Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապագան` Գետնին Տակ

Յունիս 8, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մասնագէտները կը փորձեն երեւակայել, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կրնան կազմակերպուիլ եւ ապրիլ, եթէ ապագային անոնք ստիպուին ապրելու գետնին տակ: Իսկ դո՞ւն, պիտի ուզէի՞ր ապրիլ գետնին տակ:

Մայիս ամսուն Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած Ներքնուղիներու միջազգային վեհաժողովին մասնագէտները մտածած են ապագային գետնին տակ ապրելու հաւանականութեան մասին: Ըստ անոնց, կարելի է գետնին տակ միայն ներքնուղիներ չշինել: Կարելի է հոն բնակիլ, հողը մշակել եւ նոյնիսկ զբաղիլ: Ասիկա կրնայ նաեւ լուծել բազմաթիւ հարցեր, ինչպէս` ապականումը, մշակելի հողի պակասը, կամ գերբնակեցումը:

Օրէնքները Փոխել

Կարգ մը քաղաքներ արդէն սկսած են օգտագործել իրենց ենթահողը: Պոսթըն, Օսլօ, Ռիօ տը Ժանեյրօ, Սիաթըլ եւ Սիտնի գետնին տակ շինած են մայրուղիներ: Սինկափուրի եւ Հոնկ Քոնկի նման մեծ քաղաքներ սկսած են իրենց օրէնքները փոխել` կարելիութիւնը տալու համար համալսարաններու, գրադարաններու, շարժապատկերի սրահներու, կամ առեւտրական կեդրոններու` գետնին տակ հաստատուելու:

Լոյս

Գետնին տակ բնակիլը կարելիութիւնը կու տայ նաեւ բնակչութեան օդերեւութաբանական աղէտալի երեւոյթներու դէմ պաշտպանուելու, ինչպէս, օրինակ, մրրիկներու պարագային: Այս լուծումին միակ անպատեհութիւնը լոյսի պակասն է: Նոյնիսկ եթէ լամբերը ներկայիս կարելիութիւնը կու տան դուրսի նոյն լոյսը ստեղծելու ներսը, սակայն մարդիկ, անասունները եւ բոյսերը կրնա՞ն իսկապէս ապրիլ առանց արեւի:

Տարօրինակ Ներքնուղներ

Նորվեկիոյ մէջ մասնագէտները կ՛ուսումնասիրեն անհաւատալի ներքնուղիի մը շինութեան կարելիութիւնները. նուազագոյնը գետնի մակերեսէն 20 մեթր վար պեթոնէ ներքնուղի մը` չխանգարելու համար նաւարկութեան, ո՛չ ալ ալիքներու ազդեցութեան տակ գտնուելու համար. 2026 թուականին ան պիտի ըլլայ աշխարհի ամէնէն խորունկ (- 390 մեթր) եւ ամէնէն երկար (27 քմ) ինքնաշարժներու ընդծովեայ ներքնուղին: Ուրիշ տարօրինակ ներքնուղիի ծրագիր մըն է նաեւ Էնկրի Պիրտզ խաղը հնարող ֆինլանտացի Փիթըր Վեսթըրպաքայինը, որ կ՛ուզէ գետնին տակ 103 քմ երկարութեամբ շոգեկառքերու յատուկ ներքնուղի մը շինել տալ` Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքին կապելու համար Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալլինի:

Սինկափուրի Մէջ

 Ծխողները` Վանդակին Մէջ

Գիտէի՞ր, որ կարգ մը երկիրներու մէջ այլեւս արգիլուած է ծխախոտ ծախել: Իսկ Սինկափուրի մէջ պատասխանատուները նոյնիսկ կ՛ուզեն ծխողները «տուփերու» մէջ դնել:

Քիչ երկիրներ ամբողջովին կ՛արգիլեն ծխախոտը: Երկրագունդին վրայ ծխախոտը արգիլող առաջին երկիրը եղած է Պութանը` Հիմալայեան լեռներուն մէջ գտնուող փոքրիկ թագաւորութիւն մը, որ ծխախոտը ամբողջովին արգիլած է 2004 թուականին: Ան արգիլած է իր հողերուն վրայ ծխախոտի արտադրութիւնը, առեւտուրը եւ բաշխումը: Կարելի է ծխախոտ գնել երկրէն դուրս, սակայն պէտք է շատ մեծ տուրքեր վճարել: Ուրիշ կարգ մը շրջաններու մէջ, ինչպէս` Վատիկան կամ Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքի Պեւըրլի Հիլզ հարուստ թաղամասին մէջ:

* * *

Սինկափուրը ծխախոտին դէմ պայքարող Ասիոյ ամէնէն խիստ երկիրներէն մէկն է: Ան ծխելը արգիլած է գրեթէ ամէն տեղ: Փողոցին մէջ միայն քանի մը վայրեր ճշդուած են ծխելու համար: Սակայն պետութիւնը կ՛ուզէ ա՛լ աւելին ընել: Ան հաստատած է ծխողներու յատուկ «վանդակներ»: Ասոնք խուցեր են, ուր օդը կը չափուի եւ դուրս կ՛արձակուի, երբ մաքրուի: Այս խուցերը փորձող առաջին ծխողները շատ չեն սիրած այդ «վանդակները»…

Գիտէի՞ր, թէ…

Երկրագունդին վրայ ամէն երկվայրկեան միջին հաշուով 137 հազար ծխախոտի մնացորդ կը թափուի: 10-ը մնացորդէն 4-ը կը հասնի ծով, ուր ան ջուրը կ՛ապականէ մէջը գտնուող քիմիական նիւթերուն պատճառով: Իսկ ցամաքին վրայ մնացածները 2-5 տարիի կը կարօտին անհետանալու համար…

Մայոթի Շրջանին Մէջ`
Անհանդարտ «Մանուկ» Հրաբուխ Մը

Մէկ տարիէ ի վեր Մայոթ կղզիին վրայ անդադար երկրաշարժեր տեղի կ՛ունենան: Հնդկաց ովկիանոսին մէջի այս փոքրիկ ֆրանսական կղզին կրնայ օրական մինչեւ 5 անգամ շարժիլ:

Այս երեւոյթը շատ կը մտահոգէ կղզիին բնակիչները. շատեր իրենց տուներէն դուրս կը քնանան` վախնալով, որ տունը իրենց վրայ փուլ գայ: Գիտնականները վերջապէս գտած են այս երեւոյթին պատճառը: Ծովուն մէջ հրաբուխ մը ծնած է:

800 մեթր բարձրութիւն

Ասիկա պատահած է կղզիէն 50 քմ հեռու, 3500 մեթր ծովուն տակ: Մէկ տարի առաջ նոր հրաբուխ մը սկսած էր կազմուիլ: Լաւան ժայթքած է երկրագունդի կեդրոնէն եւ դիզուած է: Այժմ հրաբուխը կ՛արձակէ 800 մեթր բարձրութեամբ եւ 4 քմ լայնքով ծուխեր, որոնք կը բարձրանան մինչեւ 2 քմ եւ հետեւաբար կը հասնին մակերես: Ուրեմն ամէն ինչ տեղի կ՛ունենայ ջուրին տակ, եւ կարելի չէ այժմ գիտնալ, թէ այդ հրաբուխը տակաւին կը մեծնա՞յ:

Հազուադէպ երեւոյթ

Հրաբուխին կազմուելէն ի վեր Մայոթ կղզին 13 սմ ընկղմած է եւ տեղափոխուած` 10 սմ: Գիտնականները արդէն հոն կը գտնուին մօտէն ուսումնասիրելու համար այս հազուադէպ երեւոյթը: Անոնք պիտի փորձեն աւելի լաւ զայն հասկնալ` բնակիչներուն ապահովութիւն հայթայթելու համար:

Ջուրին եւ սառոյցին տակը

Ընդծովեայ հրաբուխները հազար անգամ աւելի շատ են, քան` ցամաքին վրայի հրաբուխները: Կ՛ենթադրուի, որ անոնց թիւը 1,5 միլիոն է ջուրին տակ, սակայն անոնք տակաւին մեզի շատ ծանօթ չեն: Ընդծովեայ ժայթքումներն ալ աւելի յաճախակի են, սակայն մակման չի կրնար ջուրը եռացնել: Վերջապէս յիշենք, որ հրաբուխները կրնան ծնիլ նաեւ սառոյցի կոյտերուն տակ:

Ժամանց
Ո՞ր ճամբան քեզի կարելիութիւնը պիտի տայ հաւաքելու ամէնէն մեծ թիւով պաղպաղակները:

 

Քանի՞ խամաճիկ կրնաս կազմել պատկերին մէջի կտորներով:

 

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր պատկերի մէջ գտնուող մէկ տարբեր մանրամասնութիւնը:

 

Կրնա՞ս քառանկիւն մը կազմել` պատկերին մէջի կտորներով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Յունիս 1969)

Յաջորդը

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ. Թրամփ Առաջադրուած Է Նոպելեան Խաղաղութեան Մրցանակի…

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?