Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մետաքսը` Ամէնէն Շքեղ Կերպասը (Բ. Մաս)

Մայիս 11, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մետաքսը Հագուելու Համար…

Մետաքսը նախ գործածուեցաւ հագուստներու համար. մետաքսեայ հագուստներ հագուիլը հարստութեան եւ ընկերութեան մէջ կարեւոր դիրք ունենալու նշան էր: Չինաստանի մէջ ան յատկացուած էր կայսրերուն եւ կարեւոր անձնաւորութիւններուն: Արեւմտեան աշխարհին մէջ, 18-րդ դարուն, թագաւորական շրջանակներուն մէջ, այր մարդ եւ կին մետաքսով ծածկուած էին: Նոյնիսկ կօշիկները մետաքսէ էին: Այդ տարիներէն ի վեր մետաքսը մնացած է կոկիկ եւ շքեղ կերպաս մը: 20-րդ դարուն, եւ` մինչեւ այսօր, նորաձեւութեան մեծ վարպետները զայն կը գործածեն իրենց գեղեցիկ գործերուն համար:

… Տուները Զարդարելու Համար Ալ

17-րդ դարէն սկսեալ մետաքսը օգտագործուած է զարդարելու համար պալատներն ու մեծ տուները: Անկողին, բազկաթոռ, վարագոյր, պատ` ամէն ինչ ծածկուած էր մետաքսով: Այս յարդարումը կրնար փոխուիլ` ըստ եղանակի. ամառը մարդիկ կը նախընտրէին աւելի բաց գոյնով եւ ծաղիկներու պատկերներով մետաքսեայ կերպասներ, իսկ ձմրան կը տաքնային մետաքսի թաւիշէ յարդարանքներով:

… Նոյնիսկ` Գիրքեր Կամ Դիմանկարներ Ստեղծելու Համար

Մետաքսի կարգ մը գործարաններ կրցան յառաջ բերել այնքան բարակ մետաքսեայ թելերու հիւսուածքներ, որոնց միջոցով կարելի եղաւ մետաքսէ գիրքեր, որոնց գրութիւնները կարելի էր կարդալ տպուած գրութեան մը նման. անոնք նոյնիսկ մետաքսէ թելերով դիմանկարներ հիւսեցին` գեղանկարչութեան տպաւորութիւն յառաջացնելով: Սակայն այս գիրքերը եւ դիմանկարները բացառիկ կը մնան:

Ոսկիէ Պըրկըրը

Մայիս ամսուան սկիզբը Ճափոնը ունեցաւ նոր կայսր մը: Այս առիթով շքեղ ճաշարան մը ստեղծեց սուփըր պըրկըր մը. այս համպըրկըրը կը կշռէ 3 քիլօ, ունի 25 սմ տրամագիծ, եւ կը բաղկանայ ֆրանսական նշանաւոր ֆուա կրայէն (բադի լեարդ), կովու միսի կտորներէ եւ սեւ թրիւֆֆէ, ծածկուած` ոսկիի փոշիով սրսկուած հացով մը: Անոր գինը մօտաւորապէս 900 տոլար է:

Անհաւատալի Բայց Իրաւ

– Գիտնականները կը մտածեն, որ Արուսեակ մոլորակը կրնայ ըլլալ, որ ժամանակաշրջանի մը բնակուած եղած է:

– Մեքսիքացի գիտնական մը գտած է միջոց մը` ստեղծելու մութին մէջ փայլող մայթեր:

– Աւստրալիոյ մէջ գոյութիւն ունի սարդի տեսակ մը, որ կրնայ ջուրին մէջ շնչել եւ գորտեր ուտել:

– Գիտնականներ գտած են միջոց մը` լոլիկներէն ուժանիւթ ստեղծելու:

– Սպանիոյ մէջ ընկերութիւն մը ստեղծած է 3D տպագրիչ մեքենայ մը, որ կրնայ փիցցա շինել:

– Միացեալ Նահանգներու Քանսաս նահանգի Քոտել քաղաքը մրրիկի մը զոհը գացած է 20 մայիս 1916-ին, 1917-ին եւ 1918-ին:

– Ամերիկեան եւ քանատական սահմանը կ՛անցնի գրադարանի մը մէջէն:

– Մարդ արարածը ունի գրեթէ նոյնքան ծիներ, որքան միայն մանրադիտակով տեսնուող որդ մը:

– Գերմանիոյ մէջ քաղաք մը երթեւեկութեան լոյսեր դրած է իր մայթերուն վրայ:

– Կարգ մը փիրանա տեսակի ձուկեր, որոնք ընդհանրապէս մսակեր են, բուսակեր են:

– Վիտէօ խաղերու Մարիօ կերպարը սկիզբը կոչուած էր Ճամփմեն:

– Ծովային կարգ մը թռչուններ կրնան անդադար թռչիլ երկու ամիս` առանց ցամաք իջնելու: Անոնք թռչելու ընթացքին կը քնանան:

– Երկրագունդի մակերեսը երկուքուկէս տարի աւելի «տարիքոտ» է, քան` անոր կորիզը:

– Գետնառիւծին լորձունքը 400 անգամ աւելի թանձր է, քան` մարդ արարածին լորձունքը:

– Սկովտիոյ ազգային անասունը միաեղջիւր ձին է:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վեց տարբերութիւնները:
Վերի աշխատանոցի պատկերին մէջէն ո՞ր երկու առարկաները չեն գտնուիր վարի տուփիկին մէջ:
Ո՞ր զանգակը պիտի զարնէ կոճակը:

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (11 Մայիս 1969)

Յաջորդը

Մխիթարեան Վարժարան. Բացօթեայ Դասարանի Բացում

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?