Խմբագրական
Ուղիղ Ճամբու Վրայ
Հայ կեանքը սկսած է շարժիլ: Արտաքին ազդակներու եւ նոր երեւոյթներու նպաստը չկայ անշուշտ, բայց կայ ներքին աշխատանքներու եւ ազգային գիտակցութեան զարթնում մը, որ ոտքի հանած է այսօր գրեթէ փոլոր գաղութները:
Հայ դատը մտասեւեռում դարձած է այլեւս, մասնաւորաբար` երիտասարդ սերունդին համար, որուն մօտ զգալի է իրապաշտ մօտեցումը, քաղաքական իրադրութիւններու առարկայական ըմբռնումը, այլ խօսքով, աւելի յստակ է մեր ազգային Դատին հետապնդման ուղեգիծը:
Այս իրողութիւնը զանցառելի նուաճում մըն չէ: Ծնիլ ու հասակ նետել օտար ափերու վրայ, Հայաստանէն ու հայրենի աւանդութիւններէն հեռու, աննպաստ ու այլասերող պայմաններու մէջ ու թունդ հաւատացողը ըլլալ հայութեան Դատին, հետապնդել զայն կարելի բոլոր միջոցներով, կ՛ենթադրէ խոր կապ մը, որ սփիւռքի այսօրուան երիտասարդը հաղորդակից կը դարձնէ իր ժողովուրդին, անոր պատմութեան եւ քաղաքական իտէալներուն:
Խանդավառ ենք երեւոյթով: Խանդավառ` մանաւանդ անոր համար, որ այդ երիտասարդները կը գտնուին ղեկավար դիրքերու վրայ: Վաղը ամբողջովին իրենց ուսերուն վրայ պիտի ծանրանայ Հայ դատի հետապնդման պարտականութիւնը, քաղցր լուծը: Նոր ու կենսունակ ուժերով պիտի գան խտացնելու պայքարողներու շարքերը ու մեր պայքարին պիտի բերեն թանկագին նպաստը իրենց գիտութեան, ծանօթութիւններուն եւ փորձառութեան:
Յոռետեսներ կրնան ըլլալ: Թերահաւատներ` աւելի: Դասալիքներ, ո՞ր ժողովուրդը չէ ունեցած, նոյնիսկ` շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ: Ճիշդ է, մեծ է թիւը անտարբերներուն, այլասերում կայ քիչ մը ամէն տեղ: Բայց փոխարէնը` բանակ կը կազմեն այն երիտասարդները, որոնք, իտէալի մը դրօշակիր, այսօր նոյնքան կապուած են մեր կեանքին, որքան` իրենց նախորդները: Անոնց կապը աւելի գիտակցական է, ունի զգացական արմատներ անշուշտ, բայց գործի մէջ, աշխատանքի վրայ իրապաշտ են, կը հաւատան իրենց ըրածին, ունին յամառ համոզումը հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն արդարութեան, եւ եթէ կը գործեն երիտասարդի խանդավառութեամբ, աշխուժով, իրենց մօտ չի պակսիր, սակայն, սառն դատումը, միջազգային ներկայ կացութիւնը ըմբռնելու կարողութիւնը:
Վստահ ենք, որ անոնց աշխատանքը աւելի արդիւնաւոր պիտի ըլլայ, քան` նախորդ սերունդներունը: Այս վստահութիւնը` անկէ, որ Հայ դատի այս հաւատաւորները իրենք զիրենք աւելի հարազատ կը զգան իրենց միջավայրին, աւելի կապեր ունին, կեանքին ու մարդկային յարաբերութեանց կը նային առանց բարդոյթի, գիտեն, թէ ի՛նչ որ իրենց իրաւունքն է, չի՛ կրնար չըլլալ իրենցը: Այս գիտակցութեամբ կու գան հրապարակ, կը պայքարին հայ ժողովուրդին ու անոր Դատին շուրջ միջազգային հետաքրքրութիւն ստեղծելու համար:
Իւրաքանչիւր սերունդ կը կատարէ իր պարտականութիւնը: Կը դասուի ու կը գնահատուի` համաձայն իր աշխատանքին, այդ աշխատանքին բերած իր եռանդին, անձնուիրութեան: Նախորդ սերունդը վճարեց իր պարտքը, տուաւ իր հարկը պատմութեան: Հասցուց սերունդ մը, որ առանց իրեն` կտրուած պիտի ըլլար իր ժողովուրդէն, կտրուած պիտի ըլլար Հայաստանէն, Արարատ պիտի չունենար իր հոգիին մէջ: Նորը իր պարտականութեան ճամբուն վրան է: Ի՞նչ արդիւնք կու տայ իր աշխատանքը` չենք գիտեր, ու` շա՛տ լաւ, որ նորերը ունին իրենց պարտականութեան գիտակցութիւնը: Կ՛անդրադառնան, որ իրենցմէ կը պահանջուի հետաքրքրութիւն ստեղծել իրենց ժողովուրդին շուրջ, միջազգայնացնել Հայ դատը` ընդլայնելով բարեկամութիւններու շրջանակը, օգտագործելով ամէն առիթ, արժեցնելով ամէն դիրք ու հնարաւորութիւն:
Ա՛յս է ուղիղ ճամբան, ու մեր երիտասարդները կը գտնուին այդ ճամբուն մէջ: Ժողովուրդը ամբողջ իրենց կողքին է, ու այս գիտակցութիւնը կը բազմապատկէ իրենց ուժը, կու տայ կորով եւ հետեւողական աշխատանքի կամք ու տրամադրութիւն:
Ամէն օր` քայլ մը առաջ, գործ մը աւելի, ու վստահ ենք` ո՛չ մէկ խոչընդոտ կրնայ յաւիտենապէս կանգուն մնալ կամքին առջեւ, երբ մանաւանդ այդ կամքին տէրը երիտասարդութիւնն է, գաղափարապաշտ, հաւատաւոր երիտասարդութիւնը:
Կեանքը Այնճարի Մէջ
Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ
Վարդանանց Տօնակատարութիւնը
Այնճարի երեք յարանուանութեանց կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 22 փետրուար, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Ազգային «Յառաջ» քոլեճի «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փետրուարեան ապսամբութեան եւ Վարդանանց տօնակատարութիւնը` նախագահութեամբ Ճորճ Աբէլեանի:
Էշրեֆիէի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» ճեմարանի տնօրէն Սահակ վրդ. Քէշիշեանը սեղմ գիծերու մէջ տուաւ Վարդանանց պատմականը: Հոգշ. Վարուժան աբղ. Հերկէլեանը ներկայացուց Վարդանանց հերոսամարտին իմաստը: Պետրոս Շեմմէսեան ներկայացնելէ ետք Փետրուարեան ապստամբութիւնը, զուգակշիռը ըրաւ Վարդանանց եւ փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեանց:
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Վեհանուշ Հապէշեան (մեներգ), Զաւէն Թաշճեան եւ Յակոբ Չոլաքեան (արտասանութիւն): «Յառաջ» քոլեճին երգչախումբը խմբերգեց Արաբոյի երգը եւ «Ծագեց արեւ»-ը:
Խնդուքի Երեկոյ
«Յառաջ» քոլեճի Շրջանային միութիւնը, իր կազմակերպած մշակութային եւ ընկերային այլ ձեռնարկներուն կողքին, գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր կազմակերպելու նաեւ «Խնդուքի երեկոյ» մը, շաբաթ, 24 փետրուար, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Տիգրանեան» սրահին մէջ:
Բեմադրութեամբ Մովսէս Հերկելեանի` ներկայացուեցաւ երեք զաւեշտ` «Ազգիս բարերարները», «Արդիականութիւն» եւ «Պեզիկի խաղը»:
Բացի Մովսէս Հերկելեանէն եւ Զաւէն Թաշճեանէն, բոլոր դերակատարներն ալ նորեկներ էին: Խնդուքի հաճելի երեկոյ մը վայելեցին ներկաները:
Բծախնդիր ու յարատեւ աշխատանքով Շրջանային միութիւնը շուտով պիտի ունենայ խոստմնալից թատերախումբ մը:
