Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձակուրդներ Անջրպետին Մէջ

Յունիս 29, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտէի՞ր, թէ ՆԱՍԱ-ն յայտարարած է, որ 2020 թուականէն սկսեալ կարելի պիտի ըլլայ զբօսաշրջիկներու անջրպետ մեկնումը: Յատուկ անջրպետային տիեզերանաւեր պիտի դրուին զբօսաշրջիկներուն տրամադրութեան տակ` զանոնք փոխադրելու մինչեւ Անջրպետի միջազգային կեդրոնը, անջրպետին մէջ միակ վայրը, ուր կը գտնուին մարդ արարածներ:

* * *

2024 թուականէն սկսեալ մեր գլխուն վերեւ, 400 քմ բարձրութեան վրայ դարձող այս կեդրոնին մէջ այլեւս գիտական փորձեր պիտի չկատարուին: Ուրիշ կեդրոն մը պիտի հաստատուի լուսինին աւելի մօտ: Իսկ ներկայի կեդրոնին ապագային համար ՆԱՍԱ-ն բազմաթիւ լուծումներ ունէր. փճացնել` զայն երկրագունդին մթնոլորտին մէջ մտնելով (ան պիտի ոչնչանար մթնոլորտին մէջ մտնելով), զայն անջրպետին մէջ շատ աւելի հեռու, երկրագունդէն 1200 քմ անդին ղրկել, կամ հաստատութիւններու արտօնել զայն գործածել: Երրորդ լուծումն էր, որ ընդունուեցաւ կեդրոնին ծախսերը հոգալու համար:

* * *

ՆԱՍԱ-ն պիտի արտօնէ մինչեւ տասներկու անձնական աստղանաւորդներու կեցութիւնը Անջրպետի միջազգային կեդրոնին մէջ` առեւտրական կամ զբօսաշրջութեան նպատակներով: Անշուշտ, անջրպետին մէջ զբօսաշրջիկ ըլլալու համար պէտք է ըլլալ հարուստ եւ առողջ: Թեկնածուները պէտք է քննութիւններ անցընեն եւ կարող ըլլան հետեւելու ապահովութեան տարբեր դատաքննութիւններու:

* * *

Այս զբօսաշրջիկները անջրպետի առաջին զբօսաշրջիկները պիտի չըլլան: Անջրպետի միջազգային կեդրոնը հասնող առաջին զբօսաշրջիկը ամերիկացի միլիառատէր Տենիս Թիթոն էր: 2001 թուականին ան աւելի քան 22,5 միլիոն տոլար վճարած էր այս ճամբորդութիւնը կարենալ ընելու համար: Ընդամէնը 6 այր մարդ եւ 1 կին մինչեւ այսօր իբրեւ զբօսաշրջիկ կրցած են բարձրանալ 100 քմ-էն անդին, որ կը նշանակէ անջրպետին մուտքը:

* * *

Տարեկան դէպի անջրպետ զբօսաշրջիկներու երկու ճամբորդութիւն տեղի պիտի ունենայ: Կեցութիւնները կարելի պիտի ըլլան տեւել մինչեւ 30 օր: Դէպի Անջրպետի միջազգային կեդրոն արտօնութիւն ունեցող միայն երկու տիեզերանաւեր ճամբորդութիւնը պիտի կատարեն` «Սփէյսեքս» եւ Պոյինկ»:

ՆԱՍԱ-ն անջրպետի կեդրոնին մէջ մէկ գիշերուան կեցութեան գին որոշած է 35 հազար տոլար: Այս գումարին մէջ ներառուած են` ուտելիք, ջուր, բաղնիք եւ կեդրոնին մէջ ապրելու անհրաժեշտ բոլոր դրութիւնները:

Աշխարհի Ամէնէն Մեծ
Աւազէ Պալատը

Աշխարհի ամէնէն մեծ աւազէ պալատը շինուած է Գերմանիոյ Պինզ քաղաքի ծովափին:

Իր 17,66 մեթր բարձրութեամբ ան նոր մրցանիշ մը արձանագրեց այս մարզին մէջ: Նախկին մրցանիշը 16,68 մեթր էր: Ան արձանագրուած էր 2017-ին:

Այս պալատին կառուցումը տեւած է մէկ ամիս: Արուեստագէտները գործածած են բահեր եւ բեռնաբարձ մեքենայ մը: Պալատը կը կշռէ 11 թոն: Կարելի է այցելել մինչեւ նոյեմբեր ամիսը. դիւրին չէ երկար պահել աւազէ գործ մը, որովհետեւ ան կրնայ փճանալ հովին, անձրեւին ազդեցութեան տակ:

Հետաքրքրական

–  Թոնկա կղզեխումբը աշխարհի առաջին երկիրն է, որ տարի կը փոխեն: Երբ անոնց մօտ կէս գիշերէն ետք 00:01 է ժամը, մեր մօտ կէսօրէ ետք ժամը 14:01-ն է 31 դեկտեմբերը:

–  20 տարիներու ընթացքին Աւստրալիոյ Փարքս աստղադիտարանի աստղագէտները տարօրինակ ռատիօալիքներու նշաններ արձանագրած են` ենթադրելով, որ անոնք կրնան արտերկրային նշաններ ըլլալ: Սակայն անոնք անդրադարձած են, որ անոնք փեթիթոններ են… երկրային նշաններ, որոնք կու գան մեր խոհանոցներէն եւ կը յայտնուին, երբ մանրալիք փուռերը կ՛աշխատին: Աստղագէտները կը մտածեն փոխադրուիլ մեկուսացած վայր մը, ուր չկան երկրային ալիքներ, ո՛չ ալ` մանրալիք փուռեր:

–  Ձմրան սոխերով կամ արմատներով բոյսերը (ինչպէս` նարկիզը, ստեպղինը, հերիկը…) կը պահուըտին գետնին տակ` ցուրտէն պահպանուելու համար, կարծէք անոնք կ՛անհետանան: Իսկ գարնան, կարծէք, կախարդութեամբ անոնք դարձեալ կը յայտնուին:

–  Տաք մնալու համար մեղուները կը խմբուին բոյնին կեդրոնը եւ ողկոյզի ձեւ կ՛առնեն:

–  Իր 800 բնակիչներով Վատիկանը աշխարհի ամէնէն քիչ բնակիչ ունեցող երկիրն է:

–  Կուղբը տարօրինակ կրծող անասուն մըն է: Կէս ժամէն ան կրնայ տապալել 50 սմ տրամագիծ ունեցող ծառ մը:

–  Մարդկային մարմինը ունի 656 մկան:

–  2013 թուականին ամերիկացի Աշրիթա Ֆըրման իր քիթովը ուռեցուցած է 380 փուչիկ մէկ ժամէն:

–  «Փլանեթ սոլար»-ը աշխարհի ամէնէն մեծ նաւն է, որ կը բանի արեւու ուժով:

–  Վայրի ծիծեռնակը թռչուն մըն է, որ կրնայ օդին մէջ մնալ 200 օր` առանց թառելու եւ այս ձեւով կտրել աւելի 10 հազար քմ:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վեց տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել այն երեք առարկաները, որոնք կը գտնուին քառանկիւնին մէջ, եւ ո՛չ աստղին մէջ, եւ` այն երեք առարկաները, որոնք կը գտնուին աստղին մէջ եւ ո՛չ քառանկիւնին մէջ:

 

Կրնա՞ս գտնել այս երկու կտորները, որոնք պիտի կազմեն վերի տուփիկը:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (29 Յունիս 1969)

Յաջորդը

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի 2018-2019 Տարեշրջանի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?