Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Մէջ Կատուի Ձեւով Դպրոց Մը

Յունիս 22, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գերմանիոյ Քարլսրուհ քաղաքը ունի ուրիշ դպրոցներէ ամբողջովին տարբեր դպրոց մը: Անոր գլխաւոր շէնքը կը նմանի կատուի մը: Բան մը, որ կը զուարճացնէ փոքրիկները եւ ժպիտ կը յառաջացնէ անոնց ծնողներու դէմքերուն:

Խաղերը սիրող եւ անկանխատեսելի կատուները թէ՛ փոքրիկներուն, եւ թէ` ալ մեծերուն հաճոյք պատճառող անասուններ են: Անոնք կը ներշնչեն նաեւ գրողները, արուեստագէտները եւ նոյնիսկ… ճարտարապետները:

Այս ձեւով Գերմանիոյ, Քարլսրուհի քաղաքին մօտ Ուոլֆարցուըր գիւղին մէջ երկու արուեստագէտներ յղացած են գաղափարը` շինելու մանկապարտէզ մը եւ դպրոց մը հսկայ կատուի մը ձեւով: Այս արդի եւ հաճելի գործը մենք կը պարտինք արուեստագէտ եւ գրագէտ Թոմի Ունկերերի եւ ճարտարապետ Այլասուզըն Ենտելի, դպրոցին կառուցուածքը կը նմանի պառկած կատուի մը, որ սակայն պատրաստ է անմիջապէս իր չորս ոտքերուն վրայ ցատկելու: Այս կառոյցին մէջ ամէն ինչ մտածուած է, մանուկներուն մէջ դպրոց երթալու փափաք յառաջացնելու համար: Հոն ամէն օր աշակերտները կարելիութիւնը ունին շէնք մտնելու կատուին բերնէն` անասունին մէջը գտնելու համար տեսակաւոր խաղեր եւ ժամանցներ: Հսկայ կատուին երկու աչքերը մեծ պատուհաններ են, որոնք կարծէք աշակերտները կը դիմաւորեն երբ անոնք դպրոց կը ժամանեն:

«Տի Քաթցը» (կատուն) անուանուած այս կառոյցը շինուած է ընդունելու համար 100 փոքրիկներ: Շէնքին ներսը կարելի է գտնել դպրոցի բոլոր յարմարութիւնները` դասարաններ, հանդերձարաններ, խոհանոց մը, ճաշասրահ մը եւ, անշուշտ, խաղի տարբեր տարածքներ:

Մեղուները` Թուաբանութեան
Ախոյեաններ

Կան այնպիսիք, որոնք շատ կը սիրեն թուաբանութիւնը, եւ այնպիսիք, որոնք կ՛ատեն… Իսկ գիտէի՞ք, որ մեղուները կը պատկանէին առաջին խումբին: Այս տարօրինակ իւրայատկութիւնը նշմարած էին ֆրանսացի եւ աւստրալիացի գիտնականներ:

Անոնք մեղուներուն հետ կատարած են փորձեր: Երբ մեղուները կրցած են գունաւոր քառակուսիներով կազմուած գումարումներ կամ հանումներ կատարել, գիտնականները զանոնք վարձատրած են շաքարոտ ջուրով: Այս ձեւով գիտնականները նշմարած են, որ մեղուները կրնան մեծ թիւով ճիշդ պատասխաններ տալ: Այս զարմանալի կարողութեան շնորհիւ է, որ անոնք բնութեան մէջ, կրնան իրենց ուղեղին մէջ ստեղծել իրենց շրջավայրին քարտէսը:

Հսկայ Կրեային Վերադարձը

Շատ լաւ լուր մը` մասնագէտներուն համար, որոնք կը կարծէին, թէ կրեայի այս տեսակը անհետացած էր աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ:

Հարաւային Ամերիկայի ջուրերուն մէջ գտնուող Կալափակոս կղզիներուն մէջն է, որ դարձեալ տեսնուած է Ֆերտինանտայի հսկայ կրեայ մը:

Անոր գիտական անունն է Քելիտոնիս Ֆանթասթիքա, եւ 1906 թուականէն ի վեր ո՛չ մէկը զայն տեսած էր:

Հետաքրքրական

– Զուիցերիոյ Լիւսեռն քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի իւրայատուկ պանդոկ մը` Ճէյլհոթելը: Ան նախկին բանտ մըն է, որուն բաժանմունքները սենեակներու վերածուած են:

– Աշխարհի ամէնէն երկար կամուրջը կը գտնուի Չինաստանի մէջ: Տասնեանկ-Քունշան կամուրջին երկարութիւնը 164,8 քմ է:

– Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի մէջ կարգ մը սրճարաններ հաստատած են տրոնով փիզզայի առաքման սպասարկութիւն:

– Ճանճին ոտքերը կ՛արտադրեն յատուկ կպչուն նիւթ մը, որ անոր կարելիութիւնը կու տայ ամէն տեղ կառչելու:

– Երկու ամերիկացի ուսանողուհիներ հնարած են գնդակ մը, որ ելեկտրականութիւնը կ՛արտադրէ, երբ անոր կը հարուածենք: Ֆութպոլի խաղի մը աւարտին կարելի է գնդակին միացնել լամբ մը, որ կրնայ վառած մնալ երեք ժամ…

– Պոլիվիոյ Փոթոսի քաղաքին մէջ 160 հազար մարդ կ՛ապրի աւելի քան 4000 մեթր բարձրութեան վրայ:

– Հին Յունաստանի մէջ մարդիկ իրարու ձեռք կը սեղմէին փաստելու համար, որ իրենք զէնք չէին պահեր…

– Փանտան արջերու ընտանիքէն ստնաւոր մըն է, սակայն ան բուսակեր է: Անոր ուտելիքին 99 առ հարիւրը կազմուած է պամպուի եղէգներէ. սակայն կը պատահի նաեւ, որ ան ուտէ սատկած փոքրիկ անասուններ:

– Կապոյտ կէտին սիրտը կը կշռէ 600 քիլօ:

– Մեկասքոլիտեզ օսթրալիզ աշխարհի ամէնէն մեծ որդն է, անոր երկարութիւնը կրնայ հասնիլ 3 մեթրի: Անկէ քարիւղի հոտ կու գայ:  Աւստրալիական այս հսկայ որդը անհետանալու վտանգին տակ կը գտնուի:

– Անթարքթիքը ծածկող սառոյցը ունի միջին հաշուով 1700 մեթր հաստութիւն, այսինքն` հինգ անգամ Էյֆել աշտարակին բարձրութիւնը:

– Երկրագունդին կեդրոնը ջերմաստիճանը 5500-ի կը հասնի:

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել այն առարկան, որ անհետացած է վարի պատկերին մէջէն:
Կրնա՞ս գտնել այն մանրամասնութիւնը, որ կ՛ամբողջացնէ պատկերը:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Յունիս 1969)

Յաջորդը

Հայաստան Եւ …. Շատ «Բաներ»…

RelatedPosts

Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը
Մանկապատանեկան

Տարուան Ամէնէն Երկար Ցերեկի Օրը` Ամառնային Արեւադարձի Օրը

Յունիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?