Երեւոյթ Մը
Կալլիմար հրատարակչականը ձեռնարկած է երկու հատորով ի մօտոյ լոյս ընծայել Անտրէ Ժիտի եւ Ռոժէ Մարթեն տիւ Կարի թղթակցութիւնները: Ֆրանսական թերթերը հատընտիր քանի մը նմուշներ տուին արդէն անոնցմէ` ամբողջութեամբ ակնկառոյց սպասելու անհամբերութիւն մը ստեղծելով ընթերցողին մէջ:
Մարթեն տիւ Կալի եւ Ժիտի թղթակցութիւնը սկսաւ 1913-ին եւ վերջ գտաւ վերջինի մահով, 1951: Այդ չորս տասնամեակներու ընթացքին քանի մը հազարի կը հասնին երկու գրողներուն փոխանակած նամակները, որոնք լի են փոխադարձ զեղումներով, տարակարծութիւններով եւ այժմէն իսկ կը համարուին մեր ժամանակին վրայ պայծառ լոյս մը արձակող անփոխարինելի վաւերաթուղթեր:
Ֆրանսական գրականութեան մէջ հեքիաթի կարգ անցած է Ժիտի եւ Մարթեն տիւ Կարի բարեկամութիւնը: Հայ ընթերցողը քիչ-շատ ծանօթ է առաջինին գործին ու վաստակին: Հետաքրքրական է երկրորդին սկիզբը, ընթացքը, յաղթանակը.-
Տասնութ տարեկանին, «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն» վէպին ընթերցումէն խանդավառ, Մարթեն տիւ Կար կ՛որոշէ գրականութեան նուիրուիլ ու վէպ գրել: Մինչ այդ իրենց իշխանական տոհմին մէջ նման հակում ոչ ոք ցուցաբերած է: Հայրը չի քաջալերեր զաւկին այդ փառասիրութիւնը: Ընտանիքին միւս անդամները` նոյնպէս:
Ի հարկէ, շրջապատին ընդդիմութիւնը անհետեւանք կը մնայ: Ինք կը գրէ, բայց եւ կը վախնայ ձախողութեան ուրուականէն: Ձեռագիրներէն մաս մը անաւարտ կը մնայ: Հրատարակիչներուն հաշուոյն լոյս կ՛ընծայէ երկու գործ, որոնք ուշադրութեան չեն արժանանար: 1910-ին կը սկսի գրել իր նոր գիրքը` «Ժան Պարուա», զոր «բացարձակ վրիպանք» կ՛որակէ հրատարակիչ մը: Իր բարեկամներէն մէկը Ժիտին կը ղրկէ ձեռագիրը: Առաջին հինգ էջերէն ետք Ժիտ հեւասպառ կ՛աւարտէ ամբողջութիւնը ու կը զարմանայ ու կ՛ապշի, կը գրէ. «Բայց ո՞վ է վերջապէս այս Ռոժէ Մարթեն տիւ Կարը, հնարաւո՞ր է միթէ, որ անծանօթ մը մէկ անգամէն կարենայ տալ այսքան իմաստուն, այսքան հասուն, իմացապէս այսքան լուսահեղ գործ մը: Ժիտ անմիջապէս կը հեռագրէ Կասթոն Կալլիմարին ու անոր կը յանձնարարէ հրատարակել «ձեռագիրներուն ամէնէն ուշագրաւը»:
Ժիտի այս գնահատանքը անկիւնադարձ մը կը կազմէ մինչեւ իր երեսուներկու տարեկան հասակը ձախողութիւններ միայն արձանագրած Ռոժէ Մարթեն տիւ Կարի կեանքին մէջ: «Ես չեմ կասկածիր այլեւս, որ արժէք մը ունիմ: Ես կա՛մ»: Մնաց, շարունակեց եղա՛ւ, եւ 1937-ին, Ժիտէն ալ առաջ, արժանացաւ Նոպէլեան մրցանակին:
Պ. Ս.
Հայկական Աւանդութիւններ
Հայաստան-Քարաստան
Կ՛ըսեն, թէ Աստուած, երբ կը ստեղծէ – կ՛ազատի բոլոր ազգերը, կը սկսի երկիրներ բաժնել անոնց: Մինչեւ կու գայ, կը հասնի հայերուն հերթը, կը մնայ մի միայն քարքարոտ հողակտոր մը:
– Ինչպէ՞ս պիտի ապրիք այս հողին վրայ, – կ՛ըսէ Աստուած հայերուն:
– Ոչի՛նչ, Տէ՛ր, դուն տուր, մենք կերպով մը կ՛ապրինք,- կը պատասխանեն անոնք:
Եւ Աստուած մնացած քարքարոտ հողակտորը կու տայ հայերուն:
Առատ քրտինք թափելով` անոնք կը մշակեն, կը շէնցնեն Աստուծոյ տուած հողը եւ բնակութիւն հաստատելով անոր վրայ` կը հիմնեն Հայաստան երկիրը:
Հայոց Լեռները
Հայոց լեռները, շատ առաջ, հսկայ եղբայրներ եղած են: Ամէն առաւօտ, արթննալով, անոնք նախ կապած են իրենց գօտիները եւ ապա` բարեւած զիրար:
Օր մը անոնք բարեւած են զիրար` մոռնալով նախ կապել գօտիները: Աստուած ատոր համար պատժած է զանոնք: Հսկայ եղբայրները քարանալով` լեռներ դարձած են, գօտիները` կանաչ դաշտեր, իսկ արցունքները` անմահական աղբիւրներ:
Կարմիր Բլուրները
(Կը գտնուին Սալմաստի մօտ)
Կ՛ըսեն, որ Վարդան Մամիկոնեան այստեղէն հրամաններ արձակած է Տղմուտ գետի ափին կռուող իր զինուորներուն: Այստեղ ալ ինկած է ան` թշնամիէն խոցուած:
Բլուրները Կարմիր կը կոչուին, որովհետեւ ներկուած են Վարդանի եւ անոր զինուորներուն արիւնով:
Վարդան Զօրավարի Քարը
(Կը գտնուի Հրազդանի Ալափարս գիւղը)
Այս քարը գաղթի ժամանակ տեղացի հայերը իրենց հետ բերած են Մակուէն: Կ՛ըսեն, որ ասիկա սուրբ քար է, որովհետեւ անոր վրայ ժամանակին թափուած է Վարդան Զօրավարի արիւնը:
Սեւանայ Լիճը
Սեւանայ լիճին տեղը առաջ ցամաք եղած է` անտառապատ բլուրներով, ծաղկաւէտ դաշտերով եւ բերրի վառելահողերով: Գիւղին մօտ, բլուրի տակ բխած է առատ աղբիւր մը: Այս աղբիւրէն ջուր առնող գիւղացիները կը հանէին ակի ահագին փայտէ փակիչը եւ ապա զգուշութեամբ ետ տեղը կը դնէին:
Երեկոյ մը գիւղի հարսերէն մէկը ջուր առնելու կ՛երթայ աղբիւր, կը հանէ փակիչը, կը լեցնէ կուժը եւ կու գայ տուն` մոռնալով փակել ակը: Ջուրը կը յորդի, կը ծաւալի չորս կողմ… Երբ կը հասնի գիւղի տնակներուն, ժողովուրդը խուճապահար դուրս կը փախչի եւ կը կանչէ. «Ով որ բաց թողած է աղբիւրը, քար դառնայ»: Եւ մոռացկոտ հարսը անմիջապէս քար կը դառնայ: Իսկ ջուրը անդադար բխելով` կը կազմէ Սեւանայ լիճը, որուն երեսէն հազիւ վեր կը բարձրանայ քարացած հարսին գլուխը` Հարսնաքարը:
Նունուֆար
Սասունցի Դաւիթ Մեղրագետի մէջ լողացած ատեն դարանակալ թշնամին յանկարծ թիկունքէն կը նետահարէ զայն: Դաւիթի վէրքէն ծորած արեան կաթիլներէն կը բուսնի նունուֆար ծաղիկը:
Մուշ
Կ՛ըսեն, որ հայոց Աստղիկ դիցուհին սովորութիւն ունէր գիշերադէմին լոգանք առնելու Գուռգուռա կոչուած գետին մէջ:
Անգամ մը տեղացի կտրիճ երիտասարդները կրակ կը վառեն, որպէսզի կրակի լոյսով տեսնեն Աստղիկի գեղեցիկ մարմինը: Լսելով ասիկա` Աստղիկ թանձր մշուշով կը պատէ ամբողջ շրջապատը: Ատկէ ալ գաւառը կը ստանայ Մշուշ անունը, որ բերնէ բերան անցնելով` հետագային կը դառնայ Մուշ:
«Պնակ Մը Կերակուր»
Այս Երեխաներուն Համար
Նկարին վրայ, Քարանթինայի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ` կէսօրուան ճաշի պահուն: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը հոգածու մայր մըն է այս երեխաներուն համար: Սեղանին վրայ պնակ մը տաք կերակուրը կարելի կը դառնայ աւանդական դարձած հանգանակութեամբ մը:
Յառաջիկայ կիրակի, 10 մարտ, դարձեալ պիտի դիմուի մեր ժողովուրդին, որ իր սրտին այնքան մօտ կը նկատէ «Պնակ մը կերակուր»-ի ձեռնարկը:
Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս հանգանակութիւնը պիտի արդիւնաւորուի ակնկալուած չափով, որպէսզի շարունակուի խնամատարական աստուածահաճոյ գործ մը: