42-ի Դէմ 50 Ձայնով Եւ 4 Ձեռնպահութեամբ
Համատէ Նախագահ
Նախկին Նախագահը` Ասաատ Կորսնցուց
8 Ձայն (3 Բացակայ Եւ 5 «Դժգոհ»)
Լիբանանեան խորհրդարանը երէկ ընտրեց իր նոր նախագահը: Հերմելի երեսփոխան Սապրի Համատէ, որ «Նահժ»-ի թեկնածուն էր, պարտութեան մատնեց իր աներձագը` հարաւային Լիբանանի երեսփոխան Քամել Ասաատը` 42 ձայնի դէմ 50 ձայնով: Նիստին ներկայ եղան 96 երեսփոխաններ, իսկ չորս հայ երեսփոխանները մնացին ձեռնպահ` համաձայն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին որոշման:
Առաւօտեան ժամը 10:40-ին վարչապետ Ապտալլա Եաֆի գնաց խորհրդարանի երիցագոյն անդամ Մովսէս Տէր Գալուստեանի բնակարանը, ուր տասը վայրկեան մնալէ ետք զայն առաջնորդեց ՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատը, որ առժամապէս խորհրդարանի վերածուած է:
Պալատին շուրջ հսկողութիւնը շատ խիստ էր: Հարիւրաւոր ոստիկաններ եւ ոստիկան-զինուորներ պահակ դրուած էին:
Նիստը բացուեցաւ ժամը 11:30-ին, Մովսէս Տէր Գալուստեանի կողմէ, որ այս առթիւ արտասանեց աւուր պատշաճի բովանդակալից ճառ մը:
Մովսէս Տէր Գալուստեանի Ճառը
Յարգելի՛ երեսփոխաններ,
Ուրախ եմ այս երկրորդ նստաշրջանին առիթով ձեզի ներկայացնելու յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներ` մեր բոլոր աշխատանքներուն համար:
Ներկայ նստաշրջանին մեզի կը ներկայանան շատ կարեւոր առաջադրութիւններ, զորս պէտք է իրագործենք խղճամիտ աշխատանքով:
Պէտք է կազմակերպենք մեր երկրին տնտեսութիւնը եւ աշխատինք աշխուժացնել արտածումները` նոր շուկաներ գտնելով մեր զանազան արտադրութեանց սպառումին համար:
Պէտք է քաջալերենք զբօսաշրջութիւնը եւ աշխատանք տանինք` ընդունելու մեծ թիւով այցելուներ մեր երկիրը, որ հարուստ է բնական գեղեցկութիւններով եւ փառահեղ հնութիւններով:
Հոգածու պէտք է ըլլանք բարելաւելու համար գիւղերուն վիճակը եւ բարձրացնելու` անոնց ընկերային ու տնտեսական մակարդակը, որպէսզի անոնց բնակիչները գիւղերը լքելով` քաղաք չխուժեն:
Պէտք է թափ տանք ժողովրդային բնակարաններու շինութեան` օգնելու համար մեր ժողովուրդի համեստ դասակարգին:
Գործենք միշտ հաւասարութեան եւ արդարութեան սկզբունքներով եւ տանք իւրաքանչիւր համայնքին եւ իւրաքանչիւր շրջանին լրիւ իրաւունքները, որպէսզի անոնցմէ որեւէ մէկը զրկուած չմնայ:
Մեր քաջարի բանակին պէտք է տանք ամէն կարելիութիւն, որպէսզի ան ըլլայ ամուր պարիսպ մը եւ անխորտակելի վահան մը` մեր սիրելի հայրենիքին պաշտպանութեան համար:
Պէտք է սերտ յարաբերութիւն ունենանք բոլոր արաբ երկիրներուն հետ` եղբայրական փոխադարձ բարեացակամութեամբ: Այսպէս կը պահանջեն բոլորիս շահերը, այդպէս կը պահանջէ նաեւ դժբախտ Պաղեստինի արաբական իրաւունքներուն յաղթանակը ապահովելու մեր պարտականութիւնը:
Յարգելի՛ պաշտօնակիցներ,
Կատարելապէս վստահ եմ, որ պիտի յաղթահարենք ամէն դժուարութիւն եւ ամէն բարդութիւն` աշխատելով իրերհասկացողութեան եւ համագործակցութեան անկեղծ ոգիով:
Լիբանան` երկիր անյիշաչարութեան եւ ազատութեան, այսօր կոչ կ՛ընէ մեզի, որ ըլլանք ուժեղ եւ տոկուն ամբողջութիւն մը` ի սպաս դնելով մեր բոլոր կարողութիւնները մեր ժողովուրդին երջանկութեան եւ մեր հայրենիքին փառքին համար:
Կեցցէ՛ յաւիտենական Լիբանանը եւ կեցցէ նախագահ Շարլ Հելուն:
Անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ քուէարկութիւնը: Երբ Համատէի ձայները հասան 47-ի, Հերմելի երեսփոխանին կողմնակիցները օդը թնդացուցին ծափահարութիւններով:
Երբ քուէահամարը վերջ գտաւ Համատէի փայլուն յաղթանակով (ոչ ոք 8 ձայնի տարբերութիւն կը նախատեսէր), Մովսէս Տէր Գալուստեան հանդիսաւորապէս յայտարարեց Սապրի Համատէի ընտրութիւնը եւ զայն հրաւիրեց` գրաւելու իր աթոռը:
Բեմ բարձրանալէ առաջ պր. Համատէ դարձաւ Քամել Ասաատի կողմը եւ զայն բարեւեց ձեռքի լայն շարժումով մը: Քամել Ասաատ ելաւ իր աթոռէն եւ քաղաքավարօրէն պատասխանեց բարեւին:
Ապա, բեմ ելլելով, Համատէ արտասանեց իր ճառը` շնորհակալութիւն յայտնելով իր պաշտօնակիցներուն այն վստահութեան համար, որուն արժանացուցին զինքը: