Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զատիկ Է

Ապրիլ 13, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գարունը կը վերադառնայ` դարձեալ հետը բերելով վերածնունդ եւ Զատիկ: Վստահաբար դուն արդէն այդ օրուան յատուկ պատրաստութիւններ տեսած ես եւ կը շարունակես պատրաստուիլ աւանդութիւններուն` ընտանեկան ճաշին, հաւկթախաղին, տուրմէ հաւկիթներու բաշխումին…

Նոյն ձեւով, աշխարհի շուրջ, տարբեր երկիրներու մէջ, միլիոնաւոր ընտանիքներ կը պատրաստուին տօնելու Զատիկը` իրենց յատուկ սովորութիւններով, ուտելիքներով, տօնակատարութիւններով…

Օրինակի համար, գիտէի՞ր, թէ սկանտինաւեան կարգ մը երկիրներու մէջ մարդիկ կ՛ուզեն Զատիկի առաւօտ շատ կանուխ արթննալ` ներկայ գտնուելու համար «արեւու պարին»: Այս պատճառով է, որ նաեւ Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ Դանիոյ մէջ Զատկուան բոլոր զարդարանքները կը ներկուին արեւու գոյնով դեղին:

Մինչ Լեհաստանի մէջ Զատիկի «Մեծ գիշերը» մարդիկ կը ցուցադրեն իրենց գոյնզգոյն ներկուած, կամ բուրդի թելերով զարդարուած հաւկիթները: Իսկ երկուշաբթի առտու` «Սմիկուս Տինկոսի» օրը ժողովուրդը իրարու վրայ ջուր կը սրսկէ մեղքերէ մաքրուելու համար:

Ֆինլատիոյ եւ Անգլիոյ կարգ մը շրջաններուն մէջ ծերունի կիներու կամ վհուկներու նման ծպտուած փոքրիկները տունէ տուն կը շրջին անուշեղէններ հաւաքելու համար:

Իտալիոյ մէջ սովորութիւն է Զատկուան կէսօրուան ճաշին ուտել աւետիսի խորհրդանիշ աղաւնիի ձեւով «Քոլոմպա» կոչուած պրիոշը:

Իսկ դո՞ւն, ինչպէ՞ս պիտի տօնես Զատիկը:

Ձեռային Աշխատանք

 Զատկուան Պատրաստութիւն
Ճուտիկ եւ նապաստակ

Պէտք ունիս

Գունաւոր թուղթերու (օրինակի համար` դեղին, վարդագոյն, նարնջագոյն` ճուտիկներուն համար, ճերմակ, բաց վարդագոյն, բաց կապոյտ, բաց մանիշակագոյն` նապաստակներուն համար)` խէժի, մկրատի, թելի, ուլունքներու:

Բացատրութիւն

1.- Ճուտիկին համար թուղթին վրայ գծէ մօտաւորապէս 7-8 սմ տրամագիծով 8 կլորակներ: Կրնաս նաեւ գործածել գաւաթի մը բերանին շրջագիծը:

2.- Կտրէ կլորակները:

3.- Բոլոր շրջանակները կէսի ծալէ:

4.- Կլորակի մը ձախ կողմի ծալքին վրայ խէժ դիր եւ անոր վրայ փակցուր ուրիշ շրջանակի մը աջ կողմը: Նոյն ձեւով իրարու փակցուր բոլոր կլորակները: Վերջին երկու բաժինները իրարու փակցելէ եւ գունդը ստանալէ առաջ ծալքին վրայ խէժ դիր եւ երկուքի ծալած թելդ վրան փակցուր: Ապա գունդդ գոցէ վերջին երկու ծալքերը իրարու փակցնելով:

5.- Թելի վարի բաժինը երկար պահէ: Թելերէն իւրաքանչիւրին ծայրը ուլունք մը անցուր եւ ապա հանգոյց մը ըրէ:

6.- Ուրիշ գոյնի թուղթի մը վրայ գծէ եւ կտրէ ճուտիկին թեւերը եւ կտուցը, ապա զանոնք փակցուր գունդին վրայ:

7.- Սեւ ներկով աչքերը աւելցուր:

8.- Նապաստակին պարագային, նոյն ձեւով աշխատէ, սակայն կլորակին փոխարէն մօտաւորապէս 6.5 սմ. երկայնքով եւ 5ս մ. լայնքով հաւկթաձեւ շրջագիծ մը գծէ: Կրնաս օրինակ մը տպել համացանցէն, կամ ծալուած թուղթի մը ծալքին վրայ գծել հաւկթաձեւին կէսը, զայն կտրել, եւ պիտի ստանաս լման հաւկթաձեւ շրջագիծդ:

9.- Մի՛ մոռնար նապաստակին համար աւելցնելու անոր ականջները եւ պոչիկը:

 Իւրայատուկ Պանդոկ Մը

Մայիս ամսու կէսերուն իւրայատուկ պանդոկ մը իր դռները պիտի բանայ Ռուսիոյ մէջ: «Հասպրօ» խաղալիքներու մեծ ընկերութիւնը յղացած է գաղափարը` շինելու 4 աստղանի պանդոկ մը` ամբողջովին նուիրուած նշանաւոր ընդհանուր զարգացումի ընկերային խաղին` «Թրիվիալ փուրսութի»:

«Թրիվիալ փուրսութ» խաղը շուկայ իջաւ 1979-ին եւ շատ շուտ մեծ յաջողութիւն գտաւ: Ան աշխարհի երրորդ ամէնէն շատ ծախուած ընկերային խաղն է «Սքրապըլ»-էն (բառխաղ եւ «Մոնոփոլի»-էն ետք. այս խաղէն ծախուած են աւելի քան 100 միլիոն տուփեր, եւ անիկա թարգմանուած է 19 լեզուներու:

«Թրիվիալ փուրսութ» պանդոկը շինուած է մայրաքաղաք Մոսկուայի հիւսիսը: Անիկա բաղկացած է երկու յարկէ եւ յղացուած է իբրեւ հիւրերու տուն մը, որ ունի երեք սենեակ, սաունա, կրակարանով հիւրանոց մը եւ խորովածի յատուկ անկիւնով օժտուած պարտէզ մը: Սակայն այս պանդոկին յատկութիւնը պարզապէս անոր անունը չէ:

Այս պանդոկը իւրայատուկ է, որովհետեւ անոր գիները եւ հանգստութեան աստիճանը կախեալ են այդ պանդոկի հիւրերուն ճիշդ պատասխաններէն:

«Թրիվիալ փուրսութ» խաղին նման` յաճախորդ-մասնակցողներուն պիտի տրուին ընդհանուր զարգացումի հարցումներ: Ճիշդ պատասխաններու պարագային, անոնք կը շահին ոչ միայն իսկական խաղին պզտիկ եռանկիւնաձեւ քարերէն, այլ կրնան նաեւ ստանալ, ըստ իրենց ճիշդ կամ սխալ պատասխաններուն աւելի առաջնակարգ սպասարկութեան (առաջնակարգ պիտոյքներ, մեծ չափի անկողին, շքեղ ճաշացուցակ), կամ ընդհակառակը, կէտեր կորսնցնելու պարագային, կորսնցնել նաեւ կարգ մը առաձնաշնորհումներ, ինչպէս, օրինակի համար, հիւրանոցի մեծ պատկերասփիւռին փոխարէն` ստանալ հին սեւ-ճերմակ պաստառով պատկերասփիւռ մը, կամ բանակումի անկողին մը մեծ հանգստաւէտ անկողինին փոխարէն…

Եթէ կը սիրես ընդհանուր զարգացման այս խաղերը, կրնաս արդէն իսկ պատրաստել պայուսակդ եւ ուղղուիլ դէպի Ռուսիա, ուր այս պանդոկը իր դռները պիտի բանայ 10 մայիսէն  մինչեւ 14 յունիս միայն:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել տուրմէ հաւկիթին պակսող կտորները:
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 2 տարբեր մանրամասնութիւնները:
Մէկ կէտ պարունակող բաժինները սեւ ներկէ յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (13 Ապրիլ 1969)

Յաջորդը

«Ես»-ի Ու «Միւս Ես»-ի Յարաբերութիւնը Գուրգէն Խանջեանի Վէպերուն Մէջ

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?