Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Ձախողութեան Կը Մատնէ Իսրայէլեան Բանակի Խիամի Եւ Շամհի Մէջ Յառաջանալու Փորձերը

Նոյեմբեր 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշեր Խիամի ճակատի կացութիւնը «տաք» էր: Բուռն բախումներ տեղի ունեցան իսրայէլեան ուժերուն եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն միջեւ, որոնք նշեալ ճակատին վրայ 9 անգամ հարուածեցին իսրայէլեան ուժերը, որոնք, ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, շրջանին մէջ շարունակուող բախումներու ընթացքին մեծ կորուստներ կը կրեն:

«Մայատին» կը նշէ, որ անցնող 6 օրերուն ընթացքին յառաջանալու իսրայէլեան փորձերը Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ ձախողութեան մատնուած են:

Արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Խիամի հարաւային եւ արեւելեան թաղերուն մէջ գնդացիրներով ու հրթիռներով բախումներու ձայներ կը լսուին:

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը գիւղին մէջ յառաջանալու իրենց փորձի ընթացքին հրկիզող ռումբերով ռմբակոծում կատարած են, եւ գիւղի հարաւային ծայրամասերուն միջեւ Հըզպալլայի մարտիկներուն ու իսրայէլեան ուժերուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են:

Արեւմտեան ճակատին վրայ, Թէյր Հարֆայի վերահսկող եւ իսրայէլեան ուժերուն Պայատա գիւղին հասնելու ճամբայ ապահովող Մթըլլէ փոքր գիւղին մէջ իսրայէլեան ուժերը չեն կրցած դիրքաւորուիլ:

«Մայատին» կը նշէ, որ 3 օր շարունակ յարձակում գործելէ ետք, իսրայէլեան ուժերը Շամհի արեւմտեան ծայրամասին մէջ ինկած են Հըզպալլայի լարած թակարդը եւ բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ տուած են:

Հըզպալլա յայտնեց, որ թիրախաւորած է Հայֆայի հիւսիսը գտնուող Քրիոթ բնակեցման վայրը, ինչպէս նաեւ Կոլանի մէջ «Մաալիէ Կոլանի» զօրանոցը, «Ռամիմ» զօրանոցն ու Մաալիոթ Թարշիհա բնակեցման վայրը:

Հըզպալլա երէկ նաեւ յայտարարեց, որ առաջին անգամ ըլլալով հրթիռակոծած է Հուսն բնակեցման վայրը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանանէն մեծաթիւ հրթիռներ արձակուած են Նահարիայի եւ անոր մերձակայքին ուղղութեամբ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանն ալ հաղորդեց, որ Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին մէջ շէնքեր եւ ինքնաշարժներ վնասուած են` Լիբանանէն արձակուած հրթիռներու պատճառով:

Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, որ Շումիրայի մէջ եւս վնասներ արձանագրուած են:

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը հրկիզող ռումբերով ռմբակոծած են Սուր գաւառի Զըպքին գիւղի մերձակայքը եւ շրջանին մէջ գիւղերու վրայ օդային յարձակումներ գործած:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակում գործած է Նապաթիէի Զաութար Շարքիէ գիւղին վրայ:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ գիշեր յարձակում գործեց մայրաքաղաք Պէյրութի Զոքաք Էլ Պլաթ շրջանին վրայ: Հիւանդատար մեքենաներ անմիջապէս շրջան ուղղուեցան:

Յարձակումին թիրախը շէնքի մը մէջ յարկաբաժին էր: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Պէյրութի վրայ յարձակումին նպատակը Հըզպալլայի ղեկավարներու ահաբեկումը չէ, այլ Հըզպալլայի պատկանող գործողութիւններու ղեկավարման սենեակ թիրախաւորեց»:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Զոքաք Էլ Պլաթի վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով նախնական տուեալներով արձանագրուած են 4 զոհեր եւ 18 վիրաւորներ:

 

Նախորդը

Հոքշթայն Այսօր Պէյրութ Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Ակնարկ. Զինադուլէն Հեռու Գացող Երաշխիքներու Պահանջ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?