Ակնարկ
Չորրորդ Ճառը
Յունիսի պարտութենէն ի վեր չորս անգամ խօսեցաւ:
Ուրբաթ, յունիս 9-ին, կիրակի, յուլիս 23-ին, հինգշաբթի, նոյեմբեր 23-ին, իսկ վերջինը` կիրակի մարտ 3-ին:
Առաջինին յայտարարեց, որ կը հրաժարի, բայց օր մը ետք տեղի տուաւ հանրային կարծիքի ճնշումին առջեւ:
Երկրորդին թուեց պարտութեան պատճառները, «միակ ու իսկական թշնամին» նկատեց Ամերիկան:
Երրորդին ըսաւ, որ պատերազմը կը շարունակուի, ու Սուէզի ջրանցքը երբեք պիտի չբացուի Իսրայէլի առջեւ:
Չորրորդը աւելի յատկացուած էր ներքին խնդիրներու:
Նախագահ Նասըր սքանչելի ճառախօս է: Կը խօսի ժողովուրդին հասկնալի լեզուով, գիտէ թրթռացնել ունկնդիրներու զգացական լարը, գիտէ համոզել:
Կիրակի հանդարտ էր իր խօսելակերպը, բացատրական` լեզուն, պարզ` ոճը:
Լաւատեղեակ ժողովրդական զանգուածներու զգացումներուն` նախագահը խոստացաւ բարեկարգութիւններ մտցնել իր վարչակարգէն ներս, հեռացնել քաղաքականութեամբ զբաղող զինուորականները, ու մանաւանդ` ազատագրել արաբական հողերը, որոնք կը գտնուին թշնամիին գրաւման տակ:
Եգիպտոսի ներկայ կացութեան մէջ, այնպէս կը թուի, որ նախագահը կը գտնուի երկու ուժերու միջեւ, զանգուածը, որ պարտութեան պատասխանատուները կը փնտռէ, եւ` բանակը, որ վիրաւորուած կը զգայ իր արժանապատուութիւնը` ամբաստանուող զօրավարներու անձին ընդմէջէն:
Մէկուն կամ միւսին դէմ հակազդելու համար նախագահ Նասըր պէտք ունի երկուքին: Չի կրնար բանակէն հեռանալ` առանց վտանգելու իր վարչակարգը: Չի կրնար զանգուածէն հեռանալ` առանց խախտելու իշխանութեան հիմերը:
Կիրակի խոստումներ տալէ եւ ժողովուրդը սիրաշահելէ ետք, կրնայ խօսիլ զինուորականներուն հետ` զգացնելով իրենց դիրքին վտանգները: Բանակը պէտք է ընդունի նոխազի մը դերը, այլապէս կարելի պիտի չըլլայ վերականգնել ներքին կացութիւնը, զոր շահագործելու տրամադիր են ծայրայեղականն տարրեր` թէ՛ ձախէն եւ թէ՛ աջէն:
Նասըր աւելի քան երբեք զօրաւոր դուրս կու գայ վերջին օրերու փորձութենէն: Ժողովուրդը իր կողքին է, հետեւաբար կրնայ իր կամքը պարտադրել շրջապատին, ուր որոշ հակամարտութիւններ զգալի էին քանի մը ամիսէ ի վեր:
Տ. Ո.
Ընտրական Ակօսով…
Ամիս մը կ՛ընէ, որ ընտրական մթնոլորտ մը կը տիրէ Լիբանանի ողջ հողամասին վրայ: Յայտարարութիւններ, մեկնաբանութիւններ, էնթերվիւներ ու ենթադրութիւններ, վէճ, միթինկ, եռուզեռ: Եռուզեռին մասնակից են բոլորը, անմասն չեն ուսանողները: Ուսանողներուն կարծիքը աւելի խիտ եւ համադրական ձեւով մը ներկայացուց «Ռեվիւ տիւ Լիպան»: Շաբաթաթերթը իր վերջին թիւով լիբանանցի ուսանողներուն ներկայացուց երեք կէտերէ բաղկացեալ հարցարան մը, որուն առաջին հարցումին առաջին մասը ամբողջ խնդիր մըն է եւ հետաքրքրական է ըստ ինքեան:
«Կը կարծէ՞ք, որ պէտք է քաղաքականացուին ուսանողական միջավայրերը»:
Տասը ուսանողներ պատասխանած են այս հարցումին, ու մեծամասնութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ ուսանողական միջավայրերու քաղաքականացումը:
Ուսանողը, միջին հաշուով, քսանի շուրջ դեգերող երիտասարդն է ու քսան տարեկան երիտասարդը ի բնութենէ տարբեր ու անտարբեր չի կրնար ըլլալ նման հրատապ խնդիրներու նկատմամբ:
Քաղաքականութիւնը մարդոց ներկան ու ապագան վճռապէս հունաւորղ եւ կեանքին վրայ իր կնիքը դնող զօրաւորագոյն ուժերէն մէկն է, որուն հանդէպ չէզոք մնալ` պիտի նշանակէր պարզապէս պարպուած ըլլալ մարդկային բնորոշ յատկութիւններէ, անտեսել հայրենքին շահը, չհետաքրքրուիլ անհատին ճակատագրով, հաւաքականութեանց բախտով:
Պարագաներու բերումով, մարդիկ կրնան երբեմն գործօն մասնակցութիւն մը չբերել քաղաքական ասպարէզներու մէջ, կամ` դուրս մնալ դարձեալ քաղաքական հեռանկարներով ծնունդ առած կուսակցական հոսանքներէ: Բնականոն պայմաններու մէջ հասակ նետած բնականոն տղան, սակայն, չի կրնար ուսը թօթուելով անցնիլ, իր հացը իր անկիւնին մէջ ճարակելով շատանալ, ապահովութեան, բարօրութեան, շնչառութեան ու բարգաւաճման հազար օրակարգ դրած են իր առջեւ քաղաքականութիւնն ու կուսակցութիւնները, բնականոն տղան գլխիվայր կը նետուի անոնց լուծման հետամուտ հոսանքներէն մէկուն մէջ, բնականոն տղան կ՛եռայ իր ճակատագրին կամ այլոց ճակատագրին, հայրենիքին, մարդկութեան համար հաւաքական կամքի մը կը մասնակցի, հաւաքական կամքի մը կերտման կը զոհաբերէ իր ժամանակը, թարմութիւնը, արիւնը:
Ուսանողները երկրին վաղուան լուսամիտ տարրերն են` եւ լիբանանցի ուսանողները, հեռու ի յառաջագունէ քաղաքականութիւնն ու կուսակցութիւնը աղէտ համարելու տիրացուական տրամաբանութենէն, իրենց ներկային ու երկրին ապագային մասին կ՛ըսեն ահաւասիկ իրենց խօսքը: Եւ լրջութիւն կայ իրենց խօսքին մէջ եւ շահագրգիռ մարդու անանձնական մտահոգութիւն կայ իրենց խօսքին մէջ: Ընտրական ակօսով յայտնուած լաւ օրինակներ կան իրենց խօսքին մէջ:
Պ. Ս.