Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. Երբ Շեմփանզէները «Կը Խօսին»

Սեպտեմբեր 7, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մենք արդէն գիտենք, որ անասունները կարող են իրարու հետ հաղորդակցելու, սակայն` ոչ մեզի պէս. այլ ձեւերով` ձայներ, հոտեր արձակելով…

Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, գիտնականները հասած են այն եզրակացութեան, որ շեմփանզէներուն «խօսելու» ձեւը մեր խօսելու ձեւին շատ մօտ է:

Հասկնալու համար, թէ ինչպէ՛ս մեր մօտիկ «զարմիկները» մեզի պէս «կը խօսին», սկսինք մօտէն ուսումնասիրելու մեր խօսած ձեւը: Մեր խօսած լեզուները ուսումնասիրող գիտնականները լեզուաբաններն են: Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին աւելի քան վեց հազար տարբեր լեզուներ: Կարգ մը լեզուներ կը խօսուին միլիառաւոր անձերու կողմէ, մինչ ուրիշներ` քանի մը փոքր խումբերու կողմէ: Անոնք կրնան իրարմէ շատ տարբեր ըլլալ: Օրինակի համար, չինարէնին մէջ նոյն բառը կրնայ նոյնիսկ նշել բազմաթիւ բաներ: Այդ յատուկ նշանակութիւնը գիտնալու համար բառին առջեւ կ՛աւելցուի ուրիշ բառ մը: Ռուսերէնի կամ գերմաներէնի պարագային, բառերուն վերջաւորութիւնը կը փոխուի` ըստ նախադասութեան մէջ անոնց դիրքին կամ դերին: Հակառակ անոր, աշխարհի լեզուները ուսումնասիրելով, լեզուաբանները գտած են, որ ասոնք բոլորը ունէին նոյնանման կէտեր:

Զիփֆի օրէնքը

Այս օրէնքը իր անունը ստացած է զայն բացայայտած գիտնականէն: Հակառակ իր խրթին անունին` այս օրէնքը շատ պարզ է. ան կը բացատրէ, որ աշխարհի բոլոր լեզուներուն մէջ ամէնէն շատ գործածուած բառերը ընդհանրապէս կարճ կ՛ըլլան. օրինակի համար, առնենք «մամա», «պապա», «եկուր» կամ «բարեւ» բառերը: Գոյութիւն չունի լեզու մը, որ այս բառերը շատ երկար են: Բարեբախտաբար: Երեւակայենք լեզու մը, ուր իւրաքանչիւր վանկի միջեւ պէտք է աւելցնել «պալիպուլիպուլօ»… կրնա՞ք երեւակայել, առտուն, երբ դպրոց հասնիք եւ հանդիպիք ձեր ընկերներուն: Նոյնիսկ եթէ դուք զանգէն շատ առաջ հասնիք, բոլոր շուրջիններուն «Բապալիպուլիպուլօրեւ պալիպուլիպուլօ, ի՞նչ պելիպուլի պուլօպէս պալիպուլիպուլօ եւ պալիպուլիպուլօ» ըսելէ ետք, արդէն դասարան մտնելու ժամանակը կ՛ըլլայ…

Մենզերաթի օրէնքը

Այս օրէնքն ալ կոչուած է զայն բացայայտած գիտնականին անունով: Ան ալ հիմնուած է Զիփֆիի օրէնքին սկզբունքին վրայ. ընդհանրապէս, մարդ արարածը ամէն ինչ կ՛ընէ կեանքը պարզացնելու համար: Հետեւաբար, որքան մեր ըսելիքը երկար պիտի ըլլայ, այնքան նախադասութիւն կամ բառի բաժինները պզտիկ պիտի ըլլայ: Շատ երկար բառ մը կազմուած պիտի ըլլայ կարճ վանկերով: Շատ երկար նախադասութիւն մը կազմուած պիտի ըլլայ աւելի կարճ բառերէ, մինչ աւելի կարճ նախադասութիւններուն մէջ մենք կրնանք գտնել աւելի երկար բառեր: Ասիկա ճիշդ է բոլոր լեզուներու պարագային, եւ` ամբողջ աշխարհին մէջ: Այս օրէնքը նոյնիսկ փաստուած է շատ խրթին թուաբանական հաշիւներով:

Ինչպէ՞ս «կը խօսին» շեմփանզէները

Այս շատ խելացի մարդակապիկները ունին շատ լաւ կազմուած հաղորդակցելու միջոց մը: Անոնք մեզի նման բառեր չեն գործածեր, այլ ձեւերով` լեզուի տարբերակ մը: Անոնք իրենց ձեռքերով կ՛ընեն շատ ճշգրիտ շարժումներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի յատուկ նշանակութիւն մը. այս ձեւերը ուսումնասիրող գիտնականները հաշուած են յիսունութ ձեւ: Անոնք կը գործածեն նաեւ իրենց մարմնին կեցուածքը, դէմքին արտայայտութիւնները եւ ձայներ: Անհաւատալի, բայց իրա՛ւ, ճիշդ այս ձեւով է, որ… մանուկները կը հաղորդակցին: Անոնք կը գործածեն շեմփանզէներուն գործածած նոյն ձեւերը: Գրեթէ բոլոր ձեւերը, այսինքն` 10-9.5 ձեւեր. անշուշտ գոյութիւն ունին քանի մը փոքր տարբերութիւններ…

Անհաւատալի՛. նոյնանման կէտ մը

Շեմփանզէներուն «խօսելու» ձեւը  ուսումնասիրելու համար անգլիացի գիտնականներ բազմաթիւ անգամներ դիտած են իրարու հետ հաղորդակցող կապիկներու վիտէօներ. ընդամէնը` երկու հազար: Գիտնականները նշմարած են անհաւատալի բան մը. վերը նշուած օրէնքները, որոնք վաւերական են աշխարհի բոլոր լեզուներուն համար, կը կիրարկուին նաեւ շեմփանզէներուն պարագային: Անոնց ամէնէն յաճախ գործածած բառերը ամէնէն կարճն են. եւ երբ շէմփանզէ մը կը գործածէ ձեւերու երկար շարք մը, անոնք ընդհանրապէս կարճ կ՛ըլլան…

Մեր խօսելու ձեւերը շատ տարբեր են, սակայն անոնք բոլորը հիմնուած են նոյն սկզբունքներուն վրայ: Գիտնականները այժմ պիտի ուսումնասիրեն կապիկներու ուրիշ տեսակի մը` պոնոպոյին «խօսելու» ձեւը, տեսնելու համար, թէ նոյնը կը պատահի՞ անոր պարագային:

* * *

Գիտէի՞ր, թէ…

… Մանուկները շեմփանզէներուն նման կը խնդան:

Մինչեւ այսօր գիտնականները կը կարծէին, թէ մանուկները կը խնդային իրենց մեծ քոյրերուն, եղբայրներուն եւ ծնողներուն նման: Նոր ուսումնասիրութիւններ ապացուցած են, որ անոնք մեզմէ տարբեր ձեւով կը խնդան. անոնք կը խնդան, երբ կը շնչեն, եւ երբ կ՛արտաշնչեն: Չափահասները եւ տարիքով աւելի մեծ երեխաները կը խնդան միայն այն ատեն, երբ կ՛արտաշնչեն:

Եւ որովհետեւ շեմփանզէները կը խնդան թէ՛ շնչած, թէ՛ ալ արտաշնչած ատեն, ասիկա կը նշանակէ, որ մանուկներուն խնդուքը շատ աւելի նոյնանման է կապիկներուն խնդուքին, քան` մեր խնդուքին…

Մարդակապիկներուն Մասին

 

– Շեմփանզէներուն ծիներուն 96 առ հարիւրը մարդ արարածի ծիներուն նման են:

– Քոքօ անունով կորիլլա մը կրցած էր սորվիլ անգլերէնի ձեւերու լեզուն, եւ ան ունէր 1000 «բառէ» կազմուած բառամթերք մը, որուն միջոցով ան կրնար հաղորդակցիլ:

– Փրոպոսիս կապիկին քիթին երկարութիւնը կրնայ հասնիլ 10 սմ-ի:

– 230 պարպարի մաքաք կապիկներ կ՛ապրին Ճիպրալթարի ժայռին վրայ: Անոնք Եւրոպայի միակ վայրի կապիկներն են:

– Կորիլլա մը պէտք ունի օրական 15 ժամ քունի` արթուն եղած ժամերուն աշխուժ ըլլալու համար:

– Ճափոնի մաքաքները կ՛ապրին ձմրան -15 աստիճան ցուրտ եղող շրջաններու մէջ: Անոնք իրենք զիրենք տաք կը պահեն բնական տաք ջուրերու աղբիւրներու մէջ մնալով:

– Միջին հաշուով, 7 քիլօ կշռող կապիկ մը օրական 600 միլլիկրամ Սէ. կենսանիւթ կը ստանայ: Ասիկա 70 քիլօ կշռող մարդ արարածի մը համար յանձնարարուած Սէ. կենսանիւթի քանակէն 10 անգամ աւելի է:

– Արու մանտրիլ կապիկի մը մարմնին վրայ կարելի է գտնել 10 տարբեր գոյներ:

– 4300 տարիներ առաջ խելացի շեմփանզէներ արդէն կը գործածէին քարէ «գործիքներ»` ընկոյզներու կեղեւները կտրելու համար: Անոնք տակաւին այսօր կը գործածեն այս նոյն հնարքը:

Ժամանց

 

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 90` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել պանիրի կտորին հասցնող ճամբան:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (7 Սեպտեմբեր 1969)

Յաջորդը

Ծիրանի Մանր Ցոգոլ Բ.

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?