«Սքանչելի Յօդուածը»
Հոն, ուր քանի մը փամփուշտ կը պարպուի, ու քանի մը հոգի կ՛իյնայ, հոն, ուր մասնակի կամ զանգուածային ջարդեր տեղի կ՛ունենան, սովորութիւն դարձած է, որ գրողները, թղթակիցները, ամէ՛նքը կանգ առնեն երեւոյթին առջեւ ու գաղափարաց զուգորդութեամբ յիշեն հրեաները, հրեաներուն վրայ կատարուած ճնշումները, դէմ եղած հալածանքը, ջարդը, Հիթլերը:
Ջարդուած ըլլալու փաստը «մենաշնորհի» վերածելու հսկայ ճիգ մը ի գործ դրին Հիթլերի զոհերը, եւ նացի Գերմանիոյ դէմ աշխարհի միակտուր ծառացումը պզտիկ նպաստ մը չբերաւ իրենց այդ ուղղութեամբ:
Ցեղասպանութեան ենթարկուած առաջին ժողովուրդին` մե՛ր պարագան բոլորովին տարբեր եղաւ: Հեղեղօրէն թափուած արիւնը գրեթէ բան չըսաւ մարդոց, արիւնահեղներուն արիւնը աւելի խօսեցաւ իրենց: Ո՛չ ջարդարարներուն համար կախաղաններ բարձրացուեցան երէկ, եւ ո՛չ ալ ջարդուողներուն արդարութեան մասին խօսք կը բացուի այսօր:
Չաճապարենք սակայն:
Երէկ աշխարհը մեղաւոր էր, որ իր խղճմտանքին վրայ քար դրաւ ու լռեց, բայց այսօր ինք այնքան մեղք չունի հաւանաբար, որքան ունինք մենք: Ուրիշներ իրենց հարցը այլազան ձեւերով ու հետեւողականօրէն ներկայացնել գիտեն, մենք պարագայաբար միայն կ՛անդրադառնանք մերինին եւ մենախօսութեամբ օրը իրիկուն կ՛ընենք:
Մենախօսութեա՛մբ:
Ուրիշներուն հետ խօսելու առաւելութիւնը, ի հարկէ, բոլորովին անծանօթ չէ մեզի: Այդ կապակցութեամբ սքանչելի օրինակ մը տուաւ: Անահիտ Տէր Մինասեանը: Վերջերս մենք ուրախութեամբ նկատեցինք, որ «Լը Նուվել Օպսերվաթէօր»-ի մէկ աշխատակիցը թերթին վերջին թիւին (20 փետրուար) մէջ, ռուսական շովինիզմին անդրադառնալու ատեն, իբրեւ յաւելեալ լուսաբանութիւն, դարձեալ ընթերցողին կը յանձնարարէ` «Տեսնել «Էքսփրես»-ի 1967 ապրիլի թիւին մէջ Անահիտ Տէր Մինասեանի սքանչելի յօդուածը»:
«Սքանչելի յօդուածը»:
Անցեալ տարի ընթերցողը «Ազդակ»-ի (մայիս 6-20) մէջ կարդաց այդ յօդուածը: Ամբողջ հայոց պատմութիւնը խտացնող, հայոց պատմութեան հետ առնչուող հարցերը ի մի բերած գրութիւն մըն է անիկա, որ կը հասնի մինչեւ մեր օրերը եւ առարկայական տուեալներով կը բացայայտէ Հայկական հարցին էութիւնը: «Օպսերվաթէօր»-ի աշխատակցին գնահատանքը ռուսական շովինիզմը սեւեռող բաժնին չի վերաբերիր, ամբողջին կը վերաբերի, ու ամբողջը իրապէ՛ս սքանչելի է:
Անգամ մը եւս կը պարզուի, որ «սքանչելին» երբեք չի վրիպիր մարդոց ուշադրութենէն, յիշողութենէն:
Անգամ մը եւս կը պարզուի, որ «սքանչելիին» բնոյթը տարածական է եւ` կենսական տարածութիւններ նուաճելու կենսական միջոցներէն մին:
Սքանչելին բազմապատկելու ընդունակ բազմաթիւ տղաք ունինք մենք, եւ մեր տղոց վզին պարտքն է այդ աշխատանքին ձեռնարկելու փութկոտութիւնը:
Պ. Ս.
Հայ Կեանք
Մայիս 28-ի Յիսնամեակը
Տօնելու Համար
Պուէնոս Այրէսի «Արմենիա» սրահին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցական ժողով մը` մասնակցութեամբ «Արմենիա» մշակութային ընկերակցութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն, հայ համալսարանականներու, ՀՄԸՄ-ի եւ Ա. Ե. միութեան վարչութեանց ատենապետներուն եւ անդամներուն:
Ժողովին նիւթը եղած է` հայկական պետականութեան հիմնարկէքի (մայիս 28, 1918) յիսնամեայ յոբելենական տարուան տօնակատարումը:
Այդ նպատակով մշակուած է համապատասխան ծրագիր մը, որ հաստատուած է միաձայնութեամբ:
Թիֆլիսի Հայկական Թատրոնին
110-րդ Թատերական Եղանակը
Թիֆլիսի Հայկական տրամաթիկական թատրոնը կատարած է իր 110-րդ եղանակին բացումը:
Թիֆլիսի «Ներսիսեան» ճեմարանի ուսանողներուն կողմէ հիմնուած այս թատրոնը իր հանդիսատեսներուն ծանօթացուցած է հայ, ռուս եւ եւրոպացի լաւագոյն թատերագիրներու գործերը: Գաբրիէլ Սունդուկեանի նշանաւոր «Պէպօ»-ն ներկայացուցած է 500 անգամ:
Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի գլխաւոր փողոցներէն մէկը զարդարող այս թատրոնին խումբը կը բաղկանայ 50 դերասաններէ: Ներկայացումներ կու տայ նաեւ Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի զանազան քաղաքներու մէջ:
Իրաքահայ ՀՄԸՄ-ական Հեծելանւորդ
Ճ. Թեճիրեան Համաշխարհային Ախոյեան
Հաղորդած էինք, որ իրաքահայ ՀՄԸՄ-ական հեծելարշաւի ախոյեան Ճ. Թեճիրեան պիտի մեկնէր Լիզպոն` մասնակցելու համար միջազգային հեծելարշաւի տոկունութեան մրցումին:
Ճ. Թեճիրեան 1115 քիլոմեթր ճամբան առանց ընդմիջումի եւ դադարի սլացած է 77 ժամ 10 վայրկեանէն, ապա 30 հազար հանդիսականներու առջեւ շարունակած է քշել հեծիկը` մրցանիշը հասցնելով 127 ժամի: ՀՄԸՄ-ական մարզիկը հռչակուած է ախոյեան` համաշխարհային չափանիշով:
Փարիզի մէջ, Ճ. Թեճիրեան, հեծելարշաւի ֆրանսական դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ, պիտի փորձէ բարելաւել իր մրցանիշը:
