Ազգային Կեանք
Ազգային Գաւառական Ժողովի
Ա. Նստաշրջանի Գ. Նիստը
Նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի եւ ատենապետութեամբ մեթր Վարդգէս Շամլեանի, չորեքշաբթի, 21 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Գաւառական ժողովի Ա. նստաշրջանի Գ. նիստը:
Նախորդ Բ. նիստի ատենագրութեան ընթերցումէն եւ վաւերացումէն ետք, ժողովի օրակարգերն էին Տնտեսական խորհուրդի եւ Կալուածոց յանձնախումբի գործունէութեանց քննութիւնը:
Գրաւոր ու բերանացի տրուած մանրամասն տեղեկութիւններէն եւ հաշուետուութիւններէն պարզուեցաւ, որ Տնտեսական խորհուրդը ունեցած է գնահատելի գործունէութիւն: Ազգային եկամուտը արձանագրած է զգալի յաւելում մը:
Կալուածոց յանձնախումբի տարած աշխատանքը եւս արժանացաւ գնահատանքի:
Առաւել եւս արդիւնաւոր դարձնելու համար ազգային եկամուտը, եղան նոր ու գործնական առաջարկներ:
Ժողովը իր նիստը փակեց ժամը 9:00-ին, սրբազան հօր աղօթքով: Յաջորդ Դ. նիստը պիտի գումարուի երեքշաբթի, 27 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:
Ս. Վարդանանց Տօնակատարութիւնը
Հինգշաբթի, 22 փետրուարին, Սրբոց Վարդանանց ազգային տօնը ոգեկոչուեցաւ համազգային յարգանքով:
Բոլոր հայ վաճառատուներն ու գործատեղիները փակ էին: Պետական եւ օտար հաստատութիւններու եւ ընկերութիւններու հայ պաշտօնեաները, բանակի հայ զինուորները եւ լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտները, անխտիր, արձակուրդի մէջ էին:
Բոլոր եկեղեցիներու մէջ, հաւատացեալներու խուռներամ ներկայութեամբ, հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցուեցաւ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, Աւարայրի դիւցազնամարտին մէջ, վասն հայրենեաց եւ հաւատքի նահատակուած հերոսներու յիշատակին:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, սրբազան արարողութիւններուն նախագահեց Խորէն Ա. կաթողիկոս: Պատարագեց եւ քարոզեց Գարեգին եպիսկոպոս: Յաւարտ Ս. պատարագի, եպիսկոպոսարանի դահլիճին մէջ, ազգայիններ, աջահամբոյրով շնորհաւորեցին վեհափառ հայրապետը` իր անուանակոչութեան առիթով:
Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ
Տօնախմբութիւնը
Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ մեծ հանդիսութեամբ: Եկեղեցւոյ մուտքին լիբանանեան դրօշներով զարդարուած յաղթական կամար մը կանգնեցուած էր:
Հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատուցանեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:
Կէսօրին, պատուարժան Թաղական խորհուրդը հոգեճաշ մը տուաւ ազգային Նուպարեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին սրբազան հայրը, պետական հայ երեսփոխաններ Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, Ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներ Գէորգ Ջաթալպաշեան եւ Արամ Ամասեան, Նորաշէնի եւ Պուրճ Համուտի այլ շրջաններու երեւելի ազգայիններ եւ կրթական մշակներ:
Ներկաներուն բարի գալուստի խօսք ուղղեց Թաղական խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Աղուինեան: Խօսք առին նաեւ ներկաներէն շատեր եւ կենաց բազմաթիւ բաժակներ առաջարկուեցան: Տեղւոյն վրայ, սրտաբուխ նուիրատուութիւններէ գոյացաւ 5400 լ. ոսկի: Ճաշկերոյթը անցաւ ուրախ տրամադրութեամբ եւ վերջ գտաւ սրբազան հօր օրհնութեան աղօթքով:
ՀԿԵՄ-ի Վարդանանց Փառատօնը
Բարձր հովանաւորութեամբ Ամեն. Տ. Իգնիատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքի եւ կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի ՀԿԵՄ-ի, չորեքշաբթի, 21 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Սրբուհի Ագնէս վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ Վարդանանց փառատօնը:
Ազգայնաշունչ բանախօսութեամբ, Հրաչ Տասնապետեան ներկայացուց Վարդանանց դիւցազնամարտին պատմականը:
Հ. Վահան Յովհաննէսեանի «Դէպի Աւարայր» թատրերգութենէն բեմադրուեցաւ հատուած մը: Եղան նաեւ մեներգ ու արտասանութիւններ:
Փակման խօսքը արտասանեց Արհի. Մեսրոպ եպս. Թերզեան:
Ս. Նշանի Տիկնանց Միութեան
Տօնակատարութիւնը
Նախագահութեամբ առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ կազմակերպութեամբ Ս. Նշան եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան վարչութեան, հինգշաբթի, 22 փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ազգային երաժշտանոցի ծայրէ ծայր լեցուն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց շքեղ տօնակատարութիւն:
Բացման խօսքը ըրաւ վարչութեան ատենապետ Էօժենի Պալեան: Բանախօսեց Յակոբ Իսկէնտէրեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:
Փակման խօսքը ըրաւ առաջնորդ սրբազանը:
Պատկերասփիւռի Երեկոյթ
Կազմակերպութեամբ Համավասպուրականի հայրենակցական միութեան, հինգշաբթի, 22 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, քանալ 7-էն եւ 9-էն տրուեցաւ պատկերասփիւռի երեկոյթ մը, Սրբոց Վարդանանց տօնին առիթով:
Առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս ֆրանսերէնով ներկայացուց Վարդանանց դիւցազնամարտին պատմականը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ ու տպաւորիչ յայտագիր մը, մասնակցութեամբ` Համավասպուրականի «Սիփան» պարախումբի, «Գուսան» նուագախումբի, երգչուհի Սօսի Մինասեանի եւ երգիչ Լեւոն Գաթրճեանի:
