Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Համաձայն. Ուքրանիան Ամերիկեան Աթաքմս Թեւաւոր Հրթիռներով Հարուածած Է Ռուսիոյ Տարածքը

Նոյեմբեր 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը գիշերը ամերիկեան ԱԹԱՔՄՍ թեւաւոր հրթիռներով յարձակած են Ռուսիոյ Պրիանսքի մարզին վրայ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը տեղեկացնէ որ այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը` մանրամասնելով, որ հրթիռներէն 5-ը խոցուած է

«Փանցիր» համալիրի կողմէ:

«Այս գիշեր ժամը 3:25-ին հակառակորդը վեց թեւաւոր հրթիռներով հարուածած է Պրիանսքի մարզին մէջ գտնուող կառոյց մը: Ըստ հաստատուած տուեալներուն, կիրարկուած են ամերիկեան արտադրութեան ԱԹԱՔՄՍ մարտավարական հրթիռներ: Հակահրթիռային մարտի հիմամբ «ԷՍ-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի եւ «Փանցիր» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու մարտական անձնակազմերը վնասազերծած են 5 հրթիռ եւ վնասած 1-ը», յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

ԱԹԱՔՄՍ-ի բեկորները ինկած են Պրիանսքի մարզի ռազմական կառոյցներէն մէկուն արհեստագիտական տարածքին մէջ, հրդեհ բռնկած է:

«Առ.Պի.Սի.Ուքրանիա»-ն, վկայակոչելով Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն մէջ իրազեկ աղբիւրները, գրած էր, որ երկրի պաշտպանութեան ուժերը առաջին անգամ Ռուսիոյ տարածքը հարուածած են ԱԹԱՔՄՍ թեւաւոր հրթիռներով:

Երկուշաբթի օր շարք մը հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ գրած են, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ արտօնութիւն տուած են իրենց մատակարարած զէնքերով հարուածել Ռուսիոյ տարածքի խորքը:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահը վաւերացուց երկրի հիւլէական արդիականացուած հայեցակարգը:

Փաստաթուղթին համաձայն, «ռուսական պետութեան հիւլէական զսպումի մարզին մէջ ռուսական քաղաքականութեան բարելաւման համար հրապարակուեցաւ հրամանագիր մը` հաւանութիւն տալու հիւլէական զսպման ոլորտին մէջ ռուսական պետութեան քաղաքականութեան կցուած սկզբունքներուն»:

Փութինի ստորագրած փաստաթուղթին մէջ կը նշուի. «Հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ անոր ստորագրուած օրէն` 19 նոյեմբերէն սկսեալ»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Հիւլէական նոր հայեցակարգին հիմամբ, ուքրանական զինեալ ուժերու արեւմտեան ոչ հիւլէական հրթիռներու Ռուսիոյ դէմ օգտագործումը կրնայ հիւլէական հակադարձութիւն պահանջել»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին նշեց. «Պրիանսք գաւառին վրայ ԱԹԱՔՄՍ հրթիռներով յարձակումը կարելի չէ առանց ամերիկացիներու մասնակցութեան»:

«Պրիանսք գաւառի դէմ հրթիռներու օգտագործումը Միացեալ Նահանգներու մագլցում կատարելու փափաքը ցոյց կու տայ», նշեց Լաւրով:

 

Նախորդը

«Համասի Ղեկավարները Ներկայիս Տոհա Չեն Գտնուիր» Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Յաջորդը

Պաքու «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Շահաւէտ Կը Նկատէ Շրջանի Բոլոր Երկիրներուն Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?