Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Չեն Փոխելու Իրենց Հիւլէական Հայեցակարգը» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Նոյեմբեր 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ մտադիր չեն փոխելու իրենց հիւլէական հայեցակարգը` ի պատասխան ռուսական թարմացման: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահին առընթեր Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը` շեշտելով, որ զարմացած չէ Մոսկուայի հիւլէական հայեցակարգը փոխելու որոշումէն:

«Ինչպէս ըսած էինք այս ամսուան սկիզբը, մեզի չզարմացուց հիւլէական հայեցակարգը թարմացնելու Ռուսիոյ յայտարարութիւնը: Ռուսիան քանի մը շաբաթէ ի վեր կ՛ազդարարէր իր հայեցակարգը փոխելու մտադրութեան մասին», կը նշուի խորհուրդին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երեքշաբթի օր ստորագրեց իր երկրի հիւլէական ոլորտի արդիականացուած հայեցակարգը, որ Մոսկուային իրաւունք կու տայ հիւլէական զէնքով պատասխանել Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը վտանգող որեւէ յարձակումի, նոյնիսկ` զանգուածային հրթիռակոծման պարագային:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, թէ Ռուսիան հիւլէական զէնքը միշտ նկատի ունեցած է իբրեւ զսպման միջոց, եւ «հիմա պէտք է սկզբունքները համապատասխանեցնել ներկայ կացութեան»` չհերքելով, որ այս քայլը ուղղուած է Ուաշինկթընին:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Սապրինա Սինըլ Քրեմլինի յայտարարութիւնները նկատած է «անպատասխանատու հռետորաբանութիւն»` աւելցնելով, որ որեւէ նշան չկայ, որ Ռուսիան կը պատրաստուի հիւլէական զէնք կիրարկելու Ուքրանիոյ մէջ, եւ Ուաշինկթըն կարիք չունի փոխելու իր հիւլէական դիրքորոշումը:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 3:25-ին Ուքրանիան ամերիկեան ԱԹԱՔՄՍ թեւաւոր հրթիռներով յարձակած է Ռուսիոյ Պրիանսք մարզին վրայ:

Երկուշաբթի օր շարք մը հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ արտօնութիւն տուած են իրենց մատակարարած զէնքերով հարուածելու Ռուսիոյ տարածքին խորքը:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց Քիեւի մէջ իր դեսպանատան փակումը եւ ամերիկացի քաղաքացիներուն թելադրեց ահազանգ հնչելու համար թաքնուելու պատրաստուելու:

«Քիեւի մէջ մեր դեսպանատունը այսօր օդային մեծ յարձակումի մը վերաբերեալ որոշակի տեղեկութիւններ ստացաւ», նշեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը, մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հաւանութիւն տուաւ Քիեւի պաշտպանութեան ամրապնդման համար Ուքրանիոյ անհատներու դէմ ականներու մատակարարման»:

Ամերիկացի պաշտօնատարները այս առումով նշած են. «Պայտընի վարչակազմը մեծապէս մտահոգ է Ուքրանիոյ յառաջնագիծին վրայ Ռուսիոյ յարձակումներուն նկատմամբ»:

 

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Արժանապատիւ Եւ Կայուն Խաղաղութեան Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Միտքեր Փոխանակած Են Շրջանային Հարցերու Շուրջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?