Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Արեւը բնական հանդարտեցուցիչ մըն է
Կան անձեր, յաճախ` երեխաներ, որոնք շատ անհանդարտ են: Անոնք պէտք ունին միշտ շարժելու, խօսելու… եւ մեծ դժուարութիւն ունին կեդրոնանալու կամ հանգչելու: Այս երեւոյթը անոնց կեանքը շատ կը դժուարացնէ, որովհետեւ յաճախ պէտք է, օրինակի համար, դպրոցը, կամ շարժապատկերի սրահի մը մէջ հանդարտ մնալ` երկար ժամանակ առանց (շատ) խօսելու, շարժելու:
Գիտնականները յայտնաբերած են, որ անհանդարտներուն թիւը աւելի մեծ է այն երկիրներուն մէջ, ուր նուազ արեւ կայ, այսինքն` աւելի հիւսիսը գտնուող երկիրներուն մէջ, ուր արեւը ուշ կը ծագի եւ կանուխ մար կը մտնէ: Օրինակի համար, Դանիոյ մէջ ձմեռը արեւը առտուն ժամը 8:30-ին կը ծագի եւ մար կը մտնէ… կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:
Արեւը մեզի կ՛օգնէ սորվելու
Գիտէի՞ր, թէ ըստ արեւուն լոյսի գոյնին, մենք սորվելու դժուարութիւն կամ դիւրութիւն կ՛ունենանք: Գիտնականները փաստած են, որ մեր գործօն ըլլալու վիճակը կախեալ է աշխատանքի սկսելէ մէկ ժամ առաջ մեր ուղեղին տեսած լոյսէն: Գործօն ըլլալու եւ դիւրութեամբ կարենալ աշխատելու համար ամէնէն լաւ պայմանն է արեւուն բնական լոյսին տակ գտնուիլը. արհեստական լոյսերը նոյն ազդեցութիւնը չունին…
Հետաքրքրական է գիտնալ, որ մեր ուղեղը նուազագոյնը գործօն դարձնող լոյսը… համակարգիչներուն, պատկերասփիւռին եւ բջիջային հեռաձայններուն լոյսն է: Հետեւաբար, առտուն, դպրոց երթալէ առաջ, նախընտրելի է անոնցմէ հեռու մնալ: Սկզբունքով պէտք չէ օրական մէկ ժամէն աւելի անցընել պաստառի մը առջեւ: Իսկ եթէ չես կրնար աւելի պակաս ժամանակ տրամադրել, պէտք է մտածես համակարգիչի յատուկ ակնոցներ գնել` աչքերդ չվնասելու համար:
Արեւուն ճառագայթները ոսկորները կը զօրացնեն
Ի՞նչ կը պատահի, երբ մեր ոսկորները արեւուն ճառագայթներուն տակ կը գտնուին: Մեր մորթը Տէ. կենսանիւթ կ՛արտադրէ: Այս կենսանիւթը շատ կարեւոր է ո՛չ միայն մեր հոգեկան վիճակին համար, այլ նաեւ կարելիութիւնը կու տայ մեր մարմնին պահելու մեր առողջութեան համար կարեւոր տարրեր: Առանց այս կենսանիւթին, նոյնիսկ եթէ այս տարրերը կը գտնուին մեր կերած ուտելիքներուն մէջ, անոնք պարզապէս պիտի անցնին մեր մարմնին ընդմէջէն: Այս տարրերը` քալսիոմը եւ ֆոսֆորը մանուկներուն կ՛օգնեն մեծնալու եւ արգելք կ՛ըլլան մեր ոսկորներուն տկարանալուն, երբ մենք կը ծերանանք:
Սակայն… ուշադրութի՛ւն
Ինչպէս տեսար, արեւը շատ կարեւոր է մեր առողջութեան եւ հոգեկան վիճակին համար: Սակայն պէտք է նաեւ ուշադրութիւն ընել. եթէ մենք շատ երկար ժամանակ անոր ճառագայթներուն ազդեցութեան տակ մնանք, անոնք կրնան մեր մորթը այրել, եւ նոյնիսկ երբեմն հիւանդութիւններ յառաջացնել, ինչպէս` քաղցկեղ: Հետեւաբար պէտք է մենք մեր մորթը պահպանենք յատուկ քրեմով մը կամ զայն ծածկելով: Չմոռնաս նաեւ աչքերդ պաշտպանելու արեւի ակնոցներով եւ գլխուդ գլխարկ մը դնել:
Հարցարան
Մարզական Խաղեր
1.- 2014-ին Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի Աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին ընդամէնը քանի՞ մրցումներ տեղի ունեցան:
ա – 16, բ – 32, գ – 64, դ – 2014:
2.- Մանքալան աշխարհի ամէնէն հին տախտակով խաղերէն մէկն է: Խաղացողները խիճեր կը տեղափոխեն գաւաթէ գաւաթ: Ընդամէնը քանի՞ գաւաթ գոյութիւն ունի խաղին մէջ:
ա – 8, բ – 14, գ – 18, դ – 24:
3.- Երբ սպանացի Միրէա Պելմոնթէ Կարսիա ազատ լողի 1500 մեթրի մրցումը 15 վայրկեան 26,95 երկվայրկեանէն վերջացուց 29 նոյեմբեր 2013-ին, ասիկա յատուկ նշանակութիւն մըն ալ ունէր:
ա – Իր տարեդարձին օրն էր, բ – Իր խումբին միւս բոլոր անդամներն ալ իրենց մրցումները յաղթեցին, գ – Ասիկա իր երրորդ աշխարհի մրցանիշն էր այդ խաղերուն, դ – Յաղթանակը տեղի ունեցաւ կէսօրուան ժամը 12:15 (եւ 26 երկվայրկեանին):
4.- 2008-ին 2,1 մեթր հասակ ունեցող ռուս Նիքոլայ Վալուէջ դարձաւ աշխարհի ամէնէն հասակաւոր դահոյկի ախոյեանը ………………………….. (Ճ/Ս):
5.- Սառոյցի վրայ հոգիի խաղը միակ խաղն է, որ երեք խաղակէսի բաժնուած է: ……………………….. (Ճ/Ս):
Պատասխանները վերջաւորութեան
Խաղանք
Գնդիկներուն Մրցումը
Այս խաղը ամառնային հաճելի ժամանց մըն է, երբ արձակուրդներդ կ՛անցընես ծովափին կամ գիւղը` օգտուելով պայծառ օդէն: Սակայն, անշուշտ, մի՛ մոռնար միշտ գլխուդ գլխարկ մը ունենալ` արեւէն պահպանուելու համար…
Պէտք ունիս
Խորովածի ցպիկներու, գունաւոր կպչուն երիզներու (օրինակի համար` մասքինկ թէյփ), չորս կողմէդ հաւաքած բնական տարրերու (խեցիներ, տերեւ, ճիւղեր, խիճ…), գնդիկներու, պզտիկ բահի մը, ցնցուղ, մկրատ:
Պատրաստութիւն
1.- Մրցումիդ ճամբան բահով փորէ` ստեղծելով փոսիկներ, ցցուածքներ, ներքնուղիներ, կամուրջներ…
2.- Ճամբադ զարդարէ ճիւղերով, տերեւներով, խիճերով եւ խեցիներով: Ստեղծելու կէտդ նախընտրաբար դիր աւազի կոյտին վարը. այս ձեւով խաղը շատ դիւրին չ՛ըլլար, որովհետեւ դուն ստիպուած պիտի ըլլաս գնդիկդ դէպի վեր ուղղել:
3.- Իւրաքանչիւր հանգրուանի դրօշակներուն համար ցպիկներուն ծայրը անցուր կպչուն երիզներ եւ անոնց ծայրը սուր կտրէ: Կրնաս ցպիկներուն վրայ դնել մէկ կամ երկու դրօշակ: Եթէ գունաւոր կպչուն երիզ չունիս, կրնաս գործածել նաեւ պարզ գունաւոր թուղթեր:
Դիւրութեամբ ներքնուղիներ կամ կամուրջներ շինելու համար, ինչպէս նաեւ ճամբուն եզերքները հաւասարեցնելու համար ցնցուղով քիչ մը ջուր սրսկէ շինութեան ընթացքին: (Չմոռնաս նաեւ, խաղը աւարտելէ ետք, դրօշակի ցպիկները հաւաքելու եւ բնութեան մէջ չձգելու):
Ինչպէս խաղալ
Սկսելու կէտէն պէտք է գնդիկները քշել մինչեւ վերջաւորութեան կէտը: Եթէ կարենանք գնդիկ մը պարզ դրօշակի մը մօտ կեցնել, 1 կէտ կը նշանակենք, իսկ եթէ գնդիկը կենայ զոյգ դրօշակի մը մօտ, մենք կը վերադառնանք խաղի սկիզբի կէտին վրայ. սակայն, անշուշտ, դուք կրնաք հնարել ձեր անձնական օրէնքները: Բայց, անշուշտ, ինչպէս` բոլոր խաղերուն պարագային, առաջին հասնողը կը յաղթէ:
Ժամանց




Պատասխաններ
1 – գ, 2 – բ, 3 – գ, 4 – սխալ. ան դարձած է կռփամարտի ամէնէն հասակաւոր ախոյեանը: 5 – Սխալ, կարգ մը լաքրոսի խաղեր կը խաղցուին երեք հանգրուանով: