Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
1960-ական թուականներուն աշխարհի երկու ամէնէն հզօր պետութիւնները` Միացեալ Նահանգները եւ Խորհրդային Միութիւնը մեծ պայքար կը մղէին առաջին մարդը լուսին ղրկելու համար:
Խորհրդային Միութիւնը եղած էր առաջին պետութիւնը, որ դէպի անջրպետ արձակած էր առաջին արբանեակը, եւ ապա` առաջին մարդ արարածը: Հետեւաբար Միացեալ Նահանգներուն համար շատ կարեւոր էր ըլլալ լուսինին վրայ առաջին քայլը առնող պետութիւնը: 1961-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճոն Քենետի կը յայտարարէ, որ ամերիկացի մը լուսինին վրայ պիտի քալէ 1970-էն առաջ` շնորհիւ «Ափոլօ» կոչուած ծրագիրի մը:
***
1969-ին ամերիկացիները պատրաստ են իրենց երազը իրականացնել: Անոնք ունին հզօր եւ վստահելի հրթիռ մը, «Սաթըրն 5»- որ կարող է մարդիկ մինչեւ լուսին հասցնել: 16 յուլիս 1969-ին երեք աստղանաւորդներ թռիչք կ՛առնեն Քէյփ Քանաւերալէն, Ֆլորիտա: Երեք օրուան ճամբորդութենէն ետք «Ափոլօ 11»-ի տիեզերանաւը կը հասնի լուսին:
20 յուլիսի երեկոյեան փոքրիկ անջրպետանաւը կը բաժնուի գլխաւոր մասէն եւ կամաց-կամած կ՛իջնէ լուսնին վրայ: Անոր մէջ կը գտնուին Նիլ Արմսթրոնկ եւ Պազ Ալտրին: Երրորդ աստղանաւորդը` Մայքըլ Քոլինզ կը մնայ «Ափոլօ» տիեզերանաւուն մէջ:
***
21 յուլիսի առտուան ժամը 3:56-ին Նիլ Արմսթրոնկ կը դառնայ լուսինին վրայ քալող առաջին մարդը: Անոր քաջագործութեան ուղղակիօրէն կը հետեւին երկրագունդին վրայ աւելի քան 600 միլիոն ակնդիրներ` իրենց պատկերասփռումներուն առջեւ նստած: «Ասիկա փոքրիկ քայլ մըն է մարդուն համար, բայց հսկայական ոստում մը` մարդկութեան համար»: Այս բառերով է, որ Արմսթրոնկ կ՛արտայայտուի այս պատմական դէպքին առիթով:
Տիեզերանաւը երկրագունդը կը վերադառնայ երեք աստղանաւորդներով, 24 յուլիսին, առանց խափանումի, իյնալով Խաղաղական ովկիանոսին մէջ:
***
1972-էն ի վեր ոչ մէկ անձ լուսին վերադարձած է: Անձնական ընկերութիւններ կ՛ուզեն զբօսաշրջիկներ ղրկել դէպի անջրպետ: Առաջին զբօսաշրջիկը դէպի լուսին պիտի ճամբորդէ «Սփէյս Էքս» տիեզերանաւով, սկզբունքով 2023-ին: Ուրիշ ճամբորդութիւններ ալ նախատեսուած են:
Լուսինին Վրայի
Հետքերը
Արդեօք աստղանաւորդներուն ոտքերուն լուսինին վրայի հետքերը որքա՞ն ժամանակ տեսանելի պիտի մնան…
Որովհետեւ լուսինը մթնոլորտ չունի, հոն ո՛չ հով, ո՛չ ալ անձրեւ կայ: Հետեւաբար, հոն չկայ նաեւ ջուր, եւ` հազարաւոր մանր միջատներ, որոնք կը սողան գետնին վրայ… Այսինքն հոն գոյութիւն չունին, ինչպէս մեր երկրագունդին վրայ, տեսակաւոր երեւոյթներ, որոնք սովորաբար կրնան հետքերը ջնջել:
Հետեւաբար «Ափոլօ»-ի տարբեր արշաւանքներուն մասնակցած աստղանաւորդներուն ոտքերուն հետքերը յաւիտեանս պիտի մնա՞ն լուսինին գետնի վրայ: Ո՛չ:
Որովհետեւ լուսինին վրայ օդ չկայ, լուսինի գետնին վրայ կը զարնուին մանր աստղաքարեր: Եւ ըստ լուսինի մակերեսէն առնուած հողի ուսումնասիրութիւններուն, աստղաքարերու այս անձրեւը կը կրծէ ամէն ինչ, որ կը գտնուի գետնին վրայ, մէկ միլիմեթր խորութեամբ` ամէն մէկ միլիոն տարին անգամ մը: Այս հաշուով, աստղանաւորդներուն ոտքերուն հետքերը պիտի ջնջուին տասը միլիոն տարիէն: Սակայն այս երեւոյթը կրնայ արագանալ, որովհետեւ երբ աստղաքարերը կը զարնուին, լուսինին երկնքին մէջ կ՛արձակեն փոշի, որ կրնայ թափիլ աւելի հեռուն. այս ձեւով, լուսինին վրայ անդադար քիչ մը աւազ «կ՛անձրեւէ»: Իբրեւ հետեւանք` աստղանաւորդներուն հետքերը կրնան ծածկուիլ նուազ քան մէկ միլիոն տարիէն:
Անջրպետին Մէջ
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Լուսնթագը մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն մեծ մոլորակն է: Անոր ծաւալը երկրագունդի ծաւալէն 1323 անգամ աւելի մեծ է:
– Լուսինի խաւարում տեղի կ՛ունենայ, երբ լուսինը կը գտնուի երկրագունդի շուքին մէջ:
– Հրատ մոլորակը արեւէն շատ աւելի հեռու է, քան` երկրագունդը: Հետեւաբար հոն օդը աւելի ցուրտ է: Ջերմաստիճանը կրնայ իջնել մինչեւ – 140 աստիճանի:
– Պոսիտոնը արեւէն ամէնէն հեռու գտնուող մոլորակն է: Ան այնքան հեռու է, որ 164,79 տարուան կը կարօտի արեւուն շուրջ լման շրջան մը ընելու համար, մինչ երկրագունդը կը կարօտի միայն 365 օրուան:
– Քեփլըր 22Պի. կը գտնուի երկրագունդէն 600 լոյս տարի հեռու: Ան առաջին գտնուած մոլորակն է, ուր կարելի է ապրիլ: Անոր մակերեսին ջերմաստիճանը միջին հաշուով 22 պէտք է ըլլայ: Սակայն գիտնականները տակաւին չեն գիտեր, թէ անոր ջուրին մէջ կարելի՞ է լողալ, թէ՞ ոչ:
Հետաքրքրական
Ճիշդ է, որ լուսինի արկածախնդրութեան պատմութեան մէջ անցած է նախ եւ առաջ Նիլ Արմսթրոնկի անունը: Ան եղած է լուսինին վրայ ոտք դրած առաջին մարդ արարածը: Անկէ քանի մը վայրկեան ետք եկած է երկրորդ աստղանաւորդը` Պազ Ալտրին: Սակայն Ալտրին, իր կարգին, տարբեր հռչակի արժանի եղած է: Լուսինին վրայի աշխարհահռչակ նկարին մէջի աստղանաւորդը Պազ Ալտրինն է, եւ ո՛չ Նիլ Արմսթրոնկը: Արմսթրոնկն էր լուսանկարչական մեքենային պատասխանատուն. ան էր, որ կը նկարէր եւ, հետեւաբար, լուսինին վրայի նկարներուն մէջ չ՛երեւիր: Սակայն եթէ մենք լաւ նայինք Ալտրինի նկարին, անոր սաղաւարտին ապակիին մէջ կրնանք տեսնել նկարող Արմսթրոնկին շուքը…
Ինչո՞ւ Մենք Աստղեր Չենք Տեսներ
Լուսինին Վրայ Առնուած Նկարներուն Մէջ
Որովհետեւ այդ նկարները քաշուած են օրուան ընթացքին, երբ արեւը իր լոյսովը կը ծածկէ աստղանաւորդներն ու լուսինին գետինը, ուր անոնք կը քալեն: Այո՛,սեւ երկինքը մեզի պէտք չէ խաբէ: Ան այդ ձեւով անփոփոխ կը մնայ առտուն եւ գիշերը: Երկրագունդին գետինը լուսաւոր է, որովհետեւ արեւուն ճառագայթները կը սփռուին մեր մթնոլորտը կազմող կազի մասնիկներուն ընդմէջէն: Ճառագայթները ուղիղ գիծով անցնելու փոխարէն` մասնիկները զանոնք կը սփռեն տարբեր ուղղութիւններով: Այս պատճառով է, որ մենք այն տպաւորութիւնը կ՛ունենանք, թէ լոյսը կու գայ ուղղակիօրէն երկինքէն:
Լուսինին վրայ, որ մթնոլորտ չկայ, արեւուն ճառագայթները չեն սփռուիր: Միայն արեւը լուսաւոր է: Ան այնքան լուսաւոր է, որ աստղերուն թեթեւ լոյսը չի տեսնուիր նկարներուն վրայ: Սակայն երբ աստղանաւորդները իրենց կռնակը դարձնեն արեւուն եւ աչքերնին դէպի վեր բարձրացնեն` գետնին վրայ ճառագայթներուն ցոլացումներէն նեղանալով անոնք պիտի տեսնեն սեւ, սակայն աստղերով լեցուն սեւ լուսնային երկինք մը:
Ժամանց