Հայութիւնը` Իր Վէրքերով Ու Երգերով
Ճարճատիւններ…
Բառը ծանր հնչէ հաւանօրէն, կամ թուի ըլլալ արտայայտութիւնը` թանձր յոռետեսութեան:
Եթէ ուրիշներու մօտ աւելի ճշգրի՜տ է չափի զգացումը, «կը խնդրուի իբրեւ այդ նկատի ունենալ» մեր բնութագրումը:
Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ հայութեան ընդհանրական կեանքին մէջ, մեզ կը մտահոգէ լրջօրէն:
– Ճարճատիւններ կը լսենք արտասահմանի գրեթէ բոլոր գօտիներուն մէջ: Անխտիր բոլոր այն մարզերուն վրայ, ուր մեր «մնացորդացը» կռուաններ հաստատեց Մեծ եղեռնէն ետք, համրանք ու թիւ չմնալու եւ տոկալու համար: Կազմակերպ կեանք ստեղծելու եւ հաւաքականութիւն դառնալու համար:
Մեր բոլոր գաղութները կը հեւան այսօր: Ամէ՛ն ինչ կ՛ընեն «փոշի ազգ» չդառնալու համար վերստին: Կը մաքառին, սակայն կը տատանին…
Տագնապ մը կայ հանրային առումով ծառայութեան տրամադիր ուժերու, յօժարակամ մշականերու, որոնք, ճանչնալէ ետք մեր պայմանները, քաջութիւնը պիտի ուզէին ունենալ ասպարէզ իջնելու եւ ծառայութեան լծուելու:
Ահաւասիկ` ձայները, որոնք կը լսուին քիչ մը ամէն տեղ, գրեթէ յուսակտուր շեշտով մը.
– «Ուսուցիչ կ՛ուզենք»…
– «Խմբագրի պահանջ ունինք»…
– «Գործիչ չենք գտներ»…
– «Հանրային ղեկավարութիւն չի հասնիր»…
– «Կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր ասպարէզներու մէջ ամայութիւնը զգալի կը դառնայ օրէ օր»…
Մնացեալը գիտէ՜ք արդէն:
Հանրային հետաքրքրութեան տէր իր բոլոր խաւերով հայութիւնը ծագէ ծագ կը հաստատէ, որ ճգնաժամ մը կ՛անցընենք այսպէս կոչուած «առաջնորդող ուժերու», ծառայութեան ատակ եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու ընդունակ երիտասարդութեան մը, որ ուզէր լայն հորիզոնի վրայ սեւեռիլ մեր ժողովուրդի կեանքին` յանգելու համար հանրային մտածողութենէ թելադրուած եզրակացութիւններու:
Գիտենք անշուշտ, որ տագնապը չի բխիր Չգոյութեան մը փաստէն:
Ժամանակավրէպ հաստատում ու անճիշդ համոզում է յայտնել, որ նոր ուժեր չեն հասնիր, ու եկուոր սերունդները ամլացած են կարողական արժէքներու տեսակէտով:
Ամէն ատենէ աւելի` հայութիւնը կրնայ ճակատաբաց շրջիլ հիւրընկալ երկիրներու մէջ եւ միջազգային հրապարակներու վրայ:
Ունինք պատանի եւ երիտասարդ սերունդներ, որոնք ամէն տուեալ ունին պատասխանատուութիւններ ստանձնելու:
Ինչ որ կը մտահոգէ մեզ եւ տարուէ տարի ահազանգային արդար հոգեվիճակի մը առիթ կ՛ընծայէ, այդ տարրերու խուսափումն է հանրային մարզերէ եւ ծառայութեան ներքին ասպարէզներէ:
Հոս, ա՛յս երեւոյթին մէջ բաւական չէ փնտռել լոկ նորերու մեղքը: Հարկ է փնտռել եւ ճշդել նաեւ մեր ժողովուրդի թերացման բաժինը:
Ոչ ոք կրնայ ժխտել այն իրողութիւնը, որ նուիրումի եւ ազգային գիտակցութեան զգացումը աղօտած իմացում մըն է մեր ժամանակներու հայ երիտասարդութեան մօտ:
Սակայն ոչ ոք կրնայ հերքել նաեւ այն միւ՛ս իրողութիւնը, որ մենք իբրեւ ժողովուրդ եւ գիտակից հաւաքականութիւն, ոչ միայն չենք մտածեր աղօտած ըմբռնում մը դարմանելու եւ թարմացնելու միջոցներու մասին, այլեւ կանխակալ եւ փութկոտ եզրակացութիւններու կը յանգինք անարգանքի սիւնին գամելու համար վարանոտ եւ շուարուն մեր երիտասարդութիւնը:
Եթէ իսկապէս հասարակաց մտահոգութիւն է «վաղուան հայութեան» ընկերային զարգացումի եւ ներքին ինքնաբաւութեան հարցը, ու անկեղծ ենք մեր ցանկութեան մէջ` անխաթար պահելու ազգային ինքնութիւնը տարասփիւռ համրանքին, պէտք է աճապարենք գիտական միջոցներով գործելու, մէկ կողմ դնելու զգացական հայրենասիրութիւնը եւ հայապահպանումի գեղեցիկ ճառերը եւ ապաւինելու ծրագրուած աշխատանքի, հաւաքական յաւելեալ զոհողութիւններու, հեռատեսական մտածողութեան եւ իրատեսական դատումի:
Մենք կը յամառինք գիւղացիի մեր միամտութիւններուն մէջ: Կէ՜ս դարէ ի վեր քաղաքներու մէջ ապրելէ եւ պատուաստուելէ ետք նոյնիսկ դարավերջիկ ըմբռումներով եւ առօրեայ կեանքի ոճերով չենք ուզեր թօթափել մեր ազգային գոյութեան հարցին մէջ ցոյց տրուած ցամաքօրէն զգացական վերաբերումը: Փոխանակ համոզուելու, որ հայապահպանումը, ամէն բանէ առաջ ու վեր, ընկերային եւ տնտեսական միջոցներու կը կարօտի, կը շարունակենք պնդե՜լ, որ ազգային գոյութեան հարցը… գիտակցութեան, նուիրումի եւ ծառայութեան խնդիր է:
Մասնաւորաբար վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին, Բ. Աշխարհամարտի լրումէն ետք, հիմնովին փոխուեցան մեր ժողովուրդի կեցութեան պայմանները:
Մէկ կողմէ համաշխարհային Պաղ պատերազմը, միւս կողմէ` հասարակաց այն հոգեվիճակը, որուն մէջ ապրեցան երէց թէ կրտսեր սերունդները, Հայկական արտասահմանի աշխարհաքաղաքական պատկերի արագ ու հիմնական փոփոխութիւնները, տնտեսական ինքնաբաւութեան մեծ կարելիութիւնները, ազատ ասպարէզներու համար բացուող դարպասները, գիտական եւ մեքենական յեղաշրջումները, ընկերային եւ մարդկային ըմբռնումներու գրեթէ արմատական շրջափոխութիւնները, ու տակաւին, ընկերայինն, տնտեսական, հոգեկան ու ներքին-ենթակայական բազմաթիւ ազդակներ անջրպետ բացին հայութեան հին ու նոր սերունդներուն միջեւ տարբե՜ր խնդիր, որ մենք շարունակեցինք մրափել եւ, առհաւական մեր ճակատագրապաշտութեամբը բախտին թողուլ ամէն ինչ… Ո՛չ մէկ հիմնական փոփոխութիւն` գործելու մեր եղանակներուն մէջ, ո՛չ մէկ բացառիկ ճիգ, որ վայել է իր գոյութեամբ մտահոգ որեւէ ազգի կամ հաւաքականութեան:
Լսելի դարձաւ նոյն յանկերգը միայն. «Նորը… հինը չէ՜»:
Ու այս յանկերգին մէջ մենք առհասարակ դատապարտութեան եւ խարանի շեշտը դրինք` հանդէպ երիտասարդութեան, որ, ճի՛շդ է, չէր կրնար արդէն «հին»-ը ըլլալ, եւ որ սակայն կրնար ըլլալ ու մնալ «նոր»-ութեան մը մէջ, որ կը վերանորոգէ հայ կեանքը, նոր աւիշ ու կենսունակութիւն կը բերէ հայութեան, նորագոյն պայմաններու եւ նորագոյն ստիպողութեանց հետ հաշտ կը պահէ հայապահպանութիւնը մի գործը, վերջապէս, թթխմոր եւ խարիսխ կրնայ դառնալ վերանորոգ հայութեան:
Մենք գոհացանք` աւաղելո՜վ ու մեղադրելով: Կիսամիջոցներու միայն դիմեցինք:
Իսկ ինք` «նո՛ր»-ը, իր տարիքին ու պայմաններուն բերումով իսկ խրտչոտ` իմաստութիւն հռչակեց խուսափումը հանրային կեանքի մարզերէն, ամփոփուելով իր պատեանին մէջ եւ, հասկնալի ու ցաւագին ըմբոստացումով մը, «հրաժարելով հայութենէ»:
Կ՛ուզենք շեշտել պարզապէս, որ այսօր հաստատելի ամայութիւնը եւ տագնապը իրեն սկզբնապատճառ ունի ո՛չ միայն ժամանակը, պայմանները, մտայնութիւններն ու աշխարհի ընդհանուր գնացքը, այլեւ մեր բացորոշ թերացումը` ընկերային եւ տնտեսական ստիպողութեանց քայլ յարմարցնելու հանրային պարտաւորութեան մէջ:
Աջ ու ձախ աքացելու համար չէ, որ կ՛ընենք հիմա այս հաստատումը:
Եթէ մեղանչում մը կայ ընդհանրական բնոյթ ունի ան:
Եւ եթէ անելէն դէպի ուղիղ ճանապարհ հասնելու ճիգ մը պիտի ընենք, փոխադարձ ամբաստանութիւնները չեն, որ տեղ կը հասցնեն մեզ:
Առանց ունենալու այն միամիտ հաւատքը, որ կարծիքներու արտայայտութիւնը անպայման ապահով նաւահանգիստ կը տանի մեզ, պիտի ուզենք արագօրէն ըսել նաեւ, թէ ի՛նչ կրնանք ընել այսօր, այժմեան մեր պայմաններու ու կարելիութեանց սահմաններուն մէջ, աւազախրումը խափանելու համար առնուազն
ՄԻՆԱՍ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ
