Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Հոկտեմբեր 1968)

Հոկտեմբեր 20, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հրաշալի Լուր Մը…

Հայաստանի անցուդարձերուն անխառն տրամադրութեամբ հետեւող մարդուն համար նոր օրերը անցնող տասնամեակներուն մռայլ գոյները չունին: Նոր օրերը անհամեմատելիօրէն պայծառ են, ոգեւորող:

Հայաստանի մէջ նշմարուած բարեփոխութիւններուն զուգահեռաբար` ուրախալի է ընդգծել նաեւ ներքին բարեշրջումը ուղեկից խաւին: Հայաստանի ժողովուրդին ապրած ամէնէն դաժան օրերուն իսկ հարսանեկան տրամադրութեամբ շնչող ու դաժանները օրհնաբանող ծառայամիտներու այդ հաւաքականութիւնը որոշ չափով որոշապէս բուժուած կը թուի այսօր, հայութիւնը աւելի կշիռ ստացած է իր մօտ, քան` ստրկահաճութիւնը, ու ատիկա ուրախութեան պզտիկ աղբիւր մը չէ մեզի համար:

Հոն սկսած եւ դէպի արտասահման ծաւալած զարթօնքի այս շունչը առաջին անգամ զգալի եղաւ «գրին գտիչ, կաղապարիչ մեծ Մաշտոցի» ծննդեան 1600-ամեակին: Անկէ ետք, յաջորդաբար ու միշտ մայր հայրենիքին նախաձեռնութեամբ, մեր ժողովուրդը ապրեցաւ սիրտ լեցնող ու արիւն թարմացնող անփոխարինելի յուզումներ` Սայաթ Նովայի համատարած փառքին հետ, Ապրիլեան զոհերուն ու Սարդարապատի հերոսներուն յիշատակներով:

Ի փառս Սարդարապատի հերոսներուն բարձրացուած կոթողէն ետք, այս տարի, Հայաստանի իշխանութիւնները հաւաքական ոգեւորութեան, հպարտութեա՛ն առիթ մը եւս ստեղծեցին` բովանդակ հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով Երեւանի հիմնադրութեան 2750-ամեակին վրայ:

Ամիսներէ ի վեր պատրաստութիւններ կը տեսնուին այդ ուղղութեամբ, գործի վրայ են հանդիսութիւններու կազմակերպիչները, պատմաբանները, արուեստագէտները, որոնք չտեսնուած թափով, ապրումով ու լարումով կը տքնին, յոբելենական այդ թուականին նոր որակ ու տարողութիւն տալու վսեմ առաջադրութեամբ մը:

Ահաւասիկ` կուրծք ուռեցնող, կո՛ւրծք պայթեցնող գործադրելի յայտագրի մը շռնդալից մէկ լուրը.

«Երեւանի 2750-ամեակի տօնակատարութեանց առիթով հանդէս պիտի գայ 2750 սիրող ու արուեստավարժ երգիչներէ կազմուած երգչախումբ մը, որ ելոյթ պիտի ունենայ Յաղթանակի այգիին մէջ»:

Լուր մը, որ շատ բան կ՛ըսէ, կը վկայէ շատ բանի մասին, տուն կու տայ հազար ենթադրութիւններու` աննախընթաց, հրաշալի, հրաշափառ լուր… որ բանաստեղծութիւն է ինքնին, կեա՛նք, չմոռցուող ու տարածուող քաղցրագոյն երգ:

Պ. Ս.

Յունաստան

Գոքինիոյ «Զաւարեան»
Ընթերցասրահ-Ակումբի Բացումը

Հոկտեմբեր 13-ին, տեղի ունեցած է Գոքինիոյ «Զաւարեան» սրահի նոր, արդիական եւ տպաւորիչ ընթերցասրահ – ակումբի պաշտօնական բացումը:

Ներկայ եղած են ազգային իշխանութեանց, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նախագահած է Յարութիւն Մխիկեան:

Բանախօսած են Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ներսէս Յակոբեան, ՀԿ  Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարի Վարժապետեան եւ Երիտ. Միութեան ԿԵդր. վարչութեան գործավար Աբրահամ Յարութիւնեան:

Տօնական օր մը եղած է «Զաւարեան»-ի անդամ երիտասարդներուն համար:

Ստեղծուած խանդավառութեան մէջ եղած են սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Հանդէսը փակուած է «Յառաջ նահատակ»-ի յոտնկայս խմբերգումով:

Յարգանքի Այց
Արամ Հայկազին

Պոսթընի մեր «Հայրենիք»-էն կ՛իմանանք, թէ Մոնրէալէն եւ Պոսթընէն երիտասարդներու խումբ մը, յարգանքի մասնաւոր այցելութիւն մը տուած է 13 հոկտեմբերի կիրակի օր, յայտնի գրագէտ Արամ Հայկազին` անոր փոխանցելու համար անձնապէս իրենց, ինչպէս նաեւ հայ երիտասարդութեան զգացումները:

Արամ Հայկազ յուզումով ընդունած է խումբը եւ իր շնորհակալութիւնները յայտնած` բոլորին:

Հայաստանի Հանրապետութեան
Յիսնամեակի Հանդէսը Թորոնթոյի Մէջ

12 հոկտեմբերի շաբաթ օր, երեկոյեան, մեծահանդէս տօնակատարութեամբ եւ միջազգային մեծ բազմութեան մը ներկայութեան կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 50-ամեակի ոգեկոչումը:

Ճաշկերոյթին թէ օրուան յայտագրի գործադրութեան ներկայ եղած են Օնթարիոյի եւ քանատական այլ շրջաններու պետական, կառավարական ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական դէմքեր, մօտ 50 հոգի: Քանատայի վարչապետ Թրուտօ հեռագրով ողջունած է Ազատ Հայաստանի Հանրապետութեան 50-ամեակը եւ մաղթանքներ ըրած: Անձամբ ներկայ եղած ու խօսած են Թորոնթոյի երեսփոխաններէն Ուետի հետ, նախարար Ուէլշ, Օնթարիոյի խորհրդարանի ատենապետ պր. Ալէն Թուտըր:

Օրուան գլխաւոր ատենախօսը եղած է ընկ. տոքթ. Անդրանիկ Վարժապետեան:

Օնթարիոյի վարչապետ Ճան Ռովար, իր անձնական ներկայութեամբ պատուած է հանդիսութիւնը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ծանօ՞թ Ես Մանկաներուն (Ա. Մաս)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?