Խմբագրական
Վառ Պահելու Համար
Հայ Մշակոյթին Ջահը
Լոյս տեսաւ եօթներորդ տարուան երկրորդ թիւը: Շուտով կը հրատարակուի երրորդը:
Կը խօսինք «Բագին»-ի մասին:
Ու ով որ «Բագին» կ՛ըսէ, անպայման նկատի ունի սփիւռքի մեր գրական շարժումը, անոր ներկան, ապագան, արտայայտութիւնը` սերունդի մը, որ նոր ուղիներ կը փնտռէ` պահելով հինին ժառանգութիւնը, գրական մեր աւանդութիւնները, որոնք ուղիղ գծով կու գան անցեալէն եւ կը շաղախուին ներկային հետ` առանց բախումի, ներդաշնակին նպաստով:
Մեր ժամանակներուն, երբ գրական ամսագիր հրատարակելը անորոշութեան հետ դաշինք կնքել կը նշանակէ, «Բագին»-ի վեցամեայ հատորները իրենց շօշափելի իրականութեամբ, աւելի քան երբեք իրականութիւն կը դարձնեն այն, որ հնարաւորութիւնները երբեմն թեթեւ կը կշռեն նժարին մէջ, երբ միւս կողմը դրուած են` հաւաքականութեան մը կամքը, զոհողութեան ոգին, գրականութեան եւ անոր խողովակով մեր դարաւոր մշակոյթին, մեր անկորնչելի արժէքներուն ծառայելու պատրաստակամութիւնը:
«Բագին» կը հրատարակուի մեր գաղութին մէջ: Բայց գաղութի մը սեփականութիւնը չէ: Եւ այս` ոչ թէ պատահական կարգադրութեամբ մը կամ կեանքին բերումով, այլ որովհետեւ այդպէս ուզեցին, որ ըլլայ անոր հիմնադիրները: Համագաղութային ձեռնարկ մըն էր այս ամսագիրը ու այդպէս ալ եղաւ: Հրատարակուեցաւ հոս, բայց տարածուեցաւ ամէնուրեք` թէ՛ աշխատակիցներու եւ թէ՛ ընթերցողներու տեսակէտէն:
Այլ խօսքով, եղաւ սփիւռքի մեր գրողներուն ժամադրավայրը, անոնց արտայայտութեան բեմը: Անոր գոյութեան եւ յարատեւութեան իրենց նպաստը բերին բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատային ազատ գրականութեան, ստեղծագործելու ազատութեան, որ հանգանակ մըն էր ինքնին, թէեւ «Բագին» չուզեց երբեք սահմանափակուիլ եւ կաշկանդուիլ գրական հանգանակներու սեղմ շրջանակին մէջ` միակ պատուանդան ընդունելով ազատութիւնը, որ մայրն է բոլոր ստեղծագործութիւններուն իրաւ արժէքներուն:
«Բագին» եղաւ համագաղութային ձեռնարկ` նաե՛ւ ընթերցող հասարակութեան տեսակէտէն, ու որքան գիտենք, լայն ընդունելութիւն գտաւ մեր բոլոր գաղութներուն մէջ` Ատլանտեանի զոյգ ափերէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Եւրոպայէն մինչեւ Ափրիկէ, բաժանորդներու լայն ցանցով մը, որ եթէ առաջին տարիները պարզ հետաքրքրութեան համար ընդունեց այս ամսագիրը, հետզհետէ սակայն կապուեցաւ անոր` ինքնաբուխ, սրտի կապով:
Վեց տարիներու վրայ երկարող իր հատորները, 72 հատոր, 5760 մեծադիր էջ, կը կազմեն պերճախօս վկայութիւնը գործի մը, որուն կարեւորութիւնը առաջին իսկ օրէն ըմբռնելի դարձաւ մեր գրականութեան ապագայով մտահոգ մտաւորական եւ գրասէր դասուն համար: Ու ինչ որ խանվադառութիւնը երէկ էր այս ձեռնարկին շուրջ, նոյնն է նաեւ այսօր, անոր գտած յաջողութեան նպաստով:
Գնահատա՞նքը այս գործին: Անկախ` ընթերցող հասարակութեան յարաճուն հետաքրքրութենէն, այն իրողութիւնը, որ գաղթաշխարհի ամէնէն վաւերական հեղինակներէն շատեր իրենց աշխատակցութիւնը բերած են ու կը շարունակեն բերել «Բագին»-ին` հաւատալով անոր առաքելութեան, դերին ու կոչումին ու նաեւ լրջութեան, ինքնին բաւական է հաստատելու այս ամսագրին իսկական տեղը գաղութահայ գրականութեան մէջ:
«Բագին»-ի հրատարակութենէն մինչեւ այսօր առնուազն տասը երիտասարդ անուն դարձան շնորհիւ այն գուրգուրանքին, որ ամսագրին խմբագրութիւնը ցոյց տուաւ նորերուն հանդէպ, եւ` այն հետեւողական աշխատանքին, որով քաջալերեց սկսնակները: Անոնցմէ ոմանք առանձին հատորով մուտք գործեցին արդէն մեր գրական անդաստանէն ներս` օրինակ ծառայելով իրենց եւ գալիք սերունդին:
«Բագին» կը շարունակուի, պիտի շարունակուի, որովհետեւ զայն հրատարակողները կը հաւատան անոր դերին: Այդ հաւատքը կը բաժնեն բոլոր անոնք, որոնք գրականութեան ճամբան կ՛ուզեն ծառայել հայութեան` վառ պահելու համար մեր մշակոյթին ջահը:
«Բագին»-ի շուրջ բոլորուած հաւատացեալներու ձեռքին մէջ այդ ջահը պիտի մնայ անմար` իր լոյսը տարածելով ամէնուրեք, մտնելով ամէն հայ տուն ու գրականութեան եւ արուեստին ջերմութիւնը մտցնելով իրեն հետ:
