Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Երկրագունդին վրայ մարդ արարածին յայտնուելէն ի վեր, 200 հազար տարիներ առաջ, անոնց թիւը անդադար կ՛աւելնայ: Իւրաքանչիւր երկվայրկեան 4 մանուկ կը ծնի: Այս ձեւով ալ պիտի շարունակուի:
Այս ձեւով, 2050 թուականին, ըստ ՄԱԿ-ին, երկրագունդին վրայ մարդոց թիւը պիտի հասնի 9,7 միլիառի, այսինքն 2 միլիառ աւելի, քան` ներկայիս:
– Ինչի՞ պիտի նմանի երկրագունդը
2050 թուականին Ափրիկէի բնակչութեան թիւը պիտի կրկնապատկուի:
Հնդկաստանի, Նիկերիոյ, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան, Եթովպիոյ, Թանզանիոյ, Ինտոնեզիոյ, Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու բնակիչներն են, որոնք ամէնէն շատ պիտի բազմանան: Հնդկաստանը պիտի դառնայ աշխարհի ամէնէն շատ բնակիչ ունեցող երկիրը` Չինաստանին անցնելով: Մինչ Եւրոպայի մէջ, բաւարար քանակով ծնունդներ պիտի չըլլան: Օտար երկիրներէ եկող անձերն են, որոնք բնակչութեան թիւը պիտի աւելցնեն:
Մինչեւ Ո՞ւր
Ըստ ՄԱԿ-ին, մարդոց թիւը պիտի շարունակուի աւելնալ մինչեւ 2100 թուականը: Այդ ժամանակ մեր թիւը երկրագունդին վրայ 11 միլիառ պիտի ըլլայ: Այս գագաթնակէտին հասնելէ ետք բնակչութեան թիւը այլեւս պիտի չաւելնայ: Այս նախատեսութիւնները կարեւոր հարցադրումներ կը յառաջացնեն: Արդեօ՞ք երկրագունդին վրայ բաւարար միջոցներ եւ աղբիւրներ գոյութիւն պիտի ունենան լաւ կերպով սնանելու եւ ապրեցնելու համար աշխարհի բնակչութիւնը:
Արձակուրդ
Ինչպէ՞ս Շինել
Աւազէ Պալատ Մը
Եթէ այս ամառ դուն աւազոտ ծովափը ժամանակ պիտի անցընես, ահա քանի մը խրատներ` աւազէ պալատ մը շինելու համար:
1.- Երեւակայութիւնդ աշխատցուր: Սկսելէ առաջ մտքով երեւակայէ պալատիդ կերպարանքը իր ծաւալով: Որքան դուն մտքիդ մէջ «տեսնես» ծրագրած շինութիւնդ, այնքան դիւրին պիտի ըլլայ անոր իրականացումը:
2.- Առաջին տեսակը ընտրէ: Նախընտրելի է, որ աւազին հատիկները ըլլան չոր ու մանր: Անոնք իրարու աւելի լաւ պիտի փակին: Իսկ եթէ աւազին մէջ միքա կայ, ան ա՛լ աւելի կպչուն պիտի ըլլայ: Այս նիւթը դիւրութեամբ կը նշմարուի. կարծէք անոնք հայելիի մանր կտորներ են, որոնք աւազը կը փայլեցնեն:
3.- Աւազը լաւ թրջէ: Արդեօ՞ք մէկ դոյլ ջուրը բաւարար է 50 դոյլ աւազին համար, ինչպէս մասնագէտներ կը հաստատէին 2012-ին: Ոչ մէկը համաձայնած է այս հարցին մէջ, սակայն նախընտրելի է աւազդ թրջել աղի ջուրով, եւ ոչ թէ` անուշ ջուրով:
4.- Ընտրէ շինութեանդ միջոցը: Կրնաս դոյլ մը գործածել աւազը դիզելու եւ ապա զայն քանդակելու: Կամ կրնաս նաեւ ձեռքերովդ դիզել աւազը` քիչ-քիչ անոր ձեւ տալով:
Գիտէի՞ր, Թէ
– Տարին անգամ մը, օգոստոս եւ դեկտեմբեր ամիսներուն միջեւ, Հարաւային Ափրիկէի Նամաքալանտի չոր անապատը կը կերպարանափոխուի, երբ գունաւոր վայրի ծաղիկներ կը յայտնուին. անոնք քանի մը օրէն կ՛անհետանան: Այս տեսարանը միաժամանակ սքանչելի է եւ խորհրդաւոր:
– Մեր մարմնին ամէնէն աղտոտ բաժինը մեր ձեռքերն են, որովհետեւ անոնք յաճախ կը դպնան մանրէներով լեցուն առարկաներու: Հետեւաբար մենք միշտ շատ լաւ պէտք է լուանք մեր ձեռքերը:
– Չին մագլցող մը կրցած է մագլցիլ 19 մեթր բարձր արհեստական պատ մը, 6,26 երկվայրկեանէն:
– Իսկ ուղտը կրնայ 135 լիթր ջուր խմել 10 վայրկեանէն:
– Երեխայ մը օրական աւելի քան 300 անգամ կը խնդայ, մինչ չափահաս մը` մօտաւորապէս 16 անգամ…
– Գիտնականները նշմարած են, որ կարգ մը բոյսեր կրնան ձայներ լսել:
– Երբ անոնց տրուած է տերեւներ կրծող որդերու ձայներու արձանագրութիւններ, անոնք սկսած են արտադրել միջատները հեռու պահող թոյն մը:
– Երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունին եօթը անգամ աւելի հաւեր, քան` մարդ արարածներ:
– Աշխարհի ամէնէն շատ գիրք ունեցող գրադարանը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթըն քաղաքին մէջ: Ան ունի աւելի քան 33 միլիոն գիրքեր:
– Աշխարհի ամէնէն սուղ դրոշմաթուղթը շուէտական է: Ան կը պարունակէ տպագրական սխալ մը, որ զայն իւրայատուկ կը դարձնէ: Ան աճուրդի մը ընթացքին վաճառուած է 1,8 միլիոն տոլարի…
– Ձմրան ընթացքին «ուեթա» կոչուած մարախը զինք ցուրտէն պաշտպանող նիւթ մը կ՛արտադրէ: Այս ձեւով ան կրնայ սառոյցին մէջ հանգիստ ձմեռել:
Ժամանց


