Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Գեղանկարին Անհաւատալի Պատմութիւնը

Օգոստոս 17, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ան կանգնած է ուղիղ եւ անշարժ ու մեզի կը նայի: Այս անձնաւորութիւնը Յիսուսն է. ան նկարուած է աւելի քան 500 տարիներ առաջ: Գեղանկարին պատմութիւնը հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ: Կարգ մը մասնագէտներ կը հաստատեն, որ «Սալվատոր Մունտի» կոչուած այս գեղանկարը գծուած է նշանաւոր Լէոնարտօ տա Վինչիի կողմէ: Իր կարգին, գեղանկարը հռչակաւոր դարձած է միայն քանի մը տարիներ առաջ, երբ ան ծախուած է մրցանիշ դարձած գումարով մը: Սակայն այժմ ոչ մէկը գիտէ, թէ ան ո՞ւր կը գտնուի…

*
*  *

2007-ին այս գեղանկարը կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներու արուեստի գործերու վերանորոգութեան աշխատանոցին մը մէջ: Ան շատ վնասուած էր, եւ պէտք էր անոր վրայէն հանել ջնարակի հաստ խաւը, ինչպէս նաեւ` հետագային անոր վրայ աւելցուած ներկի հետքերը: Արուեստի մասնագէտները կը կասկածէին, թէ անոր հեղինակը կրնար Լէոնարտօ տա Վինչին ըլլար: Հիմա անոնք համոզուած են, որ ասիկա իրականութիւնն է. հինգ դարեր առաջ ծնած իտալացի վարպետը գծած է «Սալվատոր Մունտին»:

*
*  *

Ըստ մասնագէտներուն, այս գեղանկարը ստեղծուած է մօտաւորապէս 1500 թուականին: Սակայն անոնք ո՛չ մէկ տեղեկութիւն ունին անոր ստեղծագործութեան պարագաներուն մասին: Հետագային ան պիտի անցնի Անգլիա: 1958 թուականին ան կը վաճառուի շատ չնչին գինով մը: 2007 թուականին է, որ վերանորոգուելէ ետք անոր գինը անհաւատալիօրէն կը բարձրանայ:

2011 թուականին ան կը ցուցադրուի

անգլիական նշանաւոր «Նեշընալ կալըրի» թանգարանին մէջ, իտալացի վարպետէն ուրիշ գործերու կողքին: Ապա ան կը վերագնուի ռուս միլիառատէրի մը կողմէ 2013 թուականին… Սակայն երեք տարի ետք, նոյեմբեր 2014-ին, գեղանկարչութիւնը աճուրդով կը ծախուի 450 միլիոն տոլարի` նոր մրցանիշ մը արձանագրելով:

*
*  *

Սակայն այժմ ո՞ւր կը գտնուի ան: Վաճառքէն ետք. «Սալվատոր Մունտի»-ն պէտք էր ուղղուէր դէպի Ապու Տապիի Լուվրի թանգարանը: Սակայն ան բնաւ չէ հասած հոն, եւ անոր նոր տէրերուն մասին ո՛չ մէկ լուր կայ…

 

Յունիս ամսուն ամերիկացի լրագրող մը կը հաստատէ, որ ան տեղեկութիւններ ունի գեղանկարին մասին. ըստ անոր, «Սալվատոր Մունտ»-ին կը գտնուի Սէուտական Արաբիոյ Մոհամետ պըն Սալմանի շքեղ նաւուն վրայ: Շշուկները շատ են. սակայն ոչ մէկը գիտէ, թէ մենք ե՛րբ առիթը պիտի ունենանք դարձեալ տեսնելու աշխարհահռչակ վարպետին խորհրդաւոր գործը: Կան նաեւ բազմաթիւ ուրիշ հարցումներ. արդեօք Լէոնարտօ տա Վինչին իսկապէս գծած է այդ գեղանկարը: Բազմաթիւ մասնագէտներ կը հաւատան, որ իտալացի վարպետին մատներն են, որոնք ստեղծած են «Սալվատոր Մունտի»-ն մինչ ուրիշներ կը հաստատեն, որ գեղանկարը իրագործուած է վարպետին աշակերտներուն կողմէ, եւ վարպետը կարգ մը մանրամասնութիւններու պարագային միջամտած է:

Հակառակ այս բոլոր մեկնաբանութիւններուն` գեղանկարը գրաուած է ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը, եւ անոր անհաւատալի խորհրդաւոր պատմութիւնը կը շարունակէ հետաքրքրել…

– Գիտէի՞ր, թէ «Սալվատոր Մունտ»-ին «Աշխարհի Փրկիչը»- պատկեր մըն է, որուն մենք յաճախ կը հանդիպինք գեղարուեստի պատմութեան մէջ: Ան կը ներկայացնէ Յիսուս Փրկիչը: Ան իր մէկ ձեռքին մէջ բռնած է երկրագունդը, իսկ միւս ձեռքը բարձրացուցած է:

Հետաքրքրական

 Արուեստի Մասին

– 40 հազար տարիներ առաջ նախապատմական մարդիկը կը ստեղծէին առաջին արուեստի գործերը` Սպանիոյ Էլ Քասթիլլօ քարայրին պատերուն վրայ:

– Ամէն տարի 6 միլիոն անձեր կ՛երթան տեսնելու «Մոնա Լիզա»-ի դիմանկարը` Լուվրի թանգարանին մէջ, Փարիզ: Անոնք, միջին հաշուով, 15 երկվայրկեան կ՛անցընեն` դիմանկարին դիտելով:

– Իր կեանքին ընթացքին, Վինսընթ Վան Կոկ միայն մէկ գեղանկար ծախած է: Ան այժմ կը համարուի աշխարհի ամէնէն փայլուն արուեստագէտներէն մէկը սակայն, ան հռչակի տիրացած է իր մահէն ետք:

– Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին նշանաւոր սպանացի արուեստագէտ Փապլօ Փիքասօ արտադրած է 147.800 արուեստի գործեր:

– Մեքսիքացի նշանաւոր արուեստագիտուհի Ֆրիտա Քալոյի 143 գծանկարներէն 55-ը անձնական դիմանկարներ են:

– Նշանաւոր ֆրանսացի արուեստագէտ Հանրի Մաթիսի գեղանկարներէն մէկը 47 օր ծուռ կախուած մնացած էր Նիւ Եորքի ցուցասրահներէն մէկուն մէջ, մինչեւ որ մէկը անդրադարձաւ սխալին:

– Աւստրալիացի արուեստագիտուհի Աէլիթա Անտրէ 4 տարեկան էր, երբ Նիւ Եորքի մէջ ցուցադրութեան մը ընթացքին իր գործերէն երեք գեղանկարներ ծախուած են 27 հազար տոլարի:

– Անգլիացի արուեստագէտ Անտի Պրաուն գործածած է 1000 թէյի փոքրիկ տոպրակներ շինելու համար Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ.ի դիմանկարը:

– Ֆրանսացի նշանաւոր արուեստագէտ Քլոտ Մոնէ յարդի կոյտերու 25 տարբեր գեղանկարներ արտադրած է: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը նկարուած են օրուան ընթացքին տարբեր ժամերու` տեսնելու համար, թէ ինչպէ՛ս լոյսը եւ եղանակը կը փոխուին:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել վրձինին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` թիւերը իրենց համապատասխանող տեղերը դնելով:
Կրնա՞ս գտնել տուփիկներուն շարքը` տեսնելու համար, թէ ծաղիկը ինչպէ՛ս կը բուսնի:
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (17 Օգոստսո 1969)

Յաջորդը

Պեժի Քայիտ Սապսի. Արաբական Աշխարհի Յառաջդիմականութեան Խորհրդանիշ

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?