Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ի՞նչ է մեր մարմնին կենսաբանական ժամացոյցը: Ան կենսաբանական ամբողջ դրութիւն մըն է, որուն ընդմէջէն բնականօրէն իրարու կը հետեւին արթնութեան (մօտաւորապէս տասնվեց ժամ) եւ քունի (մօտաւորապէս ութ ժամ) փուլեր: Ասիկա տեղի կ՛ունենայ, նոյնիսկ եթէ դուն աշխարհէն մեկուսացած ես, ունիս ո՛չ ժամացոյց, ո՛չ արթնցնելու գործիք… եւ նոյնիսկ` առանց լոյսի:
Իւրաքանչիւր արթնութեան եւ քունի շրջան կը տեւէ մօտաւորապէս քսան չորս ժամ: Այս ձեւով մարմինդ ամէն օր կ՛ունենայ հանգչելու կամ ինքզինք վերագտնելու ժամանակ: Այս ներքին ժամացոյցը զետեղուած է ուղեղին մէջ, հիփոթալամուս կոչուած կեդրոնական կառուցուածքի մը մէջ. ան կը պարունակէ ծիներ, որոնք կը ղեկավարեն տարբեր պաշտօններ: Ան մինակը կը բանի, սակայն կախեալ է նաեւ դուրսի տարբեր ազդակներէ, ինչպէս` ձայնը, ուտելիքը, լոյսը… Օրինակի համար, իրիկունը, երբ լոյսը կը նուազի, մեր ուղեղը կը սկսի արտադրել մելաթոնին հորմոնը, որ մեր մարմնին կը յուշէ, որ քնանալու ժամանակն է: Առտուն մելաթոնինին արտադրութիւնը կը նուազի, ապա կը դադրի. արթննալու ժամանակն է:
Իւրաքանչիւր անձի կենսաբանական ժամացոյցը նոյն ձեւով չէ «լարուած», ճիշդ նոյն ժամուն վրայ: Ան կախեալ է յատկապէս ծիներէն եւ տարիքէն. բոլորս քունի տեւողութեան նոյն կարիքները չունինք. կարգ մը անձեր կանուխ կ՛արթննան, մինչ ուրիշներ ուշ կը քնանան: Կարեւորը անձնական կշռոյթը յարգելն է:
Երբ մենք մեր կենսաբանական ժամացոյցը կը խանգարենք (ինչպէս, օրինակի համար, ժամերու շատ մեծ տարբեր երկիրներու ճամբորդութիւններու ընթացքին) կրնանք ունենալ քունի, կեդրոնացումի, երբեմն նոյնիսկ ախորժակի ժամանակաւոր խանգարումներ:
Մարմնին Մասին
– Ամէն օր մեր լորձունքներու գեղձերը 1,5 լիթր հեղուկ կ՛արտադրեն:
– Մարդկային ուղեղը, միջին հաշուով 1,3 քիլօ կը կշռէ:
– Մեր մարմնին ամէնէն փոքր մկանը 0,1 սմ է. ան կը գտնուի մեր ականջին մէջ:
– Մեր թարթիչները մօտաւորապէս 5 ամիս կը մնան թափելէ առաջ:
– Ամէն օր մեր թոքերը 8 հազարէն 9 հազար լիթր օդ կը շնչեն:
– Մեր զգայուն քիթը կրնայ շնչել 10 հազար տարբեր հոտեր:
– Մեր կերածը բերանէն մեր ստամոքսը կը հասնի 8 երկվայրկեանէն:
– Մեր սիրտը տարեկան 42 միլիոն անգամ կը տրոփէ:
– Մեր իւրաքանչիւր ոտքին մէջ գոյութիւն ունին 250 հազար քրտինքի գեղձեր:
– Խնդուքի 10 տարբեր ձեւեր գոյութիւն ունին:
– Երեխայ մը ունի 20 կաթի ակռաներ: Երբ անոնք թափին, անոնց տեղ կը բուսնին 32 ակռաներ:
– Մենք ամէն գիշեր քունի ընթացքին կ՛երկարինք 8 մմ: Սակայն առտուն, մեր մարմինը կը կծկուի եւ մենք դարձեալ մեր սկզբնական հասակը կ՛ունենանք:
Արեւի Խաւարում Հարաւային
Ամերիկայի Մէջ
Յուլիս 2-ին Խաղաղական ովկիանոսէն մինչեւ Արժանթինի արեւելք օրուան ընթացքին մթութիւն տիրած է..
Յուլիս 2-ին Հարաւային Ամերիկայի մէջ մեր աստղը ամբողջովին պահուած մնաց լուսինին ետեւը: Այս երեւոյթը իւրայատուկ է. յաջորդ խաւարումը տեղի պիտի ունենայ 212 տարիէն:
Այս երեւոյթը տեղի կ՛ունենայ տիեզերական արտասովոր զուգադիպութեան մը պատճառով: Նախ` լուսինը պէտք է երկրագունդին մօտ ըլլայ: Անոր հեռաւորութիւնը կրնայ ըլլալ 357 հազարէն 405 հազար քմ-ի միջեւ, եւ ան պէտք է գտնուի յատուկ հեռաւորութեան մը վրայ` արեւուն սկաւառակը ամբողջովին ծածկելու համար: Երկրորդ գլխաւոր պայմանն է երեք երկնային մարմիններու մէկ գիծի վրայ կատարեալ շարուածքը:
Ճիշդ է, որ լուսինը ամէն 29,5 օրը մէկ կը գտնուի մեր մոլորակին եւ արեւուն միջեւ: Սակայն ան շեղակիօրէն կը դառնայ երկրագունդին շուրջ: Հետեւաբար ան ընդհանրապէս կ՛անցնի արեւու ամբողջական խաւարումի շրջագիծին վերէն կամ վարէն…
Գիտէի՞ր, Թէ…
360 տարի: Արեւու ամբողջական խաւարում տեղի կ՛ունենայ յատուկ շրջանի մը մէջ, մօտաւորապէս` ամէն 360 տարին անգամ մը:
18-րդ դար: Անգլիացի աստղագէտ Էտմոնտ Հէյլի օգտուեցաւ 22 ապրիլ 1715-ի խաւարումէն` ճշդորոշելու համար լուսինին դիրքը:
8 վայրկեան: Արեւու ամբողջական խաւարումը շատ կարճ է. ան առաւելագոյնը 8 վայրկեան կը տեւէ:
3,8 սմ/տարեկան: Լուսինը երկրագունդէն տարեկան 3,8 սմ կը հեռանայ: 600 միլիոն տարիէն ան շատ փոքր պիտի երեւի, եւ անոր համար անկարելի պիտի ըլլայ ամբողջովին ծածկել արեւը:
Ժամանց



