Ազգային Ընդհ. Ժողովը
Փակուեցաւ Երէկ
Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի եւ ատենապետութեամբ Վահէ Սէթեանի, ուրբաթ, 1 նոյեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Անթիլիասի կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Ընդհ. ժողովի Բ. նիստը:
Վեհափառ հօր Տէրունական աղօթքէն ետք կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ նախորդ Ա. նիստի ատենագրութիւնը: Ապա տեղի ունեցաւ բանաձեւի յանձնախումբի ընտրութիւն: Ընտրուեցան` Հրանդ արք. Խաչատուրեան, Միհրան Գիւզէլեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան եւ փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան:
Այնուհետեւ պատգամաւորները լայնօրէն արտայայտուեցան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ ծիսական բարենորոգչական հարցերու շուրջ:
Ժամը 5:30-էն 6:00, կէս ժամ դադարէ ետք, Ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները` ատենապետութեամբ Եդուարդ Սահակեանի:
Ազգային կեդր. վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Գարաօղլանեան կարդաց Ազգային կեդր. վարչութեան Քաղաքական ժողովի յունիս 1965-էն հոկտեմբեր 1968 գործունէութեան տեղեկագիրը:
Ութ գլուխներու բաժնուած ընդարձակ եւ մանրամասն տեղեկագրի ընթերցումէն ետք, որ տեւեց մօտ երկու ժամ, Ժողովը իր նիստը փակեց ժամը 8:30-ին:
Գ. նիստը, նախագահութեամբ վեհափառ հօր եւ ատենապետութեամբ Եդուարդ Սահակեանի, գումարուեցաւ շաբաթ, 2 նոյեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ:
Վեհափառ հօր Տէրունական աղօթքէն ետք կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ նախորդ նիստի ատենագրութիւնը:
Ապա կարդացուեցաւ բանաձեւի յանձնախումբին խմբագրած հետեւեալ բանաձեւը. «Ազգային ընդհ. ժողովը, Ազգային Կեդր. վարչութեան Կրօնական ժողովի գործունէութիւնը կը գտնէ յոյժ գնահատելի, յատկապէս եկեղեցական բարենորոգումներու եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու մէջ: Բանաձեւը վաւերացուեցաւ միաձայնութեամբ:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Ազգային կեդր. վարչութեան Քաղաքական ժողովի գործունէութեան քննութիւնը: Իւրաքանչիւր թեմէ, պատգամաւորներ բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին, որոնց անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները տուին վեհափառ հայրապետը եւ Յակոբ Գարաօղլանեան:
Ընտրելի Կեդր. վարչութեան յառաջիկայ գործունէութեան համար եղան նաեւ թելադրանքներ եւ առաջարկներ, որոնցմէ ետք, բանաձեւի յանձնախումբը խմբագրեց հետեւեալ բանաձեւը. Ազգային ընդհ. ժողովը, յաւելեալ լուսաբանութիւնները լսելէ ետք, յոյժ գնահատելի կը գտնէ Ազգային Կեդր. վարչութեան Քաղաքական ժողովի գործունէութիւնը իր այլազան մարզերուն մէջ: Մասնաւոր շնորհակալութեան խօսք կ՛արձանագրէ շինարար վեհափառ հայրապետին` Խորէն Ա. կաթողիկոսին, որ Կիլիկեան Ս. Աթոռը հասցուց իր այժմու բարգաւաճ վիճակին: Բանաձեւը արժանացաւ ծափահարութիւններու եւ վաւերացուեցաւ միաձայնութեամբ:
Արդարեւ, շնորհիւ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոսի շինարար եւ անխոնջ ջանքերուն` ժողովրդային բնակարաններու աւանը, եկամուտ բերող կալուածները եւ կաթողիկոսարանէն ներս կատարուած շինութիւններն ու բարեզարդումները իրականացան առատաձեռն նուիրատուութիւններովը բարերար ազգայիններու, որոնք սիրով ընդառաջեցին վեհափառ հօր դիմումներուն:
Ժամը 5:30-էն 6:00, կէս ժամ դադարէ ետք, Ժողովը իր աշխատանքները շարունակեց ատենապետութեամբ Վահէ Սէթեանի:
Կաթողիկոսարանի հաշուեքննիչ Ոսկեբերան Արզումանեան կարդաց 1965, 1966, 1967 եւ 1968 տարիներու իրականացած հաշուեկշիռը: Մանրամասն ներկայացուց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մուտքն ու ելքը:
1968-ի ընթացիկ պիւտճէն եղած է 285.800 լ. ոսկի: Նկատի ունենալով կեանքի արդի պայմանները եւ դպրեվանքի կրթական նոր դրութեան պատճառով ճշդուած յաւելեալ պիւտճէն` 1969-ի համար կաթողիկոսարանի ընթացիկ պիւտճէն կը նախատեսուի 305.200 լ. ոսկի:
Ժողովը ոչ միայն վաւերացուց նոր պիւտճէն, այլեւ միաձայնութեամբ քուէարկեց 10% յաւելում` աթոռատուրքերու:
Գ. նիստը փակուեցաւ ժամը 8:30-ին: Նիստի փակումին Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Հրանդ արքեպիսկոպոս, Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանը իրականացնող յանձնախումբի անունով, ժապաւէնազարդ գեղեցիկ ոսկիէ մետալիոն մը նուիրեց վեհափառ հօր:
Դ. նիստը, վեհափառ հօր նախագահութեամբ եւ ատենապետութեամբ Վահէ Սէթեանի, գումարուեցաւ կիրակի, 3 նոյեմբեր, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ: Քննուեցան թեմերէ եկած առաջարկներ եւ չնախատեսուած հարցեր, որոնք գտան իրենց լաւագոյն լուծումը եւ տրուեցան որոշումներ` յօգուտ Կիլիկիոյ Աթոռին եւ թեմերու հոգեւոր, կրթական եւ ազգային կեանքի բարգաւաճման եւ վերածաղկման:
Որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուելէ ետք վաւերացուեցաւ ամերիկահայոց թեմական կանոնագրութիւնը: Որոշուեցաւ նաեւ առանձին ֆոնտ մը հիմնել` անհրաժեշտ պարագային օժանդակելու համար թեմերու կարիքներուն:
Այնուհետեւ միաձայնութեամբ Ազգային կեդր. վարչութեան Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան` Տաճատ արքեպիսկոպոս, Գարեգին եպիսկոպոս, Արսէն ծ. վարդապետ, Ներսէս ծ. վարդապետ, Տաթեւ վարդապետ, Մեսրոպ վարդապետ եւ Բաբգէն վարդապետ:
Գաղտնի քուէարկութեամբ Ազգային կեդր. վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ ընտրուեցան` մեթր Խաչիկ Պապիկեան, փրոֆ. Խոսրով Երամեան, փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեան, տոքթ. Վարդգէս Կիւրեղեան, Ոսկեբերան Արզումանեան, Արամ Ամասեան եւ Պերճ Մսըրլեան:
Ազգային ընդհ. ժողովը փակուեցաւ ժամը 7:45-ին, վեհափառ հօր օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով:
Գէորգ Չաթալպաշեանի Ազգային Բարերար
Հռչակման Կոնդակի Ընթերցումը
Կիրակի, 3 նոյեմբեր, կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս պատարագեց Հիւսիսային Ամերիկայի հայոց առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեանը:
Ներկայ էին Ազգային ընդհ. ժողովի պատգամաւորները: Հոծ բազմութիւն մը հաւատացեալներու լեցուցած էր եկեղեցին ու բակը:
«Հայր Մեր»-է առաջ, պատշաճ արարողութեամբ, յունահայոց առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեանը կարդաց կաթողիկոսարանի նորակառոյց վեհարանի բարերար տէր եւ տիկ. Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեաններուն ուղղեալ օրհնութեան, գնահատանքի եւ ազգային բարերար հռչակման հայրապետական սրբատառ կոնդակը:
Յաւարտ ս. պատարագի, նախագահութեամբ վեհափառ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն` ազգային բարերար տէր եւ տիկ. Գէորգ Չաթալպաշեաններու ծնողներու հոգիներուն համար:
Այնուհետեւ թափօրով վեհափառն ու պատարագիչ սրբազանը առաջնորդուեցան վեհարան, ուր վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ազգային բարերար տէր եւ տիկ. Գէորգ Չաթալպաշեաններուն: Խմբերգուեցան վեհափառ հօր նուիրուած մաղթերգն ու «Կիլիկիա» երգերը:
Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ շնորհաւորութիւն: Հաւատացեալներ ազատօրէն շրջեցան եւ տեսան նորակառոյց վեհարանը:
Ճաշկերոյթ`
Ի Պատիւ Պատգամաւորներուն
Կիրակի, 3 նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:30-ին պանդոկ «Պրիսթոլ»-ի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Ազգային ընդհ. ժողովի պատգամաւորներուն: Ճաշկերոյթի ընթացքին վեհափառ հայրապետը «Կիլիկեան մեծ խաչ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց ազգային բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանը եւ ոսկիէ թանկագին յուշանուէր մը տուաւ Արշակուհի Չաթալպաշեանին:
 
			