Խմբագրական
Աղբիւրը Նոյնն Է.
Ժողովուրդը
Պատմութիւնը կրկնութիւն է իր ընդհանուր, երբեմն ալ մասնակի գիծերուն մէջ: Ամէնէն յատկանշականը մեր պատմութեան մէջ Վարդանանց պատերազմին եւ Փետրուարեան ապստամբութեան նմանութիւնն է: Երկու թուական, անկիւնադարձ կազմող երկու եղելութիւն, որոնք նոյն խորքը ունին, նոյն թելադրանքներով կը ներկայանան հայ մարդուն, անոր հոգին դրսեւորող նոյն պատմական արտայայտութիւնը կը գտնեն, հակառակ որ 1500 տարի զանոնք իրարմէ կը բաժնէ ծնունդ են տարբեր պայմաններու եւ ազդակներու, բայց կը կրեն նոյն ոգին, ունին հոգեկան նոյն պարունակը:
Ու այսպէս, երկար` նմանութեան եզրերու թւումը մեր պատմութեան էջերը փառազարդող այդ երկու թուականներուն միջեւ:
Ի՞նչ է Վարդանանց պատերազմը, եթէ ոչ` հայ հոգիին անկախութիւնը հաստատելու ազգային կամք մը, մեր հոգեկան արժէքները անաղարտ պահելու ցեղային պոռթկում մը, որուն ճակատագիրը սկիզբէն որոշուած ըլլալու իրողութիւնը երբեք արգելք չեղաւ, որ Վարդան եւ իր ուխտակիցները նետուին կռուի դաշտ` «մահ իմացեալ` անմահութիւն» նշանաբանով:
Նոյնը չէ՞ միթէ պարագան Փետրուարեան ապստամբութեան` ընդդէմ հզօր բանակի մը, որ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեամբ գինով` կ՛արշաւէր հարաւ, քեմալական Թուրքիոյ հետ ձեռք ձեռքի, սիրտ սիրտի: Ժողովրդական այդ պոռթկումը, ինչպէս հազար հինգ հարիւր տարի առաջ Տղմուտ գետի ափին մղուած ճակատամարտը, տրամաբանական հաշիւներու չէր հպատակեր գուցէ, բայց կը հպատակէր ցեղային մեր նկարագրին, մեր ինքնութիւնը, մեր դիմագիծը չկորսնցնելու անտեղիտալի հրամայականի մը, որուն առջեւ խոնարհած է միշտ մեր ժողովուրդը, որքան ալ դժնդակ ըլլան պայմանները եւ աննպաստ` դէպքերու ընթացքը:
Հարիւրամեակներէ ի վեր հայ ժողովուրդը ջերմեռանդ հաւատքով կը նշէ Վարդանանց դիւցազնամարտը` լրիւ ըմբռնումովը անոր պատմական նշանակութեան: Նոյն ջերմեռանդութիւնը չի կրնար չունենալ Փետրուարեան ապստամբութեան հանդէպ, որովհետեւ երկուքին աղբիւրն ալ ինքն է, իրմով կը սկսի եւ իրմով կը վերջանայ: Բայց, ինչպէս կ՛երեւի, ժամանակ պէտք է անցնի, որպէսզի պատմական այդ դէպքը աւելի բիւրեղանայ լայն հասարակութեան մտքին մէջ, ինչպէս բիւրեղացած է Աւարայրի ճակատամարտը, որպէսզի համաժողովրդային բնոյթ տրուի ոգեկոչումի մը, որուն պատիւը մարդիկ կ՛ուզեն անպայման տալ կուսակցութեան մը` ՀՅ Դաշնակցութեան, շարժումին ղեկավարութիւնը շփոթելով անոր բուն դերակատարին հետ:
***
Պատմութիւնը ունի իր խորիմաստ վճիռները: Անոր առարկայական դատումը վեր է ամէն տարակոյսէ: Հայաստան ճանչցած է բազմաթիւ յաղթանակներ, հայկական դրօշը բազմիցս ծածանած է ռազմադաշտերու վերեւ, բայց այդ յաղթանակները պարզ յիշատակութեան մը կ՛արժանանան պատմութեան մէջ: Փոխարէնը, Վարդանանց պատերազմը, որ վերջացաւ հայկական բանակին բնաջնջումով, կը ներշնչէ եկող ու գացող բոլոր սերունդները եւ մտած է յաւիտենականութեան սահմաններէն ներս:
Պատճառը շատ յստակ է: Հայ ժողովուրդը Վարդանի մէջ գտած է իր հոգիին, իր խառնուածքին եւ իր ներքին ապրումներուն հարազատ արտայայտիչը: Վարդան ուղղակի կը բխի հայ ժողովուրդի ազատասիրութեան ակունքէն: Հայկի շառաւիղն է ան ու ատով իսկ կը միախառնուի հայկական զտագոյն առասպելներուն եւ ատով իսկ կը խանդավառէ սերունդները:
Բռնակալութեան եւ հոգեկան ստրկացման դէմ Վարդանի դիւցազնական ծառացումը բնազդական է: Ու անսխալական է ժողովուրդին բնազդը: 451 թուականին, երբ հայ ժողովուրդը հազիւ գտած էր իր գոյութիւնը պահպանելու հնարաւորութիւն ընծայող ամուր կռուան մը` հայ գիրը, եւ ատով` ծաղկեցուցած հայ մշակոյթը, բռնակալութիւնը կու գար զայն խլելու իրմէ, հարուածելու հայ հոգին, որուն մահը շուտով պիտի կնքէր դամբարանը հայութեան: Իր խիզախումով Վարդան յաւիտենականութեան կը յանձնէր իր ժողովուրդը: Պարտուած, այլ` յաղթական. պարտուած մարմնով, յաղթական` հոգիով: Հայութեան ապագան կը վճռուէր Աւարայրի ճակատամարտով:
Վարդանանց պատերազմ կը մղենք նաեւ այսօր յիսուն եւ աւելի տարիներէ ի վեր, հեռու` մեր հայրենիքէն: Հայապահպանման նոյն խնդիրները, որոնք 451 թուականին ներկայացած էին հայ ժողովուրդին, կը ներկայացնեն նաեւ այսօր: Դարձեալ վտանգի մէջ է հայ հոգին, Հայաստանէն ներս թէ դուրս: Ներսը` օտար տիրապետութեան մը ենթակայ, դուրսը` ձուլումի սպառնալիքին:
Այն իրողութիւնը, սակայն, որ հայ ժողովուրդը, հակառակ տասնհինգ դար անցած ըլլալուն, իր մէջ վառ կը պահէ Վարդանանց յիշատակը, մեզ կը մղէ հաւատալու, որ հայ հոգին պիտի մնայ անպարտելի: Պիտի շահինք նաեւ ա՛յս ճակատամարտը` Վարդաններու ոգիով եւ անոնց օրինակին ներշնչումով:
