Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (6 Մարտ 1968)

Մարտ 6, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՀՅ Դաշնակցութեան
Թեկնածուները

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, նախանձախնդիր` հայութեան գերագոյն շահերուն եւ հաւատարիմ` քաղաքական իր համոզումներուն եւ առաքելութեան, Լիբանանի երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն անգամ մը եւս կ՛իջնէ պայքարի ասպարէզ` ներկայացնելով իր թեկնածուները Պէյրութի եւ հիւսիսային Մեթնի ընտրական շրջաններուն մէջ:

Իր քաղաքական յստակ ուղղութեամբ եւ լիբանանեան հայրենիքին ծառայելու պատրաստակամութեամբ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որ ընտրական փայլուն յաղթանակներու փառաւոր անցեալ մը ունի իր ետին, դարձեալ կ՛ապաւինի իր ժողովուրդին, որմէ կը ստանայ միշտ իր ուժն ու հեղինակութիւնը:

Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանի մեր թեկնածուներն են`
Ընկ. Մովսէս Տէր Գալուստեան
Մեթր Խաչիկ Պապիկեան
Պրն. Սուրէն Խանամիրեան

Հիւսիսային Մեթնի մեր թեկնածուն է
պրն. Անտրէ Թապուրեան

ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ Կ. ԿՈՄԻՏԷ

 

Նժարէ Նժար

Կը Ցաւինք…

Արաբ եւ հայ մարզական միութիւններու կողմէ այս յունուարի երկրորդ կիսուն Պէյրութ հրաւիրուեցաւ Երեւանի «Արարատ» ֆութպոլի խումբը, որ բոլոր խաղերը ի նպաստ իրեն պսակելով` տուն վերադարձաւ, յաղթանակ տարած խումբի արդար գոհունակութեամբ: Այդ արդիւնքէն դժգոհ չմնացին նաեւ տեղւոյս շահագրգիռները: Ի վերջոյ, անունը Արարատ էր, երեւանեան խումբ, մերն էր, մե՛րն էր յաղթանակը:

Յիշեալ հրաւէրին ծրագիրը մշակող ու գործադրող խումբերէն մէկը ՀՄԸՄ-ը եղաւ, ու ՀՄԸՄ-ը, որքան գիտենք, գաղափարական տարբեր խմբաւորումի մը պատկանելուն պատճառով սիրտը կուղպ չպահեց հիւրերուն առջեւ, կենցաղավարութեան մէջ չթերացաւ, եղաւ «Արարատ»-ին հետ, խաղաց «Արարատ»-ին դէմ: Տարբեր վերաբերում մը վիրաւորական պիտի ըլլար արդէն, մարզական ոգի ըսուածը վիրաւորելէ առաջ` պիտի վիրաւորէր մեր ոգին, որ երբեք չի սիրեր նեղմիտ ըլլալ, ամօթալի բարքերու ստեղծիչ ըլլալ:

Արդարեւ, գաղափարական այս ճակատին վրայ տարբեր լայնք ունին ու խորք ունին կեանքի ու կենցաղավարութեան օրէնքները, ճնշումի ենթակայ չեն, բուխ են: Երգի եւ պարի համոյթը եկաւ, Սունդուկեանի թատերախումբը եկաւ, մարզական խումբեր եկան հայրենիքէն, առանձին դէմքեր եկան, ու ամէնքն ալ դիմաւորուեցան նոյն սրտբացութեամբ, ոգեւորութեամբ, ոչ մէկուն ու ոչ մէկ անգամ զլացուեցաւ անհրաժեշտ յարգանքը:

Ցաւօք սրտի պիտի ըսենք, որ իրենք` հիւրերը, նոյն վերաբերումը չցուցաբերեցին: Տուն վերադարձին անդրադարձան իրենց հանդիպումներուն,  գրեցին իրենց յուշերը, որոնք նոյնիսկ օրագրային ձեւով ու մանրամասնութեամբ արձանագրեցին ամէն ինչ, բայց ոչ մէկը օր մը փորձեց յիշատակել մեր հաստատութիւններուն մէջ իրենց հետ ապրած մեր սրտազեղ պահերը:

Առջի օր «Ազդակ»-ի մէջ ընթերցողը կարդաց «Արարատ»-ի այցը նկարագրող «Սովետական Հայաստան»-ի լոյս ընծայած մէկ յօդուածը, ուր ամէն միութիւն ու մանրամասնութիւն յիշուած էին դարձեալ, բացի մէկէն, հիւրընկալ մէկ խումբէն` ՀՄԸՄ-էն: Այս անտեսումէն բան չի կորսնցներ անշուշտ անտեսուողը, բայց շատ կը ցաւի մարդուս սիրտը հայրենիքի մէջ դեռեւս կիրարկուող անմիտ բարքերուն համար:

«Սովետական Հայաստան»-ի յօդուածագիրը «Արարատ»-ի յաղթանակները կը թուէ, բայց շատ չի ծանրանար յաղթանակներուն վրայ, ըստ իրեն, «Արարատ» շահեցաւ աւելի մեծ յաղթանակ մը.

«Շահեց ամենակարեւորն ու թանկագինը` արաբ, հայ եւ այլազգի մարզասէրների համակրանքը` նրանց սրտերում թողնելով բարեկամական ամենավառ զգացմունքներ»:

Ուրիշներու սրտին լաւ բան մը ձգելը լա՛ւ բան է, սիրտը մաքուր պահելը նուազ լաւ բան չէ սակայն: Կը թուի, որ Հայաստանի մէջ այս վերջին աշխատանքը հարկ եղած բնախնդրութեամբ չէ տարուած, չի տարուիր: Կը ցաւինք:

Պ. Ս.

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վըժիկը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?