Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
«Մեծ Կապոյտը»` Միջերկրական ծովը տխուր մրցանիշ մը արձանագրած է. ան աշխարհի ամէնէն ապականած ծովն է: Ներկայիս անոր կենդանական աշխարհը մեծ վտանգի մէջ կը գտնուի. ասիկա ծանր է, որովհետեւ հոն կ՛ապրին մեծ թիւով ծովային անասուններ, տասը ծովային անասունէն մէկը Միջերկրականի մէջ «բնակութիւն» հաստատած է: Հետեւաբար, ի՞նչ կրնանք ընել անոնց օգնելու համար:
Ինչո՞ւ Ան Այսքան Ապականած Է
Միջերկրականը աշխարհի ամէնէն ապականած ծովն է բազմաթիւ պատճառններով: Ան գոց ծով մըն է, եւ ասիկա կը նշանակէ, որ աղբերը չեն կրնար հաւաքուիլ եւ դուրս թափիլ: Հետեւաբար, երբ նաւերու վառելանիւթը կ՛ապականէ ջուրը (ինչպէս ինքնաշարժներուն վառելանիւթը կ՛ապականէ օդը), կամ երբ գործարանային եւ երկրագործական աղբերը ծովը կը թափուին, ամբողջ այս ապականումը կը դիզուի: Սակայն ասիկա ապականումին միակ պատճառը չէ:
Դուն հաւանաբար գիտես, որ Միջերկրական ծովը ճանչցուած է իբրեւ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ ծովերէն մէկը: Ասիկա անոր ապականումին մէկ այլ պատճառն է: Ամէն տարի երկու հարիւր միլիոն զբօսաշրջիկներ կ՛ուղղուին դէպի Միջերկրական` աւելնալով անոր շուրջը ապրող հարիւր յիսուն միլիոն բնակիչներուն վրայ: Այս զբօսաշրջիկները ինքնաբերաբար կ՛ապականեն ծովը. ամէն տարի ծովուն մէջ թափուած ծխախոտներու մնացորդներուն վրայ կ՛աւելնայ 40 առ հարիւր: Ծխախոտի մնացորդ, շիշ, կերպընկալէ գաւաթ եւ տոպրակ, կափարիչ, չիփսի, պոնպոնի, պաղպաղակի ե դեղերու տոպրակներ եւ տուփեր, սիւսեթի ցպիկ, ականջ մաքրելու ցպիկ… Ցանկը երկար է:
Կերպընկալը Ամէն Տեղ Է…
Ծովուն մէջ թափուած աղբերուն մէջ կը գտնուին մօտաւորապէս հարիւր երեսուն հազար թոն մայքրոփլասթիք (պզտիկ կտորներու բաժնուող կերպընկալ) ամէն տարի: Կերպընկալի այս մանր կտորները իրենց կարգին կը կլլուին անասուններուն կողմէ, անոնց առողջութիւնը, եւ հետեւաբար` մերն ալ, վտանգի տակ դնելով:
Օրինակի համար, այն անձերը, որոնք կը սիրեն ձկնականջ կամ ոստրէ ուտել, կրնան տարեկան մինչեւ տասնմէկ հազար կտոր մայքրոփլասթիք ուտել :
Ի՞նչ Կարելի Է Ընել
Միջերկրականը փրկելու համար բազմաթիւ միջոցներ կը նշուին: Այսպէս`
– Ստեղծումը յատուկ շրջաններու, ուր նաւերը իրաւունք պիտի չունենան երթալու, եւ` նեցուկ կենալ արդէն պահպանուած շրջաններուն:
– Քարոզչական աշխատանքներ` ուղղուած զբօսաշրջիկներուն, որպէսզի անոնք դադրին իրենց աղբերը ծովափը ձգելէ կամ ծովուն մէջ նետելէ, յատկապէս` կերպընկալէ աղբերը: Օրէնքներու հաստատումը կրնայ նաեւ օգնել աղբերուն քանակը սահմանափակելու. օրինակի համար, մղել գործարանները եւ երկրագործները` վերամշակելու իրենց աղբերը, արգիլելու կերպընկալէ տոպրակները կամ ծովափներուն եւ վարձուող նաւերուն վրայ ծխելը արգիլել` ծխախոտներու մնացորդներուն քանակը սահմանափակելու համար:
– Զօրաշարժ. Միջերկրականին շուրջ ապրող մարդիկ կու գան մաքրելու ծովափներուն աղբերը, մինչ սուզորդները կը մաքրեն ծովուն խորերը:
Օգնութեան Հասնող Հնարքներ
Բոլոր այս շարժումներուն կողքին, միջոցներ կը ստեղծուին ծովը մաքրելու համար: Օրինակի համար «Տի օշըն քլինափ» հոլանտական միութիւնը կ՛ուսումնասիրէ` ինչպէ՛ս կառուցել հսկայական պատնէշներ` հոսանքներու կողմէ քշուող կերպընկալէ իրերը բռնելու համար: Բոլորին ճիգերուն եւ այս միջոցառումներուն շնորհիւ` մենք կրնանք օր մը յաղթական ելլել ապականումին դէմ մեր այս պատերազմին մէջ:
Ամէնէն Մաքուր Օդը
Կրիմ հրուանդանը կը գտնուի աւստրալիական Թազմանիա կղզիին վրայ: Այս վայրի տարածքը սաստիկ հովերով կը ցնցուի: Ըստ մասնագէտներուն, հոն է, որ կը գտնուի աշխարհի ամէնէն մաքուր օդը: Այս մաքուր օդին ազդեցութիւններէն օգտուելու համար կրնաս գնել այդ շրջանէն Քէյփ Կրիմի ջուրի ընկերութեան կողմէ հաւաքուած անձրեւի ջուրի շիշեր:
Հսկայական Ձուկ Մը`
Ծովափին
1,8 մեթր երկարութեամբ եւ 2,5 թոն կշռող լուսին-ձուկ մը գտնուած է մարտի կէսերուն, Աւստրալիոյ հարաւային ծովափներէն մէկուն վրայ: Այս տարօրինակ տափակ ձուկը իր մարմինին մէկ կողմը յաճախ դէպի արեւ դարձած կը լողայ. ան կրնայ նաեւ սուզուիլ հարիւրաւոր մեթր խորերը: Սակայն ան կրնայ յատկապէս ունենալ այս գտնուած ձուկին չափին կրկնապատիկը: Ձուկերու հսկան…
Մէկ Մանուկ = Մէկ Ծառ
Պելճիքայի Պրուքսէլ մայրաքաղաքը 2020 թուականէն սկսեալ Հարաւային Ափրիկէի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ մէկ ծառ պիտի տնկէ իւրաքանչիւր նոր մանուկի մը ծնունդին: Այս որոշումը տրուած է կենսոլորտի պահպանման ծրագրին շրջագիծին մէջ, այդ երկիրներու անտառները վերականգնելու համար:
Մէկ Միլիոն Արժող Աղաւնին
Անոր անունը Արմանտօ է: Ան կը նմանի ուրիշ որեւէ աղաւնիի: Սակայն ան պարզ աղաւնի մը չէ, եւ կ՛արժէ 1,4 միլիոն տոլար: Ան ճամբորդող աղաւնիներուն ախոյեաններուն ախոյեանն է: Ան բազմաթիւ մրցանքներ շահած է: Չին մը զայն գնած է Պելճիքայի մէջ: Վստահաբար ան թռչունը պիտի օգտագործէ ուրիշ ախոյեան աղաւնիներու ծնունդ տալու համար:
Օդերեւութաբանական Վիճակը
Հրատ Մոլորակին Վրայ
Եօթը տարուան աշխատանքէ եւ եօթը ամսուան ճամբորդութենէ ետք «ՔնՍայթ» անջրպետանաւը հասաւ երկրագունդին ամէնէն մօտիկ դրացիին քով` Հրատ մոլորակ, 26 նոյեմբեր 2018-ին:
Այս անջրպետանաւը կրնայ չափել ջերմաստիճանը եւ օդին արագութիւնը. այս ձեւով ան ամէն օր դէպի երկրագունդ կը ղրկէ Հրատ մոլորակի օդին մասին տեղեկութիւններ: Հրատի օդերեւութաբանական առաջին «յայտագիրը» մեզի տեղեկացուց մոլորակին մասին 11-17 փետրուար 2019 շաբթուան մասին: Այս ժամանակաշրջանին, անջրպետանաւուն հաստատուած շրջանին մէջ ջերմաստիճանը կը տարուբերէր -17-էն 95 աստիճանի միջեւ, իսկ հովը կը փչէր 16.9 մեթր/երկվայրկեան արագութեամբ եւ հարաւ-արեւմուտք ուղղութեամբ:
Ժամանց


