Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կը Սիրե՞ս Պառկիլ…

Յունիս 1, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտէի՞ր, որ ՆԱՍԱ-ն կը փնտռէ կամաւորներ` Գերմանիոյ մէջ տեղի ունենալիք յատուկ աշխատանքի մը համար: Ան պիտի վճարէ աւելի քան 18 հազար տոլար իւրաքանչիւր կամաւորի… պարզապէս երկու ամիս պառկած մնալու համար, որպէսզի ուսումնասիրէ ճնշումին ազդեցութիւնները մարմնին վրայ:

***

Գաղափարը կրնայ տարօրինակ թուիլ, սակայն անիկա շատ լուրջ ծրագրի մը մաս կը կազմէ: Այս փորձը սկսած է տեղի ունենալ մարտի վերջաւորութեան. 24 կամաւորներ` 12 այր մարդ եւ 12 կին, արդէն մասնակցած են այս ուսումնասիրութեան:

Այս ուսումնասիրութիւնը տեղի կ՛ունենայ Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մօտ: Փորձառութիւնը կրնայ պարզ թուիլ, սակայն ան շատ աւելի խրթին է: Կամաւորները պառկած պէտք է մնան յատուկ գոց անկողինի մը մէջ. բացարձակապէս արգիլուած է տեղէն ելլել: Միակ արտօնուած ժամանցներն են` քնանալ, պատկերասփիւռ դիտել եւ կարդալ: Կամաւորներուն հայթայթուած ճաշերը ուսումնասիրուած են, որպէսզի անոնց ծանրութիւնը շատ չփոխուի` հակառակ իրենց անշարժ վիճակին: Ասոր կողքին, թեկնածուները պէտք է բաւարար գերմաներէն խօսիլ գիտնան, առողջ ըլլան, չծխեն եւ ունենան 1,53 – 1,90 մեթր հասակ:

Այս տարօրինակ ուսումնասիրութեան նպատակն է աւելի լաւ ծանօթանալ մարդկային մարմնին վրայ ճնշումին ունեցած տարբեր ազդեցութիւններուն, յատկապէս հասկնալու համար, թէ ի՛նչ ազդեցութիւններ կրնան կրել աստղանաւորդները անջրպետին մէջ:

Ճիշդ է, որ թուղթին վրայ գրուած այս առաջարկը կրնայ երազել տալ, սակայն ան մեր երեւակայածէն շատ աւելի դժուար է: Երբ մենք վարժուած ենք գրեթէ միշտ շարժումի մէջ ըլլալու, դիւրին չէ անշարժ մնալ 60 օրուան ընթացքին: Ասոր կողքին, կան նաեւ այն գէշ ազդեցութիւնները, զորս մարմինը կրնայ կրել նման պայմաններու մէջ…

ՆԱՍԱ-ն տակաւին կամաւորներ կը փնտռէ:

Քանի Մը Տեղեկութիւններ`
Մարդկային Մարմնին Մասին

 (Միջին Հաշուով, Չափահասի Մը Պարագային)

– Մեր մարմինը կազմող 30 միլիառ բջիջները իւղոտ բջիջներ են, որոնք ատիփոսիթ կը կոչուին:

– Մեր մատներէն իւրաքանչիւրին ծայրը կը գտնուին 1650 ջղային թելեր:

– Մարդկային մարմնին ամէնէն փոքր ոսկորը 2,6 մմ է. ան կը գտնուի ականջին մէջ:

– Մեր կմախքը կը կշռէ 9 քիլօ:

– Մեր սիրտը տարեկան 36 միլիոն անգամ կը տրոփէ:

– Մեր եղունգները ամէն օր 0,1 մմ կ՛երկարին:

– Մեր աչքը, միջին հաշուով, 7 կրամ կը կշռէ:

– Կօշիկի մը արձանագրուած ամէնէն մեծ չափը 59-ն է: Ան կը համապատասխանէ 40,1 սմ-ի:

Ո՞վ Է Սիմպաքուպուան,
Հսկայ Առիւծը

 

Ան բնական առիւծէ մը 7 անգամ աւելի մեծ էր եւ կը կշռէր մօտաւորապէս 1500 քիլօ: Անոր ծնօտը եւ հզօր ակռաները անոր կարելիութիւնը կու տային յարձակելու իրմէ շատ աւելի մեծ անասուններու վրայ, ինչպէս` փիղերը կամ գետաձիերը: Անոր անունն է «Սիմպաքուպուա քութօքաաֆրքիա»:

Անոր ոսկորներէն եւ ակռաներէն մնացորդներ գտնուած են Քենիոյ մէջ (Ափրիկէ), տասը տարի առաջ: Սակայն հիմա է, որ մասնագէտները անդրադարձած են, որ անոնք կը պատկանէին 23 միլիոն տարիներ առաջ ապրած հսկայական անասունի մը: Ըստ անոնց, ան աշխարհի վրայ ապրած ամէնէն մեծ ստնաւոր անասունը եղած է:

Համակարգիչին Հնարած
Մարզաձեւը

Ի՞նչ կը պատահի, երբ համակարգիչի մը կը տրուին 400 տարբեր մարզաձեւերու օրէնքներ: Ան պարզապէս նոր մարզաձեւ մը կը հնարէ:

Այս նոր մարզաձեւը կը կոչուի սփիտկէյթ: Ան ռուկպիի եւ ֆութպոլի խառնուրդ մըն է: Գնդակը հաւկթաձեւ է, եւ պէտք է զայն անցընել երկու սիւներու մէջէն: Խաղին մասնակցող վեց մարզիկները նոյն ատեն թէ՛ յարձակողական, թէ՛ ալ պաշտպանողական կը խաղան…

… Անշուշտ եթէ անոնք կարենան ճիշդ հասկնալ խաղին օրէնքները:

 33

Նորզելանտացի 16 տարեկան Չարլին կրցած է 33 ժամ եւ 11 վայրկեան անցընել օրօրոցի մը վրայ: Այս ձեւով ան արձանագրած է նոր մրցանիշ մը:

Ամէն ժամը անգամ մը ան 5 վայրկեան դադար կ՛առնէր` ուտելու, խմելու եւ բաղնիք երթալու: Սկիզբը ան այս «մարտահրաւէրը» առած էր իբրեւ խաղ… որ պաշտօնապէս վաւերացուեցաւ «Կինես» մրցանիշներու գիրքին պատասխանատուներուն կողմէ:

Չափազանց
Փայլփլուն Ինքնաշարժը

Գերմանիոյ մէջ մարզական, արագասոյր ինքնաշարժի մը տէրը ուզած է իր ինքնաշարժը իւրայատուկ դարձնել: Հետեւաբար ան զայն ներկել տուած է չափազանց փայլփլուն ոսկիի գոյնի երանգով մը:

Դժբախտաբար ան երկար ատեն չէ կրցած վայելել իր նոր ինքնաշարժը: Ոստիկանութիւնը ինքնաշարժը երթեւեկութեան համար վտանգաւոր նկատած է: Ան կարելիութիւն ունի այլ վարորդները «կուրացնելու» արեւոտ օրերուն: Հետեւաբար ինքնաշարժին տիրոջ միակ լուծումը կը մնայ ինքնաշարժը ներկել ուրիշ գոյնով…

154 Տեսակ Պանիրներով
Փիցցան

Այս փիցցան շինելու համար պէտք պիտի ունենաս` փիցցայի խմորի, լոլիկի թացանի… եւ 154 տեսակ պանիրի: Այս փիցցան ծնունդ առած է աւստրալիացի խոհարարի մը երեւակայութեան շնորհիւ: Անոր այս «իրագործումը» պատճառ դարձած է, որ իր անունը նշուի «Կինես»-ի մրցանիշներու գիրքին մէջ:

Անոր գաղտնիքը` այս բոլոր պանիրները փիցցայի մը վրայ «բաւեցնելո՞ւ». իւրաքանչիւր պանիրի տեսակէն ան կը դնէ «միայն» մէկ կրամ…

Կ՛ուզե՞ս համտեսել:

 Շոգեկառքի Տոմսակը` Գիրք Մը

Հոլանտա ամէն տարի կը տօնէ ընթերցանութեան տօնը: Ապրիլ ամսուն, մէկ շաբթուան ընթացքին տարբեր ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենան մարդիկը ընթերցանութեան մղելու:

Այս տարի գիրքերու սիրահարները առիթը ունեցան շոգեկառքով ձրիօրէն ճամբորդելու` շոգեկառքի քննիչին պարզապէս ներկայացնելով… վէպ մը:

Դուք ալ պիտի ուզէի՞ք ճամբորդել` ձեր ժամանակը անցընելով պատմութիւն մը կարդալով:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել պատկերին եւ շուքին միջեւ գտնուող հինգ տարբերութիւնները:

 

Ո՞ր ճամբան պիտի հասցնէ դուռին, վերի աջ անկիւնի գաւաթին նման:
Քանի՞ գաւաթ կը տեսնեմ պատկերին մէջ:
Քանի՞ զառեր նոյն թիւը կը ներկայացնեն:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Յունիս 1969)

Յաջորդը

Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Մամուլին Մէջի Մշակութային Կեանքէն Նմուշներ` Հնագիտական, Գրական, Թատրոն Եւ Հանրային Գրադարաններ Դ.

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?