ՀՅԴ Պատանեկան Օր
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան Կեդրոնական վարիչ մարմինի հովանաւորութեամբ եւ Էշրեֆիէի «Պալագեան» կոմիտէութեան «Ազատամարտ» պատանեկան միութեան նախաձեռնութեամբ, պատմական օր մը անցուցին պատանի ընկերները Էշրեֆիէի շրջանին մէջ, փետրուար 18-ի ժողովրդային ապստամբութեան առիթով:
Տեղի ունեցան` մարզական խաղեր, վազք, նշանառութիւն, պասքեթպոլի մրցաշարք, խրախճանք, բանախօսութիւն եւ «Ազատամարտ» պատանեկան միութեան հիմնադրութեան 40-ամեակի հանդիսութիւն:
«Պատանեկան օր»-ը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին վազքով մը: Առաջին հանդիսացաւ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան «Մուրատ» պատանեկան միութենէն Անդրանիկ Քէշիշեանը: Բ. մրցանակը շահեցաւ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան «Նաւասարդեան» պատանեկան միութենէն Աւետիս Տեմիրճեանը:
Մարզական երկրորդ մրցումին` նշանառութիւն, առաջնութիւնը շահեցաւ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւնը: Երկրորդ հանդիսացաւ «Մուրատ» պատանեկան միութիւնը:
Զոյգ մարզական խաղերէն ետք տեղի ունեցաւ «Ազատամարտ» պատանեկան միութեան հիմնադրութեան 40-ամեակի տօնակատարութիւն: Հանդիսութեանց կը նախագահէր ընդհանուր վարիչ Արմէն Տօնոյեանը, որ վեր առաւ ընդհանրապէս դաշնակցական պատանեկան միութիւններուն նախախնամական դերը սփիւռքի հայ իրականութեան մէջ եւ պատմական ակնարկով ներկայացուց «Ազատամարտ» պատանեկան միութեան 40 տարիներու ընթացքին արձանագրած յաջողութիւններն ու հասցուցած հաւատաւոր դաշնակցականները: Ընդհանուր վարիչը բեմ հրաւիրեց «Ազատամարտ» պատանեկան միութեան վարիչ Գ. Կէօզըգարայեանը, խանդավառ ծափերու մէջ ողջագուրուեցաւ անոր հետ եւ յանուն ՀՅԴ պատանիներու` յանձնեց յիշատակի բաժակ մը:
Ապա տեղի ունեցաւ փետրուար 18-ի տօնակատարութիւն: Օրուան բանախօսն էր ընդհանուր վարիչ Արմէն Տօնոյեանը: Փետրուարեան ժողովրդային ապստամբութեան ամբողջ պատմականը ընելէ ետք, ներկայացուց անոր արժէքը, այսօր, սփիւռքի հայութեան, եւ ՀՅ Դաշնակցութեան նոր ժառանգորդներուն թելադրեց փետրուար 18-ի տօնակատարութիւնը նկատել ուխտի օր: «Ուխտենք,- ըսաւ ընկ. Տօնոյեան,- տէրը կանգնիլ մեր սուրբ պատմութեան` արժանի դառնալու համար դաշնակցական կոչուելու եւ շարունակելու մեզի վստահուած սուրբ գործը»:
Ձեռնարկի ամենակարեւոր բաժինն էր կուսակցական զարգացման մրցումը, որուն մասնակցեցան ութ շրջանի պատանեկան միութիւններ:
Մեծ հպարտութեամբ արձանագրենք, որ մասնակցող բոլոր պատանիները 100-ի վրայ նուազագոյն 84 նիշ ապահովեցին:
Հաւաքական մասնակցութեամբ 100-ի վրայ 94 կէտ ստանալով` մրցման առաջին հանդիսացան հաւասարապէս «Ռոստոմ» եւ «Մուրատ» պատանեկան միութիւնները: «Ազատամարտ» պատանեկան միութիւնը ստացաւ 92 կէտ: Միւս բոլոր պատանեկան միութիւնները նոյնանման արդիւնքներ արձանագրեցին:
Կուսակցական ու հայ ազգային պատմութենէն առնուած բազմաթիւ հարցումներուն ճշգրիտ ու խանդավառ պատասխանները ցոյց կու տային, թէ որքան զինուած են պատանի դաշնակցականները հայ ժողովուրդի եւ իրենց կուսակցութեան անցեալի ծանօթութիւններով:
Հարցումներ ուղղուեցան` Պանք Օթոմանի, Խանասորի, Եըլտըզի մահափորձի, հայկական կոտորածներու, հերոսամարտերու, կամաւորական շարժումներու, Հայաստանի Հանրապետութեան երկամեայ քաղաքական կեանքի, Սեւրի դաշնագրի եւ Փետրուարեան ապստամբութեան մասին:
Մրցումը կը վարէին Կեդրոնական վարիչ մարմինի ընկերները, որոնք արժանի են գնահատանքի` ձեռք բերուած արդիւնքներուն համար:
Կէսօրին խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական ճաշ:
Կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի մրցում` հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Մրցաշարքին ախոյեան հանդիսացաւ «Ազատամարտ» պատանեկան միութիւնը:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ա. Տօնոյեանի շնորհաւորական խօսքերով եւ բաժակներու բաշխումով:
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեանց Կեդրոնական վարիչ մարմինն ու բոլոր պատանեկան միութիւններու վարիչները, կրկնենք, արժանի են անվերապահ գնահատանքի` պատանիները դաստիարակելու իրենց այս ճիգին ու բծախնդրութեան համար:
ԹՂԹԱԿԻՑ
