025 յուլիս, Երեւան), Ամերիկեան եւ Աւստրալիոյ ցամաքամասերու բանակում (2025 յուլիս, Լոս Անճելըս), համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակում (2026 ամառ), համա-ՀՄԸՄ-ական ցամաքամասային մարզախաղեր (2027 ամառ):

Լիագումար նիստերու առընթեր, Կեդրոնական վարչութիւնը աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մեկուսի շրջանի վարչութիւններուն հետ, կազմակերպեց միջդիւանական խորհրդաժողով, հանրային կապերու մարմինը նախաձեռնեց հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի մը, իսկ Երեւան ժամանած պատուիրակութիւնները մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակի տօնակատարութեան եւ սկաուտական հանդիսութեան, այցելեցին Եռաբլուր, Ծիծեռնակաբերդ եւ Ս. Էջմիածին, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին մահացած եւ նահատակուած ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին:

ՀՄԸՄ-ի 106-ամեակին զուգադիպող եւ հայրենիքի ու Միջին Արեւելքի տագնապալի պայմաններուն մէջ կատարուող համա-ՀՄԸՄ-ական այս նախաձեռնութիւնները անգամ մը եւս փաստը տուին հայութեան «կամաւոր բանակ»-ին կենսունակութեան եւ միշտ յառաջ ընթանալու վճռականութեան, յաղթահարելով իր շրջապատի աննպաստ բոլոր պայմանները եւ մեր ժողովուրդին դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրները:

ՀՄԸՄ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Երեւան, 20 նոյեմբեր 2024

 

 

Նախորդը

Հըզպալլան Աշխուժացուց Իսրայէլի Վրայ Իր Յարձակումները

Յաջորդը

Ընդհանուր Զարգացում Եւ Հաւաքական Աշխատանք. «Ազդակ»-ի Պատասխանատու Խմբագիր Նորա Բարսեղեան Ներկայացուց Լրատուութիւնն Ու Լուր Պատրաստելու Ձեւերը

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.