Ինչո՞ւ Չեն Կարդար
«Հունձք»-ը արդիւնք մըն է. հերկի, վարուցանի, մշակման եւ ուշադիր աշխատանքի կարօտ. նաեւ ու մանաւանդ` ջուրի եւ արեւու:
Այս քրտինքէն, գուրգուրանքէն եւ աճման յատուկ տուեալներէն առաջ, սակայն, հունձք ունենալու համար ենթահող պիտի ունենաս. ակօսելի, պեղելի, ձեռնտու հող: Եւ հիմնականը` մշակ:
Գրական հունձքի մը գաղափարը հետեւաբար կապուած է մէկէ աւելի տուեալներու: Ու մենք դասախօսելու նպատակ չունինք` պարզելու համար, թէ ի՛նչ հող ունի արտասահմանի հայութիւնը` իբրեւ տարածութիւն թէ որակ, որպէսզի կարենանք նաեւ բացատրել, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ մեր հունձքը կրնայ ըլլալ այն միայն, զոր մեր մշակները կ՛ընծայեն մեզի, եւ որուն մասին մեր ժողովուրդը սկսած է հազի՜ւ աղօտ գաղափար մը միայն ունենալ, չըսելու համար` մոռնալ կամ ուրանալ:
Տարբեր առիթներով ու տարբեր տեղ այս մասին հանգամանօրէն խօսողներ կան արդէն: Օրաթերթը չ՛արտօներ անհրաժեշտ ծաւալումով այս կարգի հարցեր ներկայացնելու:
Պիտի ըսենք ու անցնինք այն յոյսով, որ հպանցիկ կերպով գրուածն ալ ընդհանուր գաղափար մը կրնայ տալ մեր երգերուն ու վէրքերուն մասին:
Արդ, անկախաբար հայրենիքէն, ուր մեր գրականութիւնը իր բնական շրջադարձերը կ՛ապրի, ու յատկապէս որոնումի, պրպտումի եւ պատմագրական ծաւալումի կարօտ աշխատանքները անհամեմատ որակի եւ քանակի կը հասնին, հայկական արտասահմանը եւս գրական որոշ կենդանութեան մը փաստերը կու տայ` անհատ գրողներու յամառ կառչումովը ստեղծագործական իրենց մղումներուն ու կարելիութեանց, եւ` այն քանի մը պարբերականներով, որոնք ցամաքումի եւ լճացման վտանգը հեռացնելու համար յանձնառու կ՛ըլլան ծրագրուած կամ պարագայական ճիգերու: Չենք յիշատակեր հոս ու հոն կազմակերպուած մտքի երեկոներ, դասախօսութիւններ, օրաթերթային ճամբով գրական «համեմ» ստեղծելու փորձեր եւ այլն, որոնք ինքնին դրական նպաստներ են անտարակոյս, եւ որոնք, սակայն, փրկութեան բաւարար լաստեր չեն կրնար ըլլալ:
Իբրեւ հիմնական ճշմարտութիւն` պէտք է ընդգծել նախ, որ հայկական արտասահմանը իբրեւ հայութեան տարասփիւռ համրանք` հայ գրականութեան ծարաւը չունի: Մենք մասնաւոր խրտչում մը ունինք ինքնախաբէութենէ, ու այդ զգուշաւորութեան ճամբով ալ փորձած ենք մօտաւորապէս ստուգել, թէ ի՛նչ համեմատութիւն կը ներկայացնէ հայ գրականութեան հետեւորդ մարդոց թիւը. եւ եթէ այդ համեմատութիւնը իսկապէս այն է, ինչ որ մենք կը կարծենք, ինչո՞ւ աւելին չէ. արդար պիտի ըլլա՞յ ուրեմն հաւատալ, որ հայը պաշտամունք ունի իր մտաւոր եւ հոգեկան վաստակին հանդէպ:
Արդ, խօսելով գրականութեան եւ գրական գործերու հետեւորդ «ընթերցող հասարակութեան» մը մասին, իբրեւ իրատեսական եզրակացութիւն` պիտի ուզենք յայտնել, որ 2 առ հարիւրէն աւելի չէ այդ համեմատութիւնը: Հարիւր հայ մարդոց մէջ 2 հոգի միայն իսկապէս կը հետաքրքրուի հայ գրականութեան «որպիսութեամբ», կը ջանայ հետեւիլ մեր գրականութեան ու գրողներու գործերուն, ու չի վարանիր փնտռելու, գտնելու եւ գնելու այն, ինչ որ կը մատուցուի հանրութեան:
Մնացեալ 98 առ հարիւրին 60 առ հարիւրը գրքի ու թերթի հանդէպ անտարբերներն են, հայ կեանքի առօրեայո՜վ ապրողները, որոնց տուներէն ներս ոչ միայն հայերէն, այլեւ օտար լեզուներով թերթ եւ գիրք չի մտներ: Ասոնց մեծ մասը գրե՛լ ալ գիտէ, կարդա՛լ ալ. սակայն կամ չ՛ուզեր կարդալ եւ կա՛մ չկարդալու տարբեր պատճառներ ունի: Ժամ կ՛երթայ, ասկէ՜ անկէ կը լսէ մեր մասին, ձայնասփիւռի կամ հեռապատկերի կոճակն ալ կը բանայ, ներկայ կ՛ըլլայ հանդէսներու, ձեռնարկներու. չի զլանար նաեւ իր աջակցութիւնը սրտի ու հոգիի գործերու, սակայն թերթ ու գիրք կարդալու սիրտ չունի: 10 առ հարիւրը ոչ միայն թերթերու եւ գրքերու, այլեւ հայութեան կռնակ տուած է: Հայ ծնած` իբրեւ օտար կամ սոսկական մարդ կ՛ապրին: Կա՛մ ձուլուած են իրենց շրջապատին մէջ եւ կա՛մ «կորսուած» են ազգութեան իրենց նկարագրով: 24 առ հարիւրը օտար թերթեր եւ գիրքեր կը կարդայ: Մեծ մասով 16-45 տարեկաններ: Կա՛մ իմաստ չեն գտներ հայկական հրատարակութեանց մէջ, կա՛մ մեծամտութեան բարդոյթէ կը տառապին, կա՛մ հայերէն չեն գիտեր, կա՛մ ժամանակ չունին թէ՛ օտարը եւ թէ՛ հայերէնը կարդալու, եւ կամ իրենց մասնագիտութեան հետ կապ ունեցող թերթ ու գիրք միայն կը կարդան: Մնացեալ 14 առ հարիւր համեմատութիւնն է, որ կը կազմէ հայ թերթերու ընթերցող հասարակութեան թիւը:
Գիտական ճշմարտութիւն մը չէ, որ կը հրատարակենք. մօտաւոր համեմատութիւն մըն է եւ հայութեան ընդհանուր թիւին վրայ ճշդուած պատկեր մըն է: Եթէ մէկուկէս միլիոն հայեր կ՛ապրին, հայկական արտասահմանի մէջ, մօտաւորապէս 300 հազար հայ ընտանիք, երեխաներու եւ մանուկներու թիւը զեղչելէ ետք, այս համեմատութիւնը ձեռք կը բերենք: Գաղութներ կան, ուր այս համեմատութիւնները կ՛աւելնան կամ կը պակսին, սակայն հայկական արտասահմանի ընդհանուր պատկերին վրայ թիւերը գրեթէ կը համապատասխանեն չոր իրականութեան:
Ինչո՞ւ չեն կարդար. կամ յատկապէս` ինչո՞ւ հայ գրական կեանքը եւ վաստակը աւելի թիւով ընթերցողներ չունին: Պատճառները, ճակատագրական կամ հետեւանք` անտարբերութեան եւ ուծացման, մէկ կամ երկուք չեն: Ո՛չ ալ հայութեան միայն յատուկ են: Դարուն ցաւն ալ կայ այս անմխիթարական կացութեան մէջ, քաղաքակրթութեան չարիքն ալ կայ, գրականութեան ու գրքին մօտենալու ըմբռնումներն ալ կան, հեւասպառ վազքի անդրադարձումն ալ կայ:
Տարբեր խօսքով, գրական հունձքի նախապայմաններէն ենթահողը կը պակսի: Հոսկէ հոնկէ ձայնե՜ր կրնան բարձրանալ, որ այս ճշմարտութիւնը, վիճելի կամ անհերքելի, պատճառ պէտք չէ ըլլայ հայ գրողին ու հայ գրականութեան անձկութեան: Մենք այդ հաւատքին չենք ծառայեր: Եւ կ՛ուզենք աւելցնել անմիջապէս, որ ենթահողը աննպաստ է նաեւ բացասական տարբեր տուեալներով: Կեանքի մեր բոլոր մարզերուն մէջ ալ տեղատուութիւն կ՛արձանագրեն` հոգին, հոգեկան պահանջները, ազգային հետաքրքրութիւնները, ոգին, հանրային մթնոլորտը եւ հաւաքական այլ վիճակներ: Կը բարձրանայ ապրուստի մակարդակը, նիւթական բարօրութիւնը կ՛աւելնայ, տեղ տեղ կը հասնի նոյնիսկ փայլուն աստիճանաչափերու: Մարդիկ ամէ՜ն բանի կը հասնին, սակայն «լուսանցքի վրայ» կը մնան, երբ հարցը կու գայ հայ, ազգային, ներքին շօշափելի հետաքրքրութեան:
Մ. ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ
