Խմբագրական
Հայութեան
Ազատախռով Ոգին
Քառասունեօթը տարի անցած է փետրուարեան ապստամբութեան թուականէն ասդին: 1921 փետրուար 18-ի արշալոյսին հայ ժողովուրդը արձանագրեց պատմութեան առաջին ապստամբութիւնը համայնավար բռնատիրութեան դէմ: Այդ թուականէն երեսունհինգ տարի ետք այլ ժողովուրդ մը եւս հնարաւորութիւն կը գտնէր ապստամբութեան դրօշ պարզելու խորհրդային տիրապետութեան դէմ` ցնցելով աշխարհի հանրային կարծիքը: Իրարմէ երեսունեւհինգ տարի տարբերութեամբ, այս երկու ապստամբութիւնները, որոնցմէ երկրորդին թատերաբեմ կը հանդիսանար Կոշուտի հայրենիքը` բազմաչարչար Հունգարիան, կու գային անառարկելիօրէն հաստատելու, թէ համայնավարութիւնը եւ անոր իշխանութեան եղանակը ընդվզում միայն կը ստեղծեն ժողովուրդներու հոգիին մէջ:
Մեր պարագային, փետրուարեան ապստամբութիւնը կու տար նոյն ատեն անվիճելի հերքումը պոլշեւիկեան այն պնդումին, թէ հայութիւնը գրկաբաց ընդունած է այդ վարչակարգը, եւ Հայաստանի խորհրդայնացումը արդիւնք է ժողովրդային լայն զանգուածներու բուռն ցանկութեան:
Ծանօթ են պատմական այն դրուագները, որոնք յանգեցան Հայաստանի խորհրդայնացումին: Հազիւ երկու տարուան կեանք ունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ կը հանդիսանար պսակումը հայութեան անդուլ ճիգերուն եւ ազատագրական արիւնալի պայքարներուն, մէկ օրէն միւսը ենթարկուեցաւ թուրքեւխորհրդային սիրալիր գործակցութենէն բխած ծանր սպառնալիքին եւ ճարահատ դիմեց «խորհրդայնացում»-ին, մեր ժողովուրդին մնացորդացը նոր ջարդերէ փրկելու մտահոգութեամբ:
Համայնավարութիւնը Հայաստան եկաւ յատուկ դաշնագրով եւ հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնն ու ազգային ինքնուրոյն գոյութիւնը անաղարտ պահելու վճռական խոստումով: Բայց հազիւ քանի մը շաբաթ անց, խոստմնադրուժ պոլշեւիզմը ուրացաւ իր ստորագրութիւնը եւ Հայաստանը վերածեց համատարած հալածանքի երկրի մը` իրար ետեւէ, շարան շարան բանտարկելով կամ աքսորելով բոլոր ղեկավարները: Բանտերը լեցուեցան հայութեան ընտիր զաւակներով, ու ինչ որ պակաս թողուցած էր մեր դարաւոր թշնամին, սկսաւ ամբողջացնել պոլշեւիզմը նոյն ատելավառ մոլուցքով:
Փետրուարի կէսերուն դանակը հասած էր ոսկորին: Կացինը, որ Երեւանի բանտին մէջ կը գլխատէր Համազասպը, միաժամանակ կ՛իջնէր հայութեան գլխուն: Ու ինչպէս միշտ, երբ հարուածը կը հասնի իր ազգային գոյութեան, այս անգամ եւս, հայ ժողովուրդը մէկ որդու պէս կը ծառանար եւ իր հերոսական խոյանքով կը տապալէր պոլշեւիկեան իշխանութիւնը` վերստին պարզելով ազատութեան դրօշը Հայաստանի աշխարհին վերեւ:
Փետրուարեան ապստամբութեան ղեկավարները պատրանքներ չէին կրնար ունենալ իրենց շարժումին տեւականութեան մասին: Գիտէին, որ ուշ կամ կանուխ, անակնկալի առաջին շրջանը անցնելէ ետք, համայնավարութիւնը դարձեալ պիտի գրաւէ կորսուած դիրքերը, բայց գիտէին նաեւ, որ այդպիսով պատմական հաստատում մը կը կատարեն, կ՛արձանագրեն աքթ մը, որ անպայման իր անդրադարձը պիտի ունենար դէպքերու հետագայ զարգացումին վրայ:
Փետրուարեան ապստամութիւնը կը վերագրուի ՀՅ Դաշնակցութեան: Կ՛ընդունինք, որ փետրուար 18-ի արշալոյսին հայ զանգուածները ոտքի հանող ոգին Դաշնակցութեան ոգին էր, հարազատ արտայայտութիւնը` այն ազատախռով ոգիին, որ հայուն կը պատկանի, անոր պատմական ընթացքը տնօրինած է եւ խորապէս դրոշմուած հայոց պատմութեան էջերուն մէջ:
Մինչեւ հիմա, Սարդարապատի ճակատամարտը եւս «դաշնակցական աւանտուրիա» էր: Բայց այսօր, Հայաստանի մէջ, յուշարձան կը բարձրացնեն Սարդարապատի յիսնամեակին առթիւ: Ժողովուրդներու կեանքին մէջ պատմական դէպքերը տասնամեակ մը կ՛ուրացուին, յիսնամեակ մը կ՛ուրացուին, գուցէ աւելի, բայց ի վերջոյ ամէն բան կը գտնէ իր տեղը, եւ դէպքերը կը կշռուին ու կը գնահատուին իրենց իսկական արժէքով:
Փետրուար 18, իր բովանդակութեամբ, ոչ մէկ տարբերութիւն ունի Վարդանանց պատերազմէն: Հայութեան նոյն ազատախռով ոգին է, որ կը ծառանայ օտար բռնատիրութեան դէմ, երբ մանաւանդ ան իր հարուածները կ՛ուղղէ մեր էութեան, մեր գոյութեան իմաստին եւ հոգեկան արժէքներուն:
Պիտի գայ օրը, եւ համայն հայութիւնը նոյն ակնածանքով պիտի տօնէ այդ ապստամբութեան հերոսներուն յիշատակը:
