Մանկապատանեկան

Հետաքրքրական.  Երբ Շեմփանզէները «Կը Խօսին»

Հետաքրքրական. Երբ Շեմփանզէները «Կը Խօսին»

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մենք արդէն գիտենք, որ անասունները կարող են իրարու հետ հաղորդակցելու, սակայն` ոչ մեզի պէս. այլ ձեւերով` ձայներ, հոտեր արձակելով... Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, գիտնականները հասած են այն եզրակացութեան, որ շեմփանզէներուն «խօսելու» ձեւը մեր խօսելու ձեւին շատ մօտ է: Հասկնալու համար, թէ ինչպէ՛ս մեր մօտիկ «զարմիկները» մեզի պէս «կը խօսին», սկսինք մօտէն ուսումնասիրելու մեր խօսած ձեւը: Մեր խօսած...

Ամազոնի Անտառը Կ՛այրի

Ամազոնի Անտառը Կ՛այրի

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Օգոստոս ամսուան սկիզբէն հազարաւոր հրդեհներ կ՛այրեն Ամազոնի անտառը: Այս հրդեհները տեղի կ՛ունենան ամէն ամառ, սակայն այս տարի անոնց թիւը յատկապէս շատ է եւ մտահոգիչ: Սակայն ինչո՞ւ այժմ այսքան հրդեհներ կան Ամազոնի մէջ: Ասոր պատճառը առաջին հերթին անտառահատումն է: Ամազոնի մէջ բազմաթիւ ծառեր կը կտրուին երկրագործներուն կողմէ` դաշտերն ու արտերը ընդարձակելու համար: Ծառերը կը տարուին իբրեւ փայտը...

Լէոնարտօ Տա Վինչի.  Հանճար Մը

Լէոնարտօ Տա Վինչի. Հանճար Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ան ոչ միայն հանճարեղ արուեստագէտ մըն էր, գծանկարիչ եւ քանդակագործ, այլ նաեւ` ճարտարագէտ, ճարտարապետ եւ գիւտարար: 15-րդ դարու կէսերուն է, որ այս արտասովոր անձը կը յայտնուի արուեստի աշխարհին մէջ: Այս տարի աշխարհը կը տօնէ անոր մահուան 500-ամեակը: Լէոնարտօ տա Վինչի կը ծնի 15 ապրիլ 1452-ին,  Իտալիոյ Թոսքանա շրջանի փոքրիկ Վինչի քաղաքին մէջ: Ան իր մանկութիւնը կ՛անցընէ...

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Գեղանկարին Անհաւատալի Պատմութիւնը

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Գեղանկարին Անհաւատալի Պատմութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ան կանգնած է ուղիղ եւ անշարժ ու մեզի կը նայի: Այս անձնաւորութիւնը Յիսուսն է. ան նկարուած է աւելի քան 500 տարիներ առաջ: Գեղանկարին պատմութիւնը հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ: Կարգ մը մասնագէտներ կը հաստատեն, որ «Սալվատոր Մունտի» կոչուած այս գեղանկարը գծուած է նշանաւոր Լէոնարտօ տա Վինչիի կողմէ: Իր կարգին, գեղանկարը հռչակաւոր դարձած է միայն քանի մը տարիներ առաջ,...

Արեւը` Մարդկային Մարմնին Բարեկամը  (Բ. Մաս)

Արեւը` Մարդկային Մարմնին Բարեկամը (Բ. Մաս)

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Արեւը բնական հանդարտեցուցիչ մըն է Կան անձեր, յաճախ` երեխաներ, որոնք շատ անհանդարտ են: Անոնք պէտք ունին միշտ շարժելու, խօսելու... եւ մեծ դժուարութիւն ունին կեդրոնանալու կամ հանգչելու: Այս երեւոյթը անոնց կեանքը շատ կը դժուարացնէ, որովհետեւ յաճախ պէտք է, օրինակի համար, դպրոցը, կամ շարժապատկերի սրահի մը մէջ հանդարտ մնալ` երկար ժամանակ առանց (շատ) խօսելու, շարժելու: Գիտնականները յայտնաբերած են,...

Արեւը` Մարդկային Մարմնին Բարեկամը  (Ա. Մաս)

Արեւը` Մարդկային Մարմնին Բարեկամը (Ա. Մաս)

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մեզի համար արեւը միայն լոյսի աղբիւր մը չէ, ան, օրինակի համար շատ կարեւոր է նաեւ մեր տրամադրութեան համար: Մենք պիտի տեսնենք, թէ մեր այս աստղը մեզի որքա՛ն լաւութիւն կը բերէ, սակայն նաեւ, թէ ի՛նչ նախազգուշութիւններ պէտք է առնել, առողջութեան համար վտանգաւոր կարգ մը ճառագայթներուն պատճառով: Արեւը առօրեայ պէտք մըն է Արեւուն բոլոր բարիքներէն օգտուելու համար պէտք...

Մեր Մարմնին Մէջի Ժամացոյցը

Մեր Մարմնին Մէջի Ժամացոյցը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ի՞նչ է մեր մարմնին կենսաբանական ժամացոյցը: Ան կենսաբանական ամբողջ դրութիւն մըն է, որուն ընդմէջէն բնականօրէն իրարու կը հետեւին արթնութեան (մօտաւորապէս տասնվեց ժամ) եւ քունի (մօտաւորապէս ութ ժամ) փուլեր: Ասիկա տեղի կ՛ունենայ, նոյնիսկ եթէ դուն աշխարհէն մեկուսացած ես, ունիս ո՛չ ժամացոյց, ո՛չ արթնցնելու գործիք... եւ նոյնիսկ` առանց լոյսի: Իւրաքանչիւր արթնութեան եւ քունի շրջան կը տեւէ մօտաւորապէս քսան...

«Ափոլօ 11»-ի Արշաւանքին 50-րդ Տարեդարձը

«Ափոլօ 11»-ի Արշաւանքին 50-րդ Տարեդարձը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 1960-ական թուականներուն աշխարհի երկու ամէնէն հզօր պետութիւնները` Միացեալ Նահանգները եւ Խորհրդային Միութիւնը մեծ պայքար կը մղէին առաջին մարդը լուսին ղրկելու համար: Խորհրդային Միութիւնը եղած էր առաջին պետութիւնը, որ դէպի անջրպետ արձակած էր առաջին արբանեակը, եւ ապա` առաջին մարդ արարածը: Հետեւաբար Միացեալ Նահանգներուն համար շատ կարեւոր էր ըլլալ լուսինին վրայ առաջին քայլը առնող պետութիւնը: 1961-ին Միացեալ Նահանգներու...

Երբ Գիշեր Գոյութիւն Չունի…

Երբ Գիշեր Գոյութիւն Չունի…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Նորվեկիոյ Սոմարոյ կղզին կ՛ուզէ ժամերը ջնջել: Երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունի վայր մը, ուր արեւը մար չի մտներ 69 օր անընդհատ: Ան Սոմարոյ կղզին է, որ կը գտնուի Եւրոպայի հիւսիսը, Նորվեկիոյ մէջ: 18 մայիսէն ի վեր արեւը անդադար կը լուսաւորէ անոր զօրութիւնը կախեալ է օրուան ժամէն: Ան մար պիտի մտնէ միայն 26 յուլիսին: Այս լուսաւոր շրջանը կը...

Հետաքրքրական.  9,7 Միլիառ Մարդ Արարած

Հետաքրքրական. 9,7 Միլիառ Մարդ Արարած

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երկրագունդին վրայ մարդ արարածին յայտնուելէն ի վեր, 200 հազար տարիներ առաջ, անոնց թիւը անդադար կ՛աւելնայ: Իւրաքանչիւր երկվայրկեան 4 մանուկ կը ծնի: Այս ձեւով ալ պիտի շարունակուի: Այս ձեւով, 2050 թուականին, ըստ ՄԱԿ-ին, երկրագունդին վրայ մարդոց թիւը պիտի հասնի 9,7 միլիառի, այսինքն 2 միլիառ աւելի, քան` ներկայիս: - Ինչի՞ պիտի նմանի երկրագունդը 2050 թուականին Ափրիկէի բնակչութեան թիւը...

Արձակուրդներ Անջրպետին Մէջ

Արձակուրդներ Անջրպետին Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գիտէի՞ր, թէ ՆԱՍԱ-ն յայտարարած է, որ 2020 թուականէն սկսեալ կարելի պիտի ըլլայ զբօսաշրջիկներու անջրպետ մեկնումը: Յատուկ անջրպետային տիեզերանաւեր պիտի դրուին զբօսաշրջիկներուն տրամադրութեան տակ` զանոնք փոխադրելու մինչեւ Անջրպետի միջազգային կեդրոնը, անջրպետին մէջ միակ վայրը, ուր կը գտնուին մարդ արարածներ: * * * 2024 թուականէն սկսեալ մեր գլխուն վերեւ, 400 քմ բարձրութեան վրայ դարձող այս կեդրոնին մէջ այլեւս...

Գերմանիոյ Մէջ Կատուի Ձեւով Դպրոց Մը

Գերմանիոյ Մէջ Կատուի Ձեւով Դպրոց Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գերմանիոյ Քարլսրուհ քաղաքը ունի ուրիշ դպրոցներէ ամբողջովին տարբեր դպրոց մը: Անոր գլխաւոր շէնքը կը նմանի կատուի մը: Բան մը, որ կը զուարճացնէ փոքրիկները եւ ժպիտ կը յառաջացնէ անոնց ծնողներու դէմքերուն: Խաղերը սիրող եւ անկանխատեսելի կատուները թէ՛ փոքրիկներուն, եւ թէ` ալ մեծերուն հաճոյք պատճառող անասուններ են: Անոնք կը ներշնչեն նաեւ գրողները, արուեստագէտները եւ նոյնիսկ... ճարտարապետները: Այս ձեւով...

Փանամայի Մէջ, Կերպընկալէ Շիշերէ Տուներ

Փանամայի Մէջ, Կերպընկալէ Շիշերէ Տուներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Բոլորիս ծանօթ է, որ ովկիանոսներուն կերպընկալէ նիւթերով ապականումը ահաւոր աղէտ մըն է, որ կը սպառնայ մեր ամբողջ միջավայրին եւ վտանգ մըն է բոյսերուն եւ անասուններուն համար: Այս ձեւով, քանատացի Ռոպըրթ Պեզօ, փոխանակ պարզապէս խօսելու այս ժխտական հետեւանքներուն մասին, գտած է լուծում մը: Ռոպըրթ Պեզօ կ՛ապրի Կեդրոնական Ամերիկա, Փանամայի մէջ: Ան սկսած է վերամշակել կերպընկալէ միլիոնաւոր շիշեր`...

Ապագան` Գետնին Տակ

Ապագան` Գետնին Տակ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մասնագէտները կը փորձեն երեւակայել, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կրնան կազմակերպուիլ եւ ապրիլ, եթէ ապագային անոնք ստիպուին ապրելու գետնին տակ: Իսկ դո՞ւն, պիտի ուզէի՞ր ապրիլ գետնին տակ: Մայիս ամսուն Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած Ներքնուղիներու միջազգային վեհաժողովին մասնագէտները մտածած են ապագային գետնին տակ ապրելու հաւանականութեան մասին: Ըստ անոնց, կարելի է գետնին տակ միայն ներքնուղիներ չշինել: Կարելի է հոն բնակիլ,...

Կը Սիրե՞ս Պառկիլ…

Կը Սիրե՞ս Պառկիլ…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գիտէի՞ր, որ ՆԱՍԱ-ն կը փնտռէ կամաւորներ` Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք յատուկ աշխատանքի մը համար: Ան պիտի վճարէ աւելի քան 18 հազար տոլար իւրաքանչիւր կամաւորի... պարզապէս երկու ամիս պառկած մնալու համար, որպէսզի ուսումնասիրէ ճնշումին ազդեցութիւնները մարմնին վրայ: *** Գաղափարը կրնայ տարօրինակ թուիլ, սակայն անիկա շատ լուրջ ծրագրի մը մաս կը կազմէ: Այս փորձը սկսած է տեղի ունենալ...

Օգնութեան Հասնինք «Մեծ Կապոյտին»

Օգնութեան Հասնինք «Մեծ Կապոյտին»

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ «Մեծ Կապոյտը»` Միջերկրական ծովը տխուր մրցանիշ մը արձանագրած է. ան աշխարհի ամէնէն ապականած ծովն է: Ներկայիս անոր կենդանական աշխարհը մեծ վտանգի մէջ կը գտնուի. ասիկա ծանր է, որովհետեւ հոն կ՛ապրին մեծ թիւով ծովային անասուններ, տասը ծովային անասունէն մէկը Միջերկրականի մէջ «բնակութիւն» հաստատած է: Հետեւաբար, ի՞նչ կրնանք ընել անոնց օգնելու համար: Ինչո՞ւ Ան Այսքան Ապականած Է Միջերկրականը...

Մետաքսը` Ամէնէն Շքեղ Կերպասը (Բ. Մաս)

Մետաքսը` Ամէնէն Շքեղ Կերպասը (Բ. Մաս)

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մետաքսը Հագուելու Համար... Մետաքսը նախ գործածուեցաւ հագուստներու համար. մետաքսեայ հագուստներ հագուիլը հարստութեան եւ ընկերութեան մէջ կարեւոր դիրք ունենալու նշան էր: Չինաստանի մէջ ան յատկացուած էր կայսրերուն եւ կարեւոր անձնաւորութիւններուն: Արեւմտեան աշխարհին մէջ, 18-րդ դարուն, թագաւորական շրջանակներուն մէջ, այր մարդ եւ կին մետաքսով ծածկուած էին: Նոյնիսկ կօշիկները մետաքսէ էին: Այդ տարիներէն ի վեր մետաքսը մնացած է կոկիկ...

Մետաքսը` Ամէնէն Շքեղ Կերպասը (Ա. Մաս)

Մետաքսը` Ամէնէն Շքեղ Կերպասը (Ա. Մաս)

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մետաքսը ամէն տեղ է` իշխաններուն հագուստներուն մէջ, պալատներուն զարդարանքներուն մէջ, նորաձեւութեան աշխարհի նշանաւոր ստեղծագործներու գործերուն մէջ... Այս թանկարժէք կերպասին պատմութիւնը կը սկսի բաւական հնարագէտ փոքրիկ որդի մը շնորհիւ: Մեր հագուած հագուստներուն մեծ մասը պատրաստուած է բամպակի թելերով, այսինքն յառաջացած է բոյսէ մը, կամ` արհեստական կերպասներէ, որոնք կը պատրաստուին գործարաններու մէջ քիմիական նիւթերով: Մետաքսին պատրաստութիւնը ո՛չ մէկ...

Զատիկ Է

Զատիկ Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գարունը կը վերադառնայ` դարձեալ հետը բերելով վերածնունդ եւ Զատիկ: Վստահաբար դուն արդէն այդ օրուան յատուկ պատրաստութիւններ տեսած ես եւ կը շարունակես պատրաստուիլ աւանդութիւններուն` ընտանեկան ճաշին, հաւկթախաղին, տուրմէ հաւկիթներու բաշխումին... Նոյն ձեւով, աշխարհի շուրջ, տարբեր երկիրներու մէջ, միլիոնաւոր ընտանիքներ կը պատրաստուին տօնելու Զատիկը` իրենց յատուկ սովորութիւններով, ուտելիքներով, տօնակատարութիւններով... Օրինակի համար, գիտէի՞ր, թէ սկանտինաւեան կարգ մը երկիրներու մէջ...

Չեմ Կրնար Քնանալ

Չեմ Կրնար Քնանալ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անցեալ շաբաթ մենք ժամացոյցները մէկ ժամ յառաջացուցինք: Այս ձեւով մենք հիմա ստիպուած ենք առտուն մէկ ժամ կանուխ արթննալ. օդը տակաւին ցուրտ է, դուրսը` գրեթէ մութ: Երբեմն դժուար կը թուի այս ժամանակի փոփոխութիւնը կառավարելը: Ան կը խանգարէ քունի մեր ժամերը: Իսկ մենք գիտենք, որ քունը կարեւոր է: Քունի ընթացքին է, որ մենք օրուան յոգնութենէն կը ձերբազատինք եւ...

Page 15 of 25 1 … 14 15 16 … 25

Արխիւներ