Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Մարտ 1968)

Մարտ 7, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երեւանը
Յոբելենական Օրերուն

Երեւան, 5 մարտ.- Քաղաքաշինարարները ժամանակակից գեղեցկագոյն քաղաքներու շարքին կը դասեն Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը: Եւ իրօք, անոր ճարտարապետական անսամպլները, հրապարակի շուրջ կառուցուած վարդագոյն, նարնջագոյն շինութիւնները, կանաչի մէջ թաղուած պուրակներն ու զբօսայգիները եւ, վերջապէս, բազմաթիւ աւազաններու հայելիանման մակերեւոյթին վրայ ցայտող հազարաւոր շատրուանները կը ստեղծեն անկրկնելի պատկեր մը, կը հիացնեն անցորդները:

Մօտ ժամանակներս, իր 2750-ամեայ յոբելեանին առիթով, Երեւանը իր բնակիչներուն եւ հիւրերուն առջեւ պիտի կանգնի նոր, իւրատեսակ կերպարանքով:

Արդի Երեւանի կողքին, պիտի բարձրանան շինութիւններ, որոնք ամբողջ տեսքով պիտի յիշեցնեն հին Երեւանի առեւտրական կէտերը: Այդ կէտերը արդէն ծնած են Հայաստանի նկարիչներուն եւ ճարտարապետներուն, ինչպէս նաեւ հին, առեւտրական Երեւանի ձեւերն ու մեթոտները ուսումնասիրած մարդոց ստեղծած մաքեթներուն մէջ:

Մինչեւ յոբելեան, Երեւանի տարբեր մասերուն մէջ պիտի տեղաւորուին հին ատենի յայտնի ղանթարի ձեւով շարք մը կառոյցներ: Այդ հնագոյն չնաշխարհիկ շուկայի նմանօրինակը պիտի կառուցուի ժամանակակից թեթեւ բաղադրական նիւթէն: Այստեղ, ազգային տարազով վաճառողներ, միսի, ձուկի, միրգերու աշխուժ առեւտուր պիտի ընեն:

Փողոցներու մէջ պիտի երեւան գեղջկական սայլակներ` հսկայ տակառներով: Անոնք պիտի զբաղին գինիի առեւտուրով:

Պատմական Արին-Բերդի եւ Կարմիր Բլուրի մօտ պիտի կառուցուին բաց ձեւի խորովածանոցներ` քարէ կրակարաններով եւ թոնիրներով: Այսպիսի խորովածանոցներ պիտի կառուցուին նաեւ Երեւանի մօտ գտնուող «Չայկա» յուշարձանի շրջակայքը:

Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն` «Աբովեան»-ի եւ «Սայաթ Նովա»-ի խաչմերուկին, պիտի կազմակերպուի հայկական գինիներու խանութ: Անոր յատուկ սարքաւորուած նկուղներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ գինիներու եւ քոնեաքներու համտես: Այդ խանութը, որ նախատեսուած է կոչել «Ուրարտու», պիտի հիացնէ ոչ միայն երեւանցիները, այլեւ` արտասահմանէն եկող զբօսաշրջիկներն ու հիւրերը:

Ամրան վերջը «Ոսկէ աշուն» ցուցանակով պիտի բացուին ժամանակաւոր գործող վեց արեւելեան շուկաներ, որոնք պիտի զբաղին միայն միրգերու եւ կանաչեղէնի առեւտուրով:

Ոչ պակաս հաճելի անակնկալ կը պատրաստեն սրճարաններու, ճաշարաններու եւ հասարակական սնունդի աշխատողները:

Երեւանի կեդրոնին մէջ, Լենինի հրապարակի կողքին պահպանուած հին շինութեան նկուղներէն մէկուն մէջ, պիտի բացուի ազգային ոճով կառուցուած ճաշարան: Մինչ վէճեր կ՛երթան ճաշարան «Արգիշտի» թէ «Էրեբունի» կոչելու,  շինարարներն ու նկարիչները արդէն անցած են անոր ձեւաւորման: Անոնք կը գտնեն, որ ինչ անուանում ալ տան, ճաշարանը յաճախորդներէն դադար պիտի չունենայ:

Սիրողներու համար ոչ պակաս համեղ կերակուրներ պիտի ըլլան նաեւ Երեւանի միւս ճաշարաններուն մէջ: Ճաշացուցակի մէջ պիտի ըլլան հայկական հնագոյն ազգային խոհանոցի 5-10 տեսակներ:

Նախնիներու համեղ խորտիկներուն սիրահարները պիտի լսեն հին, սրտառուչ երգեր եւ պարեղանակներ` հայկական ժողովրդական գործիքներու նուագախումբերուն կատարմամբ:

«Երեւանի հեռատիպ»

 

Շարժանկարի Աշխարհէն

Սիլվի Վարդանի Կարծիքը`
         Պրիժիթ Պարտոյի Մասին            

Ինչո՞ւ չխոստովանիմ. երբ 15 տարեկան էի, կ՛երազէի Պրիժիթ Պարտոյի նմանիլ: Եթէ չունէի նուրբ սիլուէթ մը եւ կարճ մազեր, կ՛աշխատէի, շրջանի բոլոր աղջիկներուն նման, իրեն նմանիլ` ժամերով մաքիաժ ընելով: Այսօր, երբ կը մտածեմ Պրիժիթի մասին, տեսակ մը զուարճալի կը գտնեմ: Ահա երկուքս ալ հիմա նշանաւոր դարձած ենք եւ` աշխարհի լաւագոյն բարեկամները: Կ՛երեւակայէի Պրիժիթը, երբ ծանօթացած չէի հետը, տեսակ մը` սրբացած սատանայ մը, հոյակապ եւ անհպելի: Արդարեւ, կը ճանչնամ զինք գրեթէ վեց տարիէ ի վեր, բայց մեր յարաբերութիւնը ձեւականութենէ անդին չէր անցներ: Յետոյ, 1965-ի ձմրան, Մերիպելի մէջ, Ալպեան լեռներու ստորոտը, մենք բարեկամութեան փոխեցինք մեր ծանօթութիւնը:

Ես եւ Ճոնի մէկ ամսուան համար վարձած էինք շալէ մը: Պրիժիթ եւս վարձած էր սենեակ մը` հարիւր մեթր անդին, դրացիներ էինք` առանց գիտնալու…: Շուտով իրարու հանդիպեցանք: Երկուքս ալ արձակուրդի մէջ էինք: Ես կը սպասէի զաւկիս ծնունդին: Իրարու հետ մտերմացանք եւ ամէն բանի մասին խօսեցանք: Երբեք իրարմէ չզատուեցանք: Երբ այրերը սքիի կ՛երթային, Պրիժիթ այցելութեան կու գար, եւ մեր ժամանակը կ՛անցընէինք զանազան հարցերու մասին խօսելով:

Պրիժիթ բնաւորութեամբ հաճոյակատար է, պարզ  եւ համեստ: Երկուքս ալ հետզհետէ անդրադարձանք, որ երկու հասարակաց գիծեր ունէինք իրարու մօտենալու. շարժանկարը եւ երգը: Պրիժիթ ձայնապնակ կ՛արձանագրէ, որովհետեւ կը սիրէ: Ես տարուած եմ շարժանկարով, որովհետեւ շատ քիչ դարձուցած եմ: Ըսեմ, որ իրարու խորհուրդ կու տայինք: Կարծիքս կու տայի իր արանժըմաններուն մասին, իսկ ինք շարժանկարի մասին կը սորվեցնէր, դերերս կը կարդար եւ կը հրաւիրէր, որ սխալներ չընեմ:

Պրիժիթ աղջիկ մըն է, որ կը սիրէ զուարճանալ: Անցեալ ամառ մենք լաւ ժամանակ անցուցինք Հռոմի մէջ: Պրիժիթը երեք ամսուան համար հոն էր: Ան ունէր վիլլա մը` Վիա Ափրիայի վրայ: Ամէն անգամ որ Հռոմ երթայի պատկերասփիւռի համար, Պրիժիթ կը հրաւիրէր իր տունը բնակելու:

Փարիզի մէջ երկուքս ալ այնքան զբաղած ենք, որ իրարու հանդիպելու ժամանակ չունինք: Պիտի փափաքէի զինք աւելի շատ տեսնել: Շատ մը բաներու նոյն ձեւով կը մօտենանք: Նոյն հագուստ-կապուստի սէրը ունիք, նոյն ձայնապնակները եւ շարժանկարները կը սիրենք: Իսկ երբ հակառակ տեսակէտ ունենանք, մէկ ժամ ետք երկուքս ալ բարձր խնդուքով կը փակենք վէճը: Կը սիրեմ Պրիժիթը` իբրեւ քրոջ մը, որուն կրնամ վստահիլ: Կը հիանամ իր գեղեցկութեան վրայ, որ կը փայլի ամէն առիթով: Աղջիկ մըն է, որ ֆիզիքապէս եւ բնաւորութեամբ գեղեցիկ է: Շարժանկարին քիչ մը զուարթութիւն, փլասթիք գեղեցկութիւն եւ իգական նոր ոճ մը բերաւ:

Ամուսինը կ՛ըսէ.

– Բացառիկ աղջիկ է:

Ես ալ այդպէս կը մտածեմ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քասթիլիոյ Եւ Արակոնի Միաւորումով` Սպանիոյ Թագաւորութեան Կազմաւորումը Եւ Քաթալաններուն Ապստամբութիւնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?