Նշմար
Մենք` Առաջինը
Պէտք եղաւ քանի մը տասնամեակ, որ աշխարհը ըմբռնէ Ռուսիոյ սահմաններուն մէջ կիրարկուող համայնավար սկզբունքներուն էութիւնը եւ մարդ անհատին սպառնացող վտանգը հեռացնելու համար սկսի հակահարուածներու դիմել:
Աշխարհի բնակչութեան երեք քառորդէն աւելին պայքարի ելած է այսօր համայնավարութեան դէմ: Այլասերած կը նկատեն վարդապետութեան խորքը, քողարկուած չարիք մը կը նկատեն զայն, մարդը իր մարդկային բովանդակութենէն պարպող ահաւոր մեքենայ մը, մեքենայութիւն մը: Այսօ՜ր:
Մենք այդ չարիքը զգացինք` հին ու սեւ երազի մը կրկներեւոյթը իբրեւ, առաջին մէկ օրէն, մեր հայրենիքին մէջ, ազգովին:
Հին երազը ծանօթ է ամէնուն, ու ամէնքը գիտեն, որ քանի մը տասնամեակ առաջ «Սուլթանն ու ցարը ձեռք ձեռքի տուին, միեւնոյն թուին», միեւնոյն ծրագրին համար, Հայաստանը առանց հայու տեսնելու մռայլ երազ մը փայփայելով:
Սուլթանն ու ցարը չյաջողեցան իրագործել իրենց երազը: Ընդհակառակն, օրը եկաւ, եւ մեր ժողովուրդը իր արիւնով տէր դարձաւ իր հայրենիքին եւ մարմին տուաւ անկախութեան դարաւոր իր երազին:
Սուլթան չկար այդ պահուն ու ցար չկան:
Բայց այս անգամ անհանգստացան սուլթանի ու ցարի հարազատները` Ալին ու Լենինը: Այս անգամ Ալին ու Լենինը «ձեռք ձեռքի տուին, միեւնոյն թուին», եւ մէկը հարաւէն մտաւ մեր երկրին մէջ, միւսը` հիւսիսէն: Թուրքը թուրք էր ու հաստատեց իր թրքութիւնը իր բռնագրաւած մասերուն վրայ, իսկ միւսը «քեռի՜» էր, եղբա՜յր ու եղբայրական խոստումներով կատարեց ներխուժումը:
Պատրանաթափութիւնը չուշացաւ սակայն:
Երջանկութեան, հաւասարութեան, արդարութեան ու կեանքի ապահովութեան խոստումներով եկողը, տեսնուեցաւ անմիջապէս, որ թուրքին մէկ տարբեր տեսակն է: Սարսափ կայ իր ծրագիրներուն մէջ, կողոպուտի բաժին մը, խորտակումի եւ բնաջնջումի հազար կէտ: Թալան, բանտ, աքսոր, գնդակահարութիւն: Համայնավարներու մուտքին յաջորդող շրջանին` մէկ օրէն միւսը ընտիր չմնաց Հայաստանի մէջ, կտրիճ չմնաց, ապրելու սի՛րտ չմնաց: Ժողովուրդը զգաց դարձեալ, որ «օտարներէն չկայ յոյս», ու պայթեցաւ: Պայթեցաւ Փետրուարեան ապստամբութիւնը:
Ձեռք բերուած ազատութիւնը երկար չտեւեց, ճիշդ է, բայց կայ ապստամբութեան փաստը, որ ինքնին արժէք է եւ ունի միջազգային կշիռ մը:
Փետրուարեան ապստամբութիւնը համայնավար բռնութեան դէմ մղուած պայքարին առաջին պոռթկումն է եւ հայ ժողովուրդի անկախութեան տենչին մէկ սրբազան աղաղակը:
Պ. Ս.
ՀՄԸՄ-ի Յիսնամեակ
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան յիսնամեակին առիթով, լոյս տեսաւ գեղեցիկ օրացոյցը` գունաւոր պատկերներով, լուսանկարներով, քերթուածներով, արձակ էջերով (հոգեւորական եւ աշխարհական գրողներէ), գնահատականներով` զոյգ կաթողիկոսներէն:
Կը թերթես զայն մեծ գոհունակութեամբ: Ահա՛ զինանշանը` սքանչելի բնաբանով` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»: Ինքնատիպ է, անզուգական է, սկաուտական ո՛չ մէկ խմբակցութիւն յղացած է, երբեւիցէ, նման բնաբան մը իմաստալից: ՀՄԸՄ-ի զինանշանը երկու թեւերով կը սլանայ դէպի Արարատի գագաթը, դէպի արեւը:
Խօսքերն ու դէմքերը իրարու կը յաջորդեն փայլուն էջերու վրայ: Սիրելի անուններ կը լսես վերստին` Պետրոս Ատրունի, Չիթունի, Շաւարշ Քրիսեան, Գրիգոր Յակոբեան, Յովհ. Հինդլեան, Յովակիմեան, Մեծատուրեան, Ճիզմեճեան, Ֆրենկեան, Մալումեան, Մինթամճեան, եւ այլն: Յուզումը կը պատէ սիրտդ, եթէ պատանեկութեանդ մէջ տեսած ես մէկն ու միւսը, տեղեակ ես անոնց անձնուրաց գործունէութեան: Ի՜նչ փառաւոր երիտասարդներ էին, որքա՜ն լուսափողփող էր իրենց գաղափարականը` Աստուած եւ հայրենիք: Կը կարդաս գնահատանքները, արձակները, քերթուածները, եւ յուզումդ կը կրկնապատկուի:
Պարզ օրացոյց մը չէ՛ սա. մարմնոյն չի հայիր սոսկ, այլեւ` հոգիին: Այնքան նուիրական է, որքան` մեր հոգեւոր օրացոյցները, որոնք կը նշեն, օրէ օր, անունները մեր սուրբերուն եւ հերոսներուն: ՀՄԸՄ-ը հարազատ զաւակն է անոնց, պահա՛կը անոնց գաղափարականին:
Յունուարին կը յաջորդէ փետրուարը, փետրուարին` մարտը… Բայց ամիսներու անցքը չեն թոյլատրեր քեզի, որ պատռես ու նետես էջը: Զայն կը պահես, կը պահես, բոլո՛ր էջերը, կը պահես տարի՛ն, որ խտացումն է նախորդ տարիներուն: Կը պահես` որպէս յիշատակ մը անթառամ:
ՀՐԱՉ ՔԱՋԱՐԵՆՑ
