Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մետաքսը ամէն տեղ է` իշխաններուն հագուստներուն մէջ, պալատներուն զարդարանքներուն մէջ, նորաձեւութեան աշխարհի նշանաւոր ստեղծագործներու գործերուն մէջ…
Այս թանկարժէք կերպասին պատմութիւնը կը սկսի բաւական հնարագէտ փոքրիկ որդի մը շնորհիւ:
Մեր հագուած հագուստներուն մեծ մասը պատրաստուած է բամպակի թելերով, այսինքն յառաջացած է բոյսէ մը, կամ` արհեստական կերպասներէ, որոնք կը պատրաստուին գործարաններու մէջ քիմիական նիւթերով: Մետաքսին պատրաստութիւնը ո՛չ մէկ կապ ունի այս կերպասներուն հետ: Այս նուրբ կերպասին պատմութիւնը կը սկսի… միջատով մը:
Որդի լորձունք
Այս միջատը, որ կը կոչուի մետաքսի որդ` պոմպիքս մորի, կամ` թթենիի ցեցը, գիշերային թիթեռնիկ մը:
Այս որդը դիւրին միջատ մը չէ, ան կ՛ուտէ միայն ճերմակ թութի ծառի տերեւներ: Ան պէտք ունի սնանելու ամբողջ ամիս մը, մինչեւ որ ան սկսի իր խոզուկը շինելու: Չորս օրուան ընթացքին ան կ՛արտադրէ լորձունք, որ կը կարծրանայ օդին ազդեցութեան տակ, ահա՛ մետաքսի թելերը:
Ըստ աւանդութեան, չիներն են, որոնք մետաքսը գտած են 4700 տարի առաջ: Չին իշխանուհի մը գտած է միջոցը` իր թէյի գաւաթին մէջ ինկած խոզակի մը երկար թելը բանալու… Այս ձեւով է, որ կը սկսի մետաքսին երկար պատմութիւնը: Այս յայտնաբերումէն կը յառաջանան երկու աշխատանքի մարզեր. մետաքսի որդին բուծանումը եւ մետաքսի հիւսքը:
Հին ժամանակներու մետաքսի ճամբան
Չիները երկար ժամանակ գաղտնի պահեցին մետաքսի որդի բուծանումի ձեւը: Իւրաքանչիւր անձ, որ կ՛անցնէր սահմանէն, մանրակրկիտօրէն կը քննուէր. բացարձակօրէն արգիլուած էր տանիլ խոզակներ կամ ճեմակ թթենիի հունտեր: Սակայն եւրոպացիներն ալ կ՛ուզէին ունենալ այս շքեղ կերպասը: Հետեւաբար վաճառականներ կերպասը բերել կու տային Չինաստանէն` կտրելով երկար ճամբայ մը Ասիոյ տարածքներէն, որ անուանուած էր Մետաքսի ճամբայ, մինչեւ այն օրը երբ միջին դարերուն, անոր գաղտնիքը բացայայտուեցաւ…
Գիտէի՞ր, թէ…
Մետաքսի արտադրութեան մէջ կը խօսուի նաեւ քրէփի, մուսլինի մասին… Ասոնք կերպասներ են, որոնք կը ստացուին մետաքսի թելերէն: Կան նաեւ մետաքսեայ թելերով պատրաստուած ուրիշ կերպասներու տեսակներ, ինչպէս` օրկանզան, թաֆըթան, սաթենը կամ թաւիշը: Այս տարբեր տեսակի կերպասները կը ստացուին ըստ մետաքսէ թելին պատրաստութեան ձեւին, եւ յատկապէս ինչպէս կը հիւսուին այդ թելերը:
Հետաքրքրական
Կերպասէ Քանդակներ
Կերպասը արդի արուեստագէտներու կողմէ յաճախ գործածուած նիւթ մըն է: Օրինակի համար, երբ բամպակէ երիզներ տաս Սիմոն Ֆըլփենին, ան հագուստ մը կամ տաբատ մը պիտի չկարէ, այլ այդ կերպասի կտորները վերածէ քանդակի:
Սիմոնը ծնած է Ֆրանսայի Նանսի քաղաքը, 1941-ին. ան չէ յաճախած արուեստի դպրոց, ո՛չ ալ սորված է ձեւել ու կարել: Իր փոքր տարիքին ան սովորութիւն ունէր խաղալու կերպասի գործարաններուն մէջ, ուր կ՛արտադրուէր ինքնաշարժներուն անիւներուն շինութեան գործածուած բամպակէ կտաւը: Այս շատ պարզ որակի բամպակի կտաւով է, որ ան հիմա կը շինէ իր քանդակները:
Ան նախ կը կտրէ երիզներ, որոնք վրայ վրայի կը շարէ, կը գլորէ եւ կը ծալէ: Ան այդ կտորները իրարու կը կցէ հազարաւոր գնդասեղներով եւ այս ձեւով կը յառաջացնէ ձեւեր, որոնց մենք կը հանդիպինք բնութեան մէջ` բրածոներ, խեցիներ, ծառի կեղեւ…Բնութիւնը անոր գլխաւոր ներշնչումի աղբիւրն է:
Անհաւատալի, Բայց Իրաւ
– Միլի Չիուաուա շնիկին հասակը նուազ քան 7.6 սմ է… Ան առնէտէ մըն ալ աւելի փոքր է:
– Գիտէի՞ր, թէ Էվերեսթի գագաթին դէմքդ կը սառի 5 վայրկեանէն:
– Ծովու մակարդակի օդին մէջ երեք անգամ աւելի թթուածին կայ քան` Էվերեսթի գագաթին:
– Միացեալ Նահանգներուն մէջ գոյութիւն ունի հնդկահաւի կանչը ծաղրելու ազգային մրցում մը: Կլուկլու ձայներ հանելը իսկական «արուեստ» մըն է…
– Իտալիոյ Էրաքլէայի ծովափին արգիլուած է աւազէ դղեակներ շինել:
– Շուները միայն դեղին, կապոյտ եւ մոխրագոյն գոյները կը տեսնեն:
– Աւստրալիոյ մէջ հինգ աստղանի պանդոկի մը ճաշարանը այնքան փոքր է, որ ան կրնայ ընդունիլ միայն չորս հիւր:
– Մինչ Ճափոնի Նականօ քաղաքին մէջ գոյութիւն ունի թէյի հիւրասրահ մը, որ զետեղուած է ծառի կոճղերու վրայ, 6 մեթր բարձրութեամբ: Հոն կարելի է բարձրանալ աստիճաններով:
– Գիտէի՞ր, թէ հնդկաց ովկիանոսի մէջ գտնուող Ռէունիոն կղզիին վրայի Փիթոն տը լա Ֆուռնեզ հրաբուխը գոյութիւն ունի մօտաւորապէս կէս միլիոն տարիներէ ի վեր: Անիկա աշխարհի ամէնէն գործօն հրաբուխներէն մէկն է: Վերջին 300 տարիներու ընթացքին ան ունեցած է աւելի քան 150 ժայթքումներ:
– Լաւային տաքութիւնը կրնայ երբեմն հասնիլ 1200 աստիճանի:
– Ամերիկացի մը արձանագրած է նոր մրցանիշ մը… ան 125 քափ քէյք «կերած է» 9 վայրկեանէն:
– Անթարքթիքի մէջ կազմակերպուած մարաթոնի մը ընթացքին վազողները պէտք է տոկան ծանր պայմաններու` ձիւնի, բեւեռային հովերու եւ -20 աստիճան ջերմաստիճանի:
Ժամանց