Խմբագրական
Անկախութեան Ճամբուն Վրայ
Կարելի չէ հաւատալ:
Ռումէն պատուիրակութեան Պուտափեշթէն հեռացումը չի կրնար ըլլալ հետեւանքը սուրիական կոմկուսին «անհանդուրժելի» քննադատութիւններուն: Պատճառը պէտք չէ շփոթել պատրուակին հետ: Վէճը պատրուակ էր:
Պատճա՞ռը:
Պէտք է փնտռել այլուր:
Կեդրոնախոյս շարժում մը ծայր տուած է համայնավարական ճակատէն ներս: Ռումանիա, ժամանակէ մը ի վեր, այս շարժումին առաջնորդներէն մէկն է: Չ՛ուզեր ենթարկուիլ Մոսկուայի հրահանգներուն: Կը մնայ ընկերվարական երկիր, բայց կ՛ուզէ ունենալ իր անկախ քաղաքականութիւնը, թէ ներքին եւ թէ՛, մանաւանդ, արտաքին մարզերուն մէջ:
Պուքրէշ բազմիցս փաստը տուաւ անկախութեան այս ձգտումին: Նախ մերժեց միանալ համայնավար միւս կուսակցութիւններուն, որոնք Մոսկուայի թելադրանքով դատապարտեցին Փեքինի ղեկավարութիւնը: Ապա Միացեալ ազգերու ժողովին մէջ առիթը ունեցաւ անջատուելու համայնավարական ճակատէն` իր սեփական շահերուն յատուկ դիրքորոշումներ ունենալով: Իսկ ներքին կեանքին մէջ ռումէն համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Չաուչեսքու եւ ընկերները թօթափեցին խորհրդային լուծը, բիրտ կերպով կասեցուցին խորհրդայնացման ընթացքը եւ իրենց վարմունքով քաջալերեցին արեւելեան եւ կեդրոնական Եւրոպայի միւս երկիրներուն անկախութեան ձգտումը:
Երեւոյթը ինքնին շատ կարեւոր է ու նոր անկիւնադարձի մը առջեւ կը դնէ միջազգային համայնավարական շարժումը: Կարեւոր` մանաւա՛նդ անոր համար, որ Մոսկուա այդ ձգտումին դիմաց ցոյց կու տայ հակազդելու անզօրութիւն մը:
Ստալինի օրերուն, նոյնիսկ Խրուշչովի իշխանութեան ներքեւ, կարելի չէր երեւակայել նման քայլ մը: Համայնավար ո՞ր երկիրը, ո՞ր կուսակցութիւնը պիտի համարձակէր դուռերը շաչեցնելով հեռանալ ժողովէ մը, ուր բոլոր ժողովականները պարզ խամաճիկներ էին, ենթակայ` Քրեմլինի անքննելի հրահանգներուն:
Ինչ որ Հունգարիա չյաջողեցաւ զինեալ ապստամբութեամբ իրագործել տասներկու տարի առաջ, երբ տակաւին ամենազօր էր Մոսկուան, հակառակ ապաստալինացման նախանշաններուն, Ռումանիա աւելիով իրականացուցած է այսօր խաղաղ, բայց նոյնքան կտրուկ միջոցներով:
Կը բաւէ կարդալ Պուտափեշթի համաժողովին ռումէն պատուիրակութեան բանբերին յայտարարութիւնները` ժողովէն հեռանալու պատճառներուն մասին, իրազեկ դառնալու համար այն տագնապին, որ ներկայիս կը տիրէ համայնավարական աշխարհէն ներս:
«Մեր ժողովին բնոյթը փոխուեցաւ: Նախապէս կարգադրուած որոշման մը պատճառով, ճշդուեցաւ գագաթի ժողովին վայրն ու թուականը: Այլեւս պատճառ մը չկայ, որ մնայինք եւ մասնակցէին ուրբաթի նիստին: 1957-ԷՆ Ի ՎԵՐ ԱՅՍՊԻՍԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ԹԻՒԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՆՈՒԱԶԻ, ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՀԱՍՆԻ ՎԱԽՃԱՆԸ»:
Արդէն բազմաթիւ համայնավար կուսակցութիւններ ներկայացուցիչ չէին ղրկած Պուտափեշթի «խորհրդակցական» ժողովին: Ռումանիա իր ներկայութիւնը աւելորդ նկատեց: Վաղը ուրիշներ պիտի հետեւին անոր օրինակին, որովհետեւ անցած են այն ժամանակները, երբ աշխարհի բոլոր կոմկուսները կը շարժէին Մոսկուայի մատին շարժումով: Մոսկուա շատոնց դադրած է համայնավարութեան Մեքքէն ըլլալէ, ու այդ պատճառով ալ միջազգային համայնավարութիւնը կորսնցուցած է իր դերը ազգերու կեանքին մէջ:
Կեդրոնախոյս այս շարժումը չի կրնար կէս ճամբան կանգ առնել: Քրեմլին կամայ թէ ակամայ պիտի ստիպուի քայլ յարմարցնել ժամանակի պահանջներուն, ու պիտի գայ օրը, երբ պիտի հարկադրուի նոյնքան հանդուրժող ըլլալ նաեւ իր ներքին սահմաններուն մէջ, ուր ապրող ժողովուրդները Ռումանիայէն նուազ ազգային ձգտումներ ու անկախութեան ախորժակներ չունին արդէն:
Այս բոլորը արդիւնք են մէկ ու միակ պահանջի մը: Ժողովուրդները ազատութեան ծարաւը ունին, ու ազատութեան սէրը անոնց մէջ մարելու Մոսկուայի յիսնամեայ ճիգերուն ողբալի ձախողութիւնը պէտք է դաս ըլլայ Քրեմլինի վարիչներուն:
Զուր է պատմութեան կառքը զարտուղի ճամբաներով տեղ հասցնելու ճիգը:
