Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն Լիբանան իր այցելութենէն ետք չորեքշաբթի օր հասնի Իսրայէլ»:
«Նաշրա» կայքի տեղեկութեան համաձայն, Հոքշթայնի Պէյրութ, ապա Թել Աւիւ սպասուող այցելութիւնները կը նշանակեն, թէ Ուաշինկթընի ղեկավարած բանակցութիւնները Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ պատերազմի դադրեցման կարգաւորման պարտադրման ուղղութեամբ կ՛ընթանայ:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ կայքին յայտնած են, որ Հոքշթայնի այցելութիւնները կը նշանակեն, որ ամերիկացիներուն կողմէ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին դիւանագիտական լուծումի համաձայնութեան նախագիծի յանձնման ճամբով տեղի ունեցած բանակցութիւններու առաջին փուլը սկզբունքով յաջողած է եւ կը սպասուի զայն շարունակել յառաջիկայ փուլերով, որոնց գլխաւոր ողնասիւնը Հոքշթայնի սպասուող Պէյրութ եւ Թել Աւիւ այցելութիւններն են:
Լաւատեղեակ նոյն աղբիւրները կ՛աւելցնեն. «Եթէ հարցերը առանց խոչընդոտներու եւ մարտի դաշտի փոխադարձ ու ցաւալի ճնշումներու պատճառով ընթանան, քանի մը օրէն պատերազմի դադրեցման որոշումի պիտի հասնինք»:
Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւր մը «Նաշրա»-ին յայտնած է. «Զինադադարի հաստատման ամերիկեան առաջարկին լիբանանեան բարեփոխումները ուղղակի կերպով հասան Ուաշինկթըն: Անոնք նախնական պատասխաններ են, զորս խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին անմիջապէս փոխանցեց»:
«Զինադադարի ամերիկեան առաջարկին լիբանանեան պատասխանին միտք բանին անհրաժեշտութեան պարագային իսրայէլեան զինուորական միջամտութեան եւ օդէն վերահսկողութեան մերժումն է», ըսած է աղբիւրը` աւելցնելով, որ Պըրրի փոխարէնը առաջարկած է որոշումի գործադրութեան վերահսկող միջազգային յանձնախումբ ստեղծել:
Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրը կայքին յայտնած է, որ գոյութիւն ունի իսրայէլեան ժողովրդային, կառավարական եւ զինուորական մթնոլորտ մը, որ Լիբանանի հետ դիւանագիտական լուծում սկսած է պահանջել, ի տարբերութիւնը Կազայի պատերազմի ընթացքին գոյութիւն ունեցած մօտեցումին:
Ան նաեւ զգուշացուցած է լուծումները ուշացնելէ, որովհետեւ ատիկա լիբանանցիներն ու իսրայէլացիները յաւելեալ կորուստներու եւ քանդումներու դէմ յանդիման կը կանգնեցնէ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին համաձայն, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց համաձայնած են` Հըզպալլայի վրայ ճնշումը բարձրացնելու համար Լիբանանի դէմ հարուածներու կշռոյթը բարձրացնելու»: