Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ առաւօտեան հասաւ Պէյրութ:
Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր տան մէջ ընդունեց Հոքշթայնը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի:
Քննարկուեցան զինադադարի հաստատման եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրման համար Հոքշթայնի ջանքերը:
Միքաթի ժողովի ընթացքին նշեց. «(Լիբանանի) կառավարութեան համար առաջնահերթութիւնը զինադադարն ու Լիբանանի վրայ յարձակումի դադրեցումն է, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ լիբանանեան գերիշխանութեան պահպանումը, եւ ամէն ինչ որ անոր համար այդ նպատակը կ՛իրագործէ, առաջնահերթութիւն է»:
«Կառավարութեան համար հիմնական հոգը տեղահանուածները արագօրէն իրենց գիւղերն ու գիւղաքաղաքները վերադարձնելն է, իսրայէլեան ցեղասպանական պատերազմն ու տեղի ունեցող լիբանանեան գիւղերու ապարդիւն քանդումը դադրեցնելն է», նշեց վարչապետի պաշտօնակատարը:
Միքաթի նաեւ շեշտեց «միջազգային յստակ որոշումներու գործադրումն ու հարաւային Լիբանանի վրայ բանակի վերահսկողութեան ամրապնդումը»:
Հոքշթայն Այն Թինէի մէջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի եւ Պըրրիի խորհրդական Ալի Համտանի:
Քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութիւններն ու Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումի մագլցումին լոյսին տակ քաղաքական ու ապահովական զարգացումները:
Հոքշթայն հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Հիմա հանդիպում ունեցայ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ, եւ շարունակեցինք սեղմել բացերը: Ժողովը շատ շինիչ եւ շատ օգտակար էր: Վերադարձայ, որովհետեւ մեր առջեւ իսկական առիթ կայ այս տագնապը աւարտին հասցնելու, եւ ասիկա որոշումներ տալու պահն է: Ես Պէյրութ կը գտնուիմ դիւրացնելու համար այդ որոշում տալը»:
«Սակայն որոշումը կը պատկանի կողմերուն` հասնելու այս տագնապի լուծումին, եւ այժմ այդ լուծումը հասանելի դարձաւ, այժմ պատուհանը բաց է, եւ կը յուսամ, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին լուծման հասնիլ», նշեց Հոքշթայն:
Ամերիկացի պատուիրակը եզրափակեց. «Այսօր հարցումներու պիտի չպատասխանեմ, որովհետեւ չեմ ուզեր հրապարակաւ բանակցիլ, եւ ես երախտապարտ եմ խորհրդարանի նախագահին հետ շինիչ քննարկման համար: Հանդիպում ունեցանք նաեւ վարչապետին եւ ուրիշներու հետ: Ես յանձնառու եմ իմ կարելիս ընելու Լիբանանի եւ Իսրայէլի մէջ կառավարութիւններուն հետ աշխատելու` հասնելու համար այս տագնապին լուծման:
«Պիտի կրկնեմ այն, ինչ որ ըսի` շաբաթներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններն ու բացերը սեղմելու համար շատ օգտակար քննարկումներ կատարեցի, եւ պիտի շարունակեմ այդ մէկը կատարել, կը ներէ՛ք, սակայն հարցումներու պիտի չպատասխանեմ»:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն ստացաւ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով շնորհաւորական նամակ մը, որուն մէջ նշուած է. «Յանուն Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին կը շնորհաւորեմ ձեզ եւ Լիբանանի ժողովուրդը ձեր անկախութեան 81-ամեակին առիթով, եւ Լիբանանի պատմութեան այս դժուար ժամանակին, Միացեալ Նահանգներ լիբանանցի ժողովուրդին կողքին կը կանգնին, եւ ես կը գնահատեմ մեզի սպասող աշխատանքին մէջ մեր գործընկերութիւնը»:
Պայտըն յայտնեց, որ անհամբեր կը սպասէ «յառաջընթաց արձանագրելու իրագործման մէջ մեր հասարակաց նպատակներուն, մասնաւորաբար կայունութեան ու բարգաւաճման արձանագրման ձգտման մէջ»` լիբանանցի ժողովուրդին մաղթելով «ուժ եւ տոկունութիւն այս դժուար ժամանակներուն մէջ»:
Նշենք, որ Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնած են. «Վաղը ամերիկացի պաշտօնատար Էյմըս Հոքշթայնի Իսրայէլ ժամանման հաստատում չստացանք, եւ ատիկա կախեալ է Լիբանանի մէջ զարգացումներէն»: