50 Տարի Առաջ (12 Մարտ 1968)
«Ուսուցիչներու Օր»-ուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը Բացառիկ Մեծարանքի Արժանացաւ Հայ Ուսուցիչը Բարձր հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ խուռներամ ներկայութեամբ ծնողներու, ուրբաթ, 8 մարտ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, շքեղ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ «Ուսուցիչներու օր»-ուան տօնակատարութիւնը: Տպաւորիչ եւ սրտագրաւ տեսարան մը պարզուեցաւ, երբ բացուեցաւ բեմին վարագոյրը: Բազմերանգ ու գեղեցիկ ծաղիկներով լեցուած էր բեմը: Ծաղիկներու տարածուն ամբողջութիւնը միացած էր բեմի խորքի պատկերին` Արարատներու կանաչազարդ լանջերուն` սփիւռք-հայրենիք հոգեկան կապ մը ստեղծելով: Ծաղկեկողով ուղարկած էին ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը, Լիբ. օգն. խաչի Էշրեֆիէի մասնաճիւղը, Լիբ. օգնութեան խաչի Նորաշէնի մասնաճիւղը, Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, Սասնոյ...
Կարդալ ԱւելինDetails



