Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Մարտ 1968)

Մարտ 9, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աշխարհը 2000 Թուականին

Անգլիական գիտական ամսագիր մը հետեւեալ նախատեսութիւնները կ՛ընէ 2000 թուականի մասին:

– Հասարակ հաշիւները ցոյց կու տան, որ 2000 թուականին գիտնականներու եւ ճարտարագէտ-հետազօտողներու թիւը աշխարհի մէջ պիտի հասնի 25 միլիոնի: Ելեկտրոնային-հաշուիչ մեքենաներու շնորհիւ` տասնապատիկ կերպով պիտի բարձրանայ գիտնականներուն աշխատանքի արտադրողականութիւնը: Ասոր շնորհիւ` անհամեմատ կը մեծնայ մարդկային բանականութեան մտաւոր կարողութիւնը:

– Մեր մոլորակին ելեկտրուժի պաշարները բաւական առատ են եւ վառելիքի պակասի մասին դեռ քանի մը հարիւր տարի ոչ մէկ մտահոգիչ խօսք կարելի է ըսել: Սակայն պէտք է տարբերութիւն դնել աղբիւրներուն վրայ: Օրինակ, վառող քարիւղը կամ ածուխը կը սպառին վերջնական ձեւով, մինչդեռ արեւին ուժը գործնականին մէջ անսպառ է:

Անսպառ ելեկտրուժի աղբիւր է քամին, որ սքանչելի կերպով կ՛օգտագործուի Հոլանտայի մէջ: Քամիին ելեկտրուժը կը գնահատուի 20 միլիառ քիլովաթ: Մեծ ելեկտրուժ կրնայ հայթայթել երկրին ներքին ջերմութիւնը` մէկ միլիառ 700 միլիոն քիլովաթ:

Բայց, վերջին հաշուով, ելեկտրուժի ամէնէն մեծ եւ անսպառ աղբիւրը կը մնայ, ըստ երեւոյթին, արեւը: Հաշիւ եղած է, որ արեւին ելեկտրուժին խուրձը իւրաքանչիւր մեթրի վրայ հաւասար է 1355 քիլովաթի:

– Ինքնաշխատ մեքենաները պիտի գործածուին լայն չափով: Կ՛ենթադրուի, որ արդէն 1970-1978 ինքնաշխատ ձեւով պիտի գործեն օդանաւերը, 1971-1988 իրաւաբանական հաղորդումներու հաւաքումը պիտի կատարեն ինքնաշխատ թարգմանիչ մեքենաները, 1980-1995 լայնօրէն պիտի օգտագործուին ռոպոթները եւ այլն:

Սակայն այս երեւոյթը պատճառ պիտի չդառնա՞յ գործազրկութեան: Ո՛չ, կը հաւաստեն մասնագէտները:

– Կ՛ակնկալուի, որ հարիւր տարի ետք չորս անգամ աւելնայ քաղաքներու բնակչութեան թիւը: Պիտի ստեղծուին քաղաք-հսկաներ, ինչպէս Պոսթըն-Ուաշինկթընը` 400 քիլոմեթր երկարութեամբ, եւ 80 միլիոն բնակչութեամբ:

Մարդիկ աւելի շատ ժամանակ պիտի ունենան հանգստանալու եւ շատ աւելի յաճախ պիտի ճամբորդեն: 1980-ին գործածութեան պիտի դրուին ելեկտրական ինքնաշարժները:

2000-ին մեծ ծաւալ պիտի ստանայ «ընտանեկան» թռաններու արտադրութիւնը: Իբրեւ օդակայան` պիտի օգտագործուին տուներու տանիքները: Անճանաչելի ըլլալու աստիճան պիտի փոխուի երկաթուղին: Պիտի երթեւեկեն 800 քիլոմեթր արագութեամբ սուրացող շոգեկառքեր:

– Աշխարհի կազմութենէն մինչեւ ԺԷ. դար մեր մոլորակին բնակչութիւնը արձանագրած է շատ դանդաղ աճ մը` հասնելով 600 միլիոնի:

1065-ին աշխարհի բնակչութեան թիւն էր 3 միլիառ 281 միլիոն: Այդ թիւը 2000-ին կը հասնի 6 միլիառ 130 միլիոնի:

 

Պէյրութի Առաջին Ընտրաշրջանին

Դաշնակցութեան Եւ Փաղանգաւորներու Ցանկը Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Երէկ

Երէկ` ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Փաղանգաւորներու տունին մէջ տեղի ունեցած հաւաքոյթի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանին` ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան միացեալ ցանկը:

Այս առիթով հրատարակուեցաւ ընտրական յայտարարութիւն մը, ուր կը շեշտուի, որ ցանկին անդամները պիտի աշխատին` ամրապնդելու ազգային միութիւնը, զօրաշարժի ենթարկելու ազգային բոլոր առողջ ուժերը` ի խնդիր Լիբանանի յառաջդիմութեան, իրագործելու ընկերային արդարութիւնը, զօրացնելու խորհրդարանական վարչաձեւը ու բարձրացնելու անոր մակարդակը եւ պահպանելու երկրին ազատական տնտեսութիւնը:

Ցանկին անդամներն են`

Շէյխ Փիեռ Ժեմայել` (մարոնի)
Ընկ. Մովսէս Տէր Գալուստեան (հայ առաքելական)
Պր. Խաչիկ Պապիկեան (հայ առաքելական)
Պր. Սուրէն Խանամիրեան (հայ առաքելական)
Պր. Ֆուատ Պութրոս (յոյն ուղղափառ)
Պր. Անթուան Սեհնաուի (յոյն կաթողիկէ)
Պր. Ժոզեֆ Չատեր (հայ կաթողիկէ)
Պր. Սամիր Իսհակ (աւետարանական)

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ուշադրութի՛ւն, Ուշադրութի՛ւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?